ԳլխաւորԼրահոս

«Համազգային»-ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի 47-րդ Ներկայացուցչական Ժողով Ուաշինկթընի Մէջ

 

«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Շրջանի 47-րդ Ներկայացուցչական երկամեայ Ժողովը գումարուեցաւ 3-4 Մայիսին, Ուաշինկթընի  Հայ Դատի գրասենեակին մէջ։ Առաջին հերթին, ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Յասմիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ մասնաճիւղին եւ յաջողութիւն մաղթեց ժողովին։

Մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու կողքին, Ժողովին ներկայ էին հետեւեալ հրաւիրեալները՝ «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արեւիկ Գաբրիէլեան, Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան, Հ․Ե․Դ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Լորի Սամուէլեան։

Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան իր խորին շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան իրենց անխախտ ծառայութեան համար։ Ան աւելցուց հակառակ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու Արեւելեան շրջանը հաստատուն կը կառչի իր նուիրումին եւ կը պահպանէ լեզուն, մշակոյթն ու ինքնութիւնը։

Ժողովը բարձր գնահատեց ընթացաւարտ վարչութեան տարած աշխատանքներն ու ծառայութիւնը, նաեւ ոգեւորութեամբ ընդունեց մշակուած նոր ծրագիրները, որ կը միտի վառ պահել միութեան առաքելութիւնը Արեւելեան Շրջանին մէջ։ Ներկայացուցիչները՝ աւելի եւս շեշտեցին երիտասարդներու ներմուծումի անհրաժեշտութիւնը «Համազգային»-ի շարքերէն ներս եւ հաստատեցին՝ բոլոր տարիքային խմբաւորումներու հետ մշակութային եւ կրթական միջոցառումներ մշակելու կարեւորութիւնը։ Ժողովը նաեւ ընդգծեց համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը մասնաճիւղերու եւ քոյր կազմակերպութիւններու միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթահարել մարդուժի պակասը եւ միացեալ ճակատով հասնիլ ցանկացուած նպատակին։

Ժողովականները Շաբաթ երեկոյեան ներկայ գտնուեցան Հ․Ե․Դ.-ի  Ուաշինկթընի «Անի» մասնաճիւղի երէց֊ներու կազմակերպած պարահանդէսին, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Հ․Ե․Դ․-ի Կրտսեր֊ներու ճամբարին։ Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Ուաշինկթընի «Համազգային»-ի «Վան» պարախումբէն Նայիրի Յակոբեան, որ կատարեց «Սարերի Հովին Մեռնեմ» պարը։ Նայիրին անդամ է  Հ․Ե․Դ․ պատանեկան մասնաճիւղին։

Խօսք առնելով «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արեւիկ Գաբրիէլեան՝ իր սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան, իր տարած անշահախնդիր ծառայութեան եւ ազգապահպանման գործունէութեան։ Ան անհուն ոգեւորութեամբ ողջունեց Ուաշինկթընի մասնաճիւղին վերածնունդը եւ անոր արագօրէն ուռճացող մշակութային կեանքը։ Արեւիկ շեշտեց երիտասարդներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը, որ կ՝երաշխաւորէ Հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան գոյատեւումը Սփիւռքի մէջ։

Մասնաճիւղերու միամեայ տեղեկագրերու ներկայացումէն վերջ տեղի ունեցաւ նոր Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւնը, որուն կազմն է հետեւեալը․ Յասմիկ Աբրահամեան [Նիւ Ճըրզի]` ատենապետուհի, Քարի Ղազարեան [Ֆիլատելֆիա]` փոխ ատենապետուհի, Հուրի Սամուէլեան [Նիւ Ճըրզի]` գանձապահ, Տիգրան Թոքմաքճեան [Շիքակօ]` ատենադպիր, Ընկհ․ Մարուշ Բանիեան Նայկան [Ֆիլատեիֆիա]՝ թղթակցութեանց քարտուղար, Ալին Պաղտասարեան [Ուաշինկթըն]` խորհրդատու, Թերեզա Երեմյան [Ուաշինկթըն]`խորհրդատու։

Անցեալ տարիներու նման ժողովը եղաւ կենսունակ եւ ոգեւորիչ, ներկաները կրցան ազատօրէն արտայայտել իրենց գաղափարները եւ քննարկել ծրագիրները ընկերային մթնոլորտի մէջ։ Ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու նուիրուածութիւնը երաշխաւորեց 47-րդ Ներկայացուցչական ժողովի յաջողութիւնը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button