Փաշինեան Այլ Ապակողմնորոշող Հարցազրոյց Մը Տուաւ. Ան Չի Կրնար Բերանը Փակ Պահել
Յարութ Սասունեան
Իւրաքանչիւր հարցազրոյց տալուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անտեղի բան մը կ՛ըսէ։ Անոր մտերիմ խորհրդականներէն մէկը պէտք է անոր թելադրէ պարզապէս լուռ մնալ։
Չեմ ուզեր ընթերցողները ձանձրացնել Փաշինեանի շարունակական բացասական յայտարարութիւններով, սակայն կը կարծեմ, թէ անոր խօսքերն ու գործողութիւնները պէտք չէ անարձագանգ մնան:
2025 թուականի Մարտ 21-ին Փաշինեան 45 վայրկեան տեւած հարցազրոյց տուաւ այս անգամ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան՝ հարկատուներու կողմէ ֆինանսաւորուող լրատուամիջոցին, զոր վարչապետը կ՛օգտագործէ իբրեւ իր քարոզչութեան գործիք: Անգամ մը եւս ան կրկնեց իր սովորական անհիմն յայտարարութիւնները: Այնուամենայնիւ, կ՛ուզեմ դրուատիքի խօսք ուղղել լրագրող Տաթեւ Դանիէլեանին` Փաշինեանը հարցաքննելու իր յամառ ճիգերուն համար:
Փաշինեան կրկին յոխորտաց, որ իր սիրելի խաղաղութեան համաձայնագիրը ամբողջական է եւ ընդունուած է երկու կողմերէն ալ, հակառակ անոր որ Ատրպէյճան կը մերժէ ստորագրել զայն՝ Հայաստանէն պահանջելով անվերջանալի զիջումներ, ինչպէս՝ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարել, 300 հազար Ատրպէյճանցիներ վերաբնակեցնել Հայաստանի մէջ, վերջերս Հայաստանի կողմէ ձեռք բերուած զէնքէն ձերբազատիլ, այսպէս կոչուած՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բանալ եւ այլն։
Խաղաղութեան համաձայնագիրը, զոր վարչապետը անդադար յառաջ կը քշէ, ոչինչ է, բացի միակողմանի յանձնուողականուենէ: Փոխանակ բացատրելու, որ 2020 թուականի պատերազմին Հայաստանի ջախջախիչ պարտութիւնը իրեն այլընտրանք չձգեց՝ բացի Ատրպէյճանին զիջումներ կատարելէ, Փաշինեան այս պարտուողական փաստաթուղթը կը ներկայացնէ իբրեւ մեծ նուաճում մը: Ասիկա այն նոյն անձն է, որ 2018 թուականին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ մեծ բազմութեան առջեւ կանգնած՝ կը խոստանար ոչ մէկ համաձայնագիր ստորագրել առանց նախապէս անոնց համաձայնութիւնը ստանալու: Այժմ ան պատրաստ է ստորագրել փաստաթուղթ մը, որուն բովանդակութիւնը գաղտնի կը պահուի: Խաղաղութեան համաձայնագիրը Ալիեւի համար թուղթի անարժէք կտոր մըն է, որ զայն պիտի չզսպէ Հայաստանի վրայ ապագայ յարձակումներէն:
Մինչ Ատրպէյճան պարբերաբար կը սպառնայ Հայաստանին` զայն անուանելով «Արեւմտեան Ատրպէյճան», Փաշինեան լրջօրէն կը պնդէ, որ երբ խաղաղութիւն հաստատուի, Հայաստան պիտի ձերբազատի Եւրոպական Միութեան դիտորդներէն, որովհետեւ այլեւս անոնց կարիք պիտի չըլլայ։
Փաշինեան նոյնիսկ առաջարկեց, որ ինք կրնայ միակողմանի ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը` առանց սպասելու Ատրպէյճանի ստորագրութեան, միեւնոյն ատեն ալ խոստովանելով, որ չի գիտեր՝ «մարդկութեան պատմութեան մէջ նման նախընթաց եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ»:
Միակ ճիշդ յայտարարութիւնը, զոր Փաշինեան կատարեց իր ծաւալուն հարցազրոյցին ընթացքին` 300 հազար Ատրպէյճանցիներու վերաբնակեցման մերժումն էր Հայաստանի մէջ, զոր նախագահ Ալիեւ կոչեց «Արեւմտեան Ատրպէյճան»: Սակայն, նկատի ունենալով Փաշինեանի մնայուն հակասական յայտարարութիւնները, ոչ ոք կրնայ վստահ ըլլալ, որ ան հաւատարիմ պիտի մնայ իր խօսքին այս կամ որեւէ այլ հարցի պարագային:
Փաշինեան անգամ մը եւս պնդեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պայմանաւորուած են՝ «ճանչնալ իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, չունենալ տարածքային պահանջներ իրարու նկատմամբ եւ պարտաւորուած են ապագային ալ նման տարածքային պահանջներ չառաջադրել»: Ասիկա ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրականութեան: Փաստն այն է, թէ, հակառակ անոր որ Փաշինեան ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, Ալիեւ տակաւին չէ ընդունած Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Հանրային հեռուստաընկերութեան թղթակիցը Փաշինեանին հարցուց՝ ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ խաղաղութեան, երբ կողմերէն մէկը խաղաղութիւն չ՛ուզեր եւ կը շարունակէ զիջումներ պահանջել: Մինչեւ ո՞ւր զիջիլ: Փաշինեան անհաւատալիօրէն արձագանգեց. «Ի՞նչն ենք զիջել»:
Փաշինեան յամառօրէն անտեսեց այն բազում հսկայական զիջումներ, զորս ան կատարած է Ատրպէյճանին, ներառեալ՝ Արցախի յանձնումը, 2021 թուականէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ հատուածներու գրաւումը Ատրպէյճանի կողմէ, մինչդեռ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ ոչ մէկ քայլի պիտի ձեռնարկէ Ատրպէյճանական զօրքերը դուրս մղելու համար, Մինսքի խումբի լուծարումը, Եւրոպական Միութեան դիտորդներու հեռացումը Հայաստանի սահմաններէն` յայտարարելով. «Մենք կարող ենք [եւրոպական] դիտորդներուն այլեւս նեղութիւն չտալ», Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, միաժամանակ խոստովանելով, որ Ատրպէյճանի սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ կը բովանդակէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ, Փաշինեանի յայտարարութեամբ, թէ ինք չի պահանջեր, որ Ատրպէյճան փոխէ իր սահմանադրութիւնը, Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուած միջազգային իրաւական դատերու յետս կոչումը, որ պատճառ դարձաւ միջազգային դատարաններուն մէջ Հայաստանը ներկայացնող փաստաբանի հրաժարականին, հազարաւոր հայ զինուորներու եւ հազարաւոր վիրաւորներու կորուստը, ոչինչի ձեռնարկելը Պաքուի բանտին մէջ կալանաւորուած հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման համար, ուր անոնք կ՛ենթարկուին խոշտանգումներու եւ շինծու դատավարութեան, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին աջակցելէ հրաժարիլը եւ յառաջիկայ շատ այլ զիջումներ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ պիտի երաշխաւորէ խաղաղութեան համաձայնագիրը, Փաշինեան ըսաւ՝ ոչ ոք, «խաղաղութիւնն է երաշխաւորը»: Չափազանց մտահոգիչ է, որ Հայաստանի վարչապետը նման միամիտ յայտարարութիւններ կը կատարէ:
Մինչ այդ Ատրպէյճանի դաժան բռնապետ Ալիեւը կը շարունակէ իր ատելութեան հռետորաբանութիւնը` Հայաստանը կոչելով «ֆաշական պետութիւն»։ Արդարեւ, 27 մարտին Ակնայի մէջ իր 15 վայրկեան տեւած ելոյթին ընթացքին Ալիեւ 11 անգամ օգտագործեց «թշնամիներ» բառը` նկարագրելով հայերը, առանց մէկ անգամ իսկ յիշատակելու խաղաղութիւնը: 2024 թուականին Ալիեւ հայերը կոչած է «շնագայլեր», «արիւնարբու թշնամիներ» եւ «վանտալներ»: Ասոնք ոչ թէ խաղաղութեամբ հետաքրքրուած մարդու խօսքեր են, այլ՝ պատերազմ հրահրող արտայայտութիւններ։