Լրահոս

Տեսակցութիւն՝ Ֆրանսուա Հոլլանտ – Իշխան Սաղաթէլեան

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ հանդիպած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու, Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած անվտանգութեան միջավայրի, շրջանային քաղաքական զարգացումներու, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի ներկայ հանգրուանի վերաբերեալ:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հանրային կապերու գրասենեակը յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելով, կը տեղեկացնէ, որ Իշխան Սաղաթէլեան Ֆրանսուա Հոլլանտին ներկայացուցած է Հ․Յ․ Դաշնակցութեան մօտեցումները յիշեալ հարցերուն վերաբերեալ:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը առանձնակի կարեւորութեամբ նշած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու, որոնց շարքին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակման եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման գործին մէջ միջազգային զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button