Լրահոս

Աթէնքի Մէջ «Հայկազեան» Համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի Նշում

2025 թուականը Պէյրութի «Հայկազեան» Համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակն է: Այս առիթով,  Կիրակի, Ապրիլ 6-ի առաւօտեան,  Յունաստանի  Գոգինիոյ (Աթէնք) Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական յատուկ պաշտամունք «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտօսթեանի եւ Առեւտրական եւ Վարչագիտութեան  կաճառի պատասխանատու դոկտ. Ֆատի Ասրաուիի ներկայութեամբ։

Պաշտամունքը, որ  առաջնորդեց  տեղւոյն հովիւ  վերապատուելի Վիգէն Չոլագեանը, կ’ընդգրկէր փառաբանութեան երգեր, կանանց քառեակի կատարում, ընթերցումներ եւ աղօթքներ։ Վերապատուելի Հայտօսթեան  մատուցեց հովուական աղօթքը, կատարեց Սուրբ Գիրքի ընթերցումը եւ  փոխանցեց  օրուան  պատգամը: Վկայակոչելով պատմական իրողութիւններ ան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհ Արմենակ Հայկազեանի նահատակութիւնն ու ծառայութեան բարի օրինակը, եւ ամերիկացի միսիոնար Էլիզապէթ Ուէպի նուիրուածութիւնը :

Պաշտամունքին, օրուան խորհուրդը  իրենց ներկայութեամբ պատուեցին բազմաթիւ յարգարժան հիւրեր, որոց կարգին, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր  դեսպան Նորին վսեմութիւն պարոն Տիգրան Մկրտչեան, «Ազատ Օր»-ի խմբագրապետ եւ  «Արմենիքա» պարբերականի հեղինակ-խմբագիր պարոն Մայք Չիլինկիրեան, «Հայ կեանք» պարբերականի խմբագիր պարոն Տիգրան Ապասեան, «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթի խմբագիր պարոն Զաւէն Գրիգորեան  եւ «Հայաստան» հիմնադրամի պատւոյ նախագահ  դոկտոր Վաչէ Տէր Կարապետեան:

Պաշտամունքի աւարտին տեսահոլովակով ներկայացուեցան Հայկազեան համալսարանի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ:

Ապա,  ներկաները հրաւիրուեցան եկեղեցւոյ «Հայկազեան» Սրահը, ուր վերապատուելի Չոլագեան եւ դեսպան Մկրտչեան արտասանեցին շնորհաւորական խօսքեր, որմէ ետք հատուեցաւ «Հայկազեան» Համալսարանի 70-ամեակի յիշատակի կարկանդակը։ Յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ ընկերային ժամ, հիւրընկալութեամբ՝ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button