Գլխաւոր

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

Անթիլիասի Ուխտի Օրուան հսկումի արարողութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդը կը լիցքաւորուի թէ՛ մեր երկրորդ լուսաւորիչին մուտն ի Վիրապ յիշատակումի խորհուրդով եւ թէ՛ տօնին հետ առնչուած ու աւանդութիւն դարձած Ուխտի Օրուան վերանորոգութեամբ։ Այս արարողութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական պատգամով կը գօտեպնդէ եկեղեցւոյ զաւակներուն քրիստոնէական հաւատքն ու կամքը։ Առ այդ, Մայրավանքի տօնին համանուն Մայր Տաճարին մէջ,

Շաբաթ, Ապրիլ 5-ի երեկոյեան, հսկումի արարողութիւն տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, Դպրեվանքի աշակերտներու եւ հաւատացեալներու։ Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւն Արամ Ա․ կաթողիկոսը ուղղեց իր հայրապետական պատգամը։

Հայրապետը խօսեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի առաքելութեամբ փոխանցուած Քրիստոս-Լոյսին մասին։ Առաջին հերթին Նորին Սուրբ Օծութիւնը գոհութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս մեզի ընծայեց վերոյիշեալ տօնական առիթները հաւաքականօրէն նշելու Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարի երդիքին տակ եւ այս առիթով յիշեցուց սուրբին պայծառակերպող ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս առաքեալներուն մշակած արտին որպէս ոռոգիչ ջրդող, Գրիգոր Լուսաւորիչ եկաւ Քրիստոս-Լոյսը տարածելու հայ ազգին կեանքին մէջ։ Շարունակելով իր պատգամը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ այսօրուան աշխարհը խիստ կարիքը ունի այս Լոյսին, որովհետեւ խաւարը կը տիրէ աշխարհի կենցաղակերպին եւ ժողովուրդներու մշակոյթին վրայ։ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն ետք եկած մեր բոլոր հայրապետներուն ու վարդապետներուն առաքելութիւնը դարձաւ միա՛յն ու միա՛յն Քրիստոս-Լոյսին նուիրեալ քարոզիչը ու Անոր սիրոյ տարածիչը ըլլալ», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը։ Եզրափակելով իր պատգամը՝ ան ըսաւ, որ այսօր սուրբ Լուսաւորիչ իր տառապանքներուն ճամբով, մեզ անգամ մը եւս կը յիշեցնէ հաւատարիմ ու կառչած մնալու Քրիստոս-Լոյսին եւ այդ լոյսով լուսաւորելու մեր եւ մեր շրջապատին կեանքը։

Եկեղեցական արարողութիւնը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ Հայրապետին Պահպանիչ աղօթքով։

Ապա, յաջորդ օրը Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին ղօղանջներուն ներքոյ, հայրապետական շքեղ թափօրը, իր շարքերուն մէջ ունենալով Դպրեվանքի սաները, Կիլիկեան ուխտի միաբանութիւնը, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղերու սկաուտները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, հայ եկեղեցւոյ երկրորդ լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգորին օրհնաբաշխ Աջով եւ այլ սուրբերու սրբազան մասունքներով, շրջեցաւ Մայրավանքին շրջափակը՝ պահելով երջանկայիշատակ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին հաստատած Անթիլիասի Ուխտի Օրուան գեղեցիկ աւանդութիւնը։

Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։

«Որքա՜ն գեղեցիկ է Քու բնակարանդ, Տէ՜ր զօրութեանց։ Ամբողջ հոգիով կը ցանկամ այստեղ՝ գաւիթներուդ մէջ, բնակիլ։ Սիրտս ու հոգիս Քեզ կ՚օրհնաբանեն, ո՜վ անկարօտ Աստուած» սաղմոսին բառերը արտասանելով՝ սրբազան հայրը իր գոհութիւնն ու փառքը յայտնեց Ամենակալին, որ դարձեալ առիթ պարգեւեց Անթիլիասի Ուխտի Օրուան առիթով միատեղ հաւաքուելու։ Ան դիտել տուաւ, որ Լուսաւորիչին Խոր Վիրապի մուտքին ու չարչարանաց յիշատակը առիթ է պատմութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու. «Գէթ մեր ժողովուրդը պէտք է յիշէ, որ 301 թուականին մեր ազգը Աստուծոյ ճանաչողութեան տանելու համար, Խոր Վիրապի խաւարէն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի միջոցով Տէրը մեզի պարգեւեց Իր անվախճան լոյսը։ Անթիլիասէն ներս Սուրբ Գրիրգոր Լուսաւորիչի խնկելի շունչն ու յիշատակը կը թեւածեն», ըսաւ ան։

Շահէ արքեպիսկոպոս ապա ընդգծեց եկեղեցւոյ կարիքը իր հաւատաւոր զաւակներու սիրոյն ու հաւատարմութեան եւ այս առումով ան թելադրեց, որ մենք մեր եկեղեցին, կառոյցներն ու հաստատութիւնները շրջապատենք սիրով ու հոգածութեամբ, որպէսզի անոնցմով մեր կեանքը ըլլայ աւելի գիտակից ու զօրեղ։ Վերջապէս, ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Սուրբ Աթոռով տարուած նուիրական աշխատանքը դառնայ աւելի արդիւնաւոր, հայ ժողովուրդին հաւատքը առաւել եւս պայծառանայ եւ սրբազնագոյն հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մականը ըլլայ ծաղկուն, Միաբանութեան ծառայութիւնը՝ առաւել նուիրեալ, որպէսզի ծառայական վերանորոգ ոգիով հայորդիին կեանքը պայծառանայ, ի խնդիր եւ ի փառաբանութիւն եկեղեցւոյ եւ ազգին։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Սուրբ Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջով գլխաւորուած եւ բազաթիւ սրբազան մասունքներով կազմուած մեծաշուք թափօրը շրջեցաւ Կաթողիկոսարանին շրջափակին մէջ։ Ապա, Մայր խորանին վրայ եւ Լուսաւորիչի Աջով կատարուցեաւ ջրօրհնէք, որուն ընթացքին Հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց եւ հայցեց Լուսաւորիչ Սուրբ Հայրապետին բարեխօսութիւնը եւ խնդրեց Ամենակալէն, որ Իր հովանիին տակ պահէ մեր ազգը, հայրենիքը ու եկեղեցին։

Նշենք, որ եկեղեցական հոգեպարար արարողութենէն ետք Սուրբ խորանի բեմին վրայ զետեղուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին, Սուրբ Սեղբեստրոս ու Սուրբ Նիկողայոս հայրապետներուն եւ Պարսամ ճգնաւորին աջերը, մինչեւ ուշ երեկոյ, որպէսզի հաւատացեալները ստանան անոնց օրհնութիւնը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button