Յունուար 25-էն ի վեր, Եգիպտոս գրաւած է աշխարհի տաք իրադարձութիւններու ցանկին պարագլուխի դիրքը, նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի ու անոր վարչակազմին դէմ ժողովրդային բողոքին պայթումով:
Աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր ծաւալած յախուռն ցոյցերն ու նստացոյցերը Հինգշաբթի, Փետրուար 3-ի գիշերը երկիրը հասցուցին այնպիսի հանգրուանի մը, որ իշխանութեան կառչած նախագահին ժամերը կը թուին հաշուըուած, որովետեւ »միլիոնաւորներու ցոյցի օր,էն՝ Փետրուար 1-էն ետք, ընդդիմադիրները Ուրբաթ, Փետրուար 4-ը ճշդած են »հրաժեշտի օր,, այսինքն, կը նախատեսուի, որ շաբաթական աղօթքի պահէն ետք, ցուցական ելոյթները ստանան նոր թափ, աւելի լայն տարածք եւ ստիպեն »նախահագութենէն ձանձրացած, Մուպարաքը հետեւելու Թունուզի նախագահին քայլերուն եւ շուտով հեռանայ իշխանութեան գագաթի դիրքէն, առանց յարգելու օր մը առաջ իր տուած խոստումը, ըստ որուն՝ ‘’երկիրը քաոսէ զերծ պահելու’’ նախանձախնդրութեամբ, նախագահ պիտի մնայ մինչեւ Սեպտեմբեր, օրինական պայմանաժամը, ընթացք տալով նախագահական ընտրութեան:
Դեռ շաբաթ մը առաջ, Եգիպտոսի մէջ, Հիլըրի Քլինթընի աչքով ‘’կայուն կառավարութիւն’’ մը տեսնող Ուաշինկթըն արդէն նոյն Քլինթընի եւ նախագահ Օպամայի բերնով ուղղեցին իրերայաջորդ պատգամներ (ոչ բոլորովին զերծ ինքնավստահութենէ եւ յստակութենէ), Մուպարաքի թելադրելով, որ իշխանափոխութիւնը կատարուի անյապաղ, հակառակ անոր, որ նոյն Ուաշինկթընի մէկ բանբերը կը կրկնէր նորագոյն յանկերգը, թէ՝ Միացեալ Նահանգներու կամ որեւէ այլ օտար կողմի իրաւունքը չէ թելադրել, թէ ո°վ պէտք է կառավարէ Եգիպտոսը, թէ՝ այդ իրաւունքը միայն եգիպտացիներունն է (այս կեցուածքն ալ ինքնահակասում ունի թէեւ, որովհետեւ Ուաշինկթընի ակնոցով, վեթօ կայ ընդդիմադիրներու, յատկապէս ‘’Իսլամ Եղբայրներ’’ու դէմ, եթէ անոնք յաւակնին ձեռք բերել իշխանութիւնը, մինչեւ իսկ եթէ եգիպտացիներուն մեծամասնութեան կամքը այդ է. չէ՞ որ պաղեստինցիներու ‘’Համաս’’ը կամ լիբանանցիներու ‘’Հըզպալլա’’ն ալ կրնան լայն ժողովրդականութիւն վայելել ու գտնուիլ նոյն վեթոյին դիմաց, միշտ մատնելով ուաշինկթընեան կարճատեսութիւն՝ թարթիչէն, եւ ոչ միայն քիթէն անդին տեսնելու անկարողութիւն…):
Եգիպտոսի պայթուցիկ վիճակին դրդապատճառներուն, իսկական կամ ձեւաւորուած յեղաշրջումի ընթացքին ու ապագայի հաւանականութիւններուն մասին խօսելէ առաջ, եւ աչքի առջեւ ունենալով դէպքերու շատ արագ զարգացումները, հաւանաբար անտեղի չþըլլար հոս արձանագրել, թէ այս ակնարկին կարգ մը բաժինները կրնան ժամանակավրէպ դառնալ, երբ հասնին ընթերցողին: Այսուամենայնիւ, մեր նպատակը օրը օրին դէպքերու արձանագրումը չէ, այլ կþուզենք կանգ առնել կարգ մը գլխաւոր գիծերու, զարգացման ուղիներու վրայ եւ կատարել մատնանշումներ, մատնացոյց ընելու համար, թէ ինչպիսի՞ վիճակներ կրնան ստեղծուիլ մօտիկ ապագային, նաեւ պատասխաններ որոնել այն հարցումներուն, թէ եգիպտացիք ի վերջոյ յաղթական դուրս պիտի գա՞ն այս գուպարէն, ի՞նչ են չափանիշները շարժումին գնահատման, վերջապէս՝ արդեօք Թունուզէն ծայր առած զարգացումները մինչեւ ո՞ր հորիզոնները կրնան ծաւալիլ:
ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆ ՈՒ ԽՈՐՔԷՆ ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ
Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած քաղաքական ու ապահովութեան պայթումներուն անմիջական դրդապատճառը, ինչպէս տեսաւ աշխարհը, Թունուզի մէջ 17 Դեկտեմբերին ծայր տուած ըմբոստութիւնն էր, որ ապրեցաւ շուրջ միամսեայ զարգացում եւ որոշ արդիւնքի հասաւ՝ նախագահ Զէյն Ապիտին Պըն Ալիի եւ անմիջական գործակիցերուն երկրէն փախուստով, իշխանափոխութեան որոշ քայլերով, որոնք տակաւին կը գտնուին նորանոր զարգացումներու ճամբուն մէջ, հոգ չէ թէ Եգիպտոսի դէպքերը զանոնք, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական բեմի ուշագրաւ զարգացումները հրեցին բեմին մէկ անկիւնը: (Բեմին յետսամասը քշուած զարգացումներուն շարքին են Օպամայի համեմատաբար խոստմնալից կարգ մը օրէնքները ետդարձի մղող շարժումը՝ հանրապետականներու եւ կարգ մը ‘’բարեմիտ’’ տեմոքրաթներու գործակցութեամբ…)
Գահիրէի, ապա նաեւ եգիպտական այլ մեծ ու փոքր քաղաքներու մէջ ծաւալած ցոյցերն ու արիւնալի դէպքերը միայն արտաքին, այսինքն՝ թունուզեան ազդեցութիւններու արդիւնք չէին: Եգիպտոսի մէջ ուշագրաւ, թէեւ համեմատաբար աւելի սահմանափակ ըմբոստացումի դէպքեր արձանագրուած էին վերջին տարիներուն, նախ՝ Մուպարաքի վերընտրութեան հանգրուանին, շուրջ չորս տարի առաջ, ապա նաեւ՝ խորհրդարանական ընտրութեանց առիթով: Երկու հանգրուաններուն ալ, ընդդիմադիրները բռնադատուած էին, անոնց թեկնածուներուն առիթ չէր տրուած արդար ընտրապայքարի, իսկ Մուպարաքի դէմ մրցակից ներկայացող մը քանի մը տարի բանտարկութիւն ճաշակեց…:
Փաստօրէն, Եգիպտոսի մէջ ընդդիմադրութիւնը լիակատար ջլատումի մատնուած է, իշխող կուսակցութիւնը, Մուպարաքի եւ գործակիցներու ղեկավարութեամբ, հաստատած է կուսակցական մենատիրութիւն: Եւ այս դրութիւնն է որ կը վայելէ Ուաշինկթընի ու համախոհներուն, այսինքն՝ ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան դրօշակը պատմուճան դարձնողներուն անվերապահ աջակցութիւնը, եւ նոյն այս իշխանութեան մասին էր որ, ըմբոստութեան շղթայազերծման օրը, Հիլըրի Քլինթըն կու տար ‘’կայուն է, եւ մենք զօրավիգ ենք’’ գնահատականը:
Քաղաքական այս դրութիւնը՝ մենատիրական ու բռնատիրական վիճակը, բնականաբար իշխանաւորները առաջնորդած էր դէպի այն թակարդը, որուն դիմաց գտնուած են շատ մը մենատէրներ ու բռնատէրներ. այլ խօսքով, ծայր տուած էր անհակակշիռ կաշառակերութիւն, պաշտօնի չարաշահումներ եւ երկրի նիւթական կարողականութեանց կեդրոնացում՝ սեղմ օղակի մը մէջ, ինչ որ խորացուցած է դասակարգերու միջեւ վիհը: Այս վիճակը նմանապէս հանդուրժողութեամբ ու հաշտ աչքով դիտուած է ‘’հովանաւորներուն’’ կողմէ, որոնք… գլխաւոր շահ ապահովողներն են նման կացութիւններու մէջ:
Եւ ահա, քաղաքական ու տնտեսական-ընկերային զոյգ տագնապները ստեղծած էին ճնշուածութեան այնպիսի վիճակ մը, որ պատրաստ էր բռնկումի. թունուզեան դէպքերը պարզապէս անգամ մը եւս վառեցին պատռոյգը, այս անգամ՝ շատ աւելի ուժգին կերպով ու լայն ծաւալով:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԲԵՄԻՆ ԽՈՐՔԸ
Ժողովուրդը հրապարակ եկաւ օր ըստ օրէ ծաւալող ցոյցերով ու բարձրացնելով ‘’Մուպարաքի հեռացումը ամէն գնով’’ նշանախօսքը: Նախագահը նախ որդեգրեց անզիջող դիրք, սակայն շուտով հարկադրուեցաւ դիմելու կառավարութեան փոփոխութեան քայլին եւ նշանակեց փոխ նախագահ մը՝ Օմար Սուլէյման, ‘’լեցնելով’’ պաշտօն մը, որ թափուռ էր շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր: Ան բացայայտ դարձուց, որ հրաժարած է մինչեւ վերջերս իր հետապնդած ծրագիրէն, այսինքն՝ իր զաւակը չի նկատեր ‘’գահաժառանգ’’:
Ընդդիմադիր ճակատին վրայ ի յայտ եկան քանի մը ուշագրաւ զարգացումներ: Մանրամասնութիւններէ առաջ, բանանք փակագիծ մը, արձանագրելու՝ որ Եգիպտոսի մէջ ընդդիմադրութիւնը մտած էր մահաքունի մէջ, վերոյիշեալ պայմաններուն բերումով: Միակ ընդդիմադիր ուժը կը հանդիսանայ ‘’Իսլամ Եղբայրներ’’ կազմակերպութիւնը, որ դուռնէն դուրս դրուելէ ետք, երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն պատուհանէն մուտք գործեց խորհրդարան: Կառավարական փոխոխութեան յաջորդող օրերուն, փոխ նախագահն ու վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնեցին բանակցելու եւ իշխանութեան մասնակցութեան ձեւ մը ապահովելու ‘’Եղբայր’’ներուն, որոնք սակայն ցուցաբերեցին ուշագրաւ կեցուածք. նախ՝ յայտարարեցին, թէ հետաքրքրուած չեն կառավարութիւնը ձեռք առնելով, ապա, այլ ընդդիմադիրներու պէս, նախապայման դրին Մուպարաքի մեկնումը, առանց յստակ կերպով ըսելու, թէ պիտի բանակցին նոր իշխանաւորներուն հետ, որոնք Մուպարաքի գործակիցներն են ու ոչ մէկ երաշխիք տուած են թէ հիմնական բարեփոխութիւններ պիտի բերեն:
Ցոյցերու առաջին օրերուն իսկ, հրապարակ եկաւ Մոհամմէտ Պարատայի, իբրեւ ընդդիմադիր ճանչցուած եւ միջազգային ճանաչում վայելող անձնաւորութիւն մը, որ իր կողքին գտաւ ‘’Իսլամ Եղբայրներ’’ու զօրակցութիւնը: Արեւմուտքի աչքին, Պարատայի ‘’չար տղայ’’, մըն է. հակառակ անոր, որ ան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի արժանացած է, սակայն անհանդուրժելի անձ մը կը նկատուի, որովհետեւ… ճշմարտախօս է. ան տարիներ առաջ մերժեց ենթարկուիլ ճնշումներու, երբ վարիչն էր Իրաքի կորիզային կարողութիւններուն մասին քննութիւն կատարող ՄԱԿի խմբակին. ան ստախօս հանեց Քոլին Փաուըլը, Քանտըլիսա Ռայսն ու անոնց ‘’պոս’’ը՝ Ճորճ Պուշը, հաստատելով, որ Իրաք չունէր կորիզային այն կարողութիւնները, որոնց պատրուակով տեղի ունեցան Իրաքի գրաւումն ու իրողական կողոպուտը, նաեւ՝ անհիմն գտաւ Իրանի կորիզային կարողականութիւնները չափազանցելու Ուաշինկթընի ու խրամատակիցներուն-շահակիցներուն հաւաստիքները: Ան Եգիպտոս վերադարձած էր ղեկավարելու Մուպարաքի դէմ ընդդիմադրութիւնը, սակայն քանի մը օր ետք անոր աստղը ինկաւ ամպերու ետին:
Գահիրէի ‘’Ազատագրում-Թահրիր’’ հրապարակը իր անունը արձանագրեց պայքարի այս պատմութեան էջերուն, ու դարձաւ բողոքի արտայայտութեանց գլխաւոր բեմը: (Աղեքսանդրիոյ, Սուէզի կամ հարաւային այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած ցոյցերը չգտան այն լուսարձակներն ու հետաքրքրութիւնը, որ կեդրոնացան այս հրապարակին վրայ): Ընդդիմադիրներուն պահանջը մերժելու, այսինքն՝ մինչեւ Սեպտեմբեր իշխանութիւնը պահելու Մուպարաքի յայտարարութենէն ետք, ընդհանրապէս խաղաղ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերն ու բողոքի արտայայտութիւնները ինկան արիւնահեղութեան (բարեբախտաբար փոքր) օղակի մը մէջ, երբ (ըստ ընդդիմադիրներու հաւաստիքներուն) իշխանութեան գործակալները յանկարծ խռովութիւններ հրահրեցին, զինեալ եւ այլ բախումներու առիթ տուին, ինկան զոհեր, վիրաւորներ: Ոստիկան ուժերու մեղսակցութեան փաստեր հրապարակ նետուեցան, իսկ բանակը, որ յայտարարած էր թէ ետ պիտի կանգնի ցուցարարներու վրայ կրակելու փորձութենէն, մնաց կրաւորական չէզոքութեան մէջ (ջուր լեցնելով այն մեկնաբանութիւններու ջաղացքին, թէ անախորժ զարգացումները ի վերջոյ զայն պիտի վերածեն փրկութեան վերջին լաստին եւ բոլորը պիտի դիմեն անոր միջամտութեան):
Ահա այս կացութեան մէջ էր որ կը բացուէր Ուրբաթ, 4 Փետրուարի արշալոյսը, երբ կը նախատեսուէր ընդդիմադիրներու ‘’վճռական յարձակողական’’ը:
ԴՐԱԿԱՆԸ ԵՒ ՊԱԿՍՈՂԸ
Ըմբոստութեան այս ալիքը, ինչպէս նշեցինք, չունի բացայայտ առաջնորդ մը, ոչ ալ նկատելի է լաւագոյն կազմակերպուածութիւն մը:
Ուշագրաւ է, որ երիտասարդութիւնն ու ուսանողները կը հանդիսանան ստեղծուած շարժումին կորիզը: Դէտերու նկատողութենէն չվրիպեցաւ, որ այս ‘’դասակարգ’’ին մեծամասնութիւնը աչք բացած է ու հասակ առած՝ վերջին 30-40 տարիներուն, այսինքն՝ Անուար Սատաթի եւ անոր յաջորդած (անոր բացած ուղին շարունակած) Մուպարաքի իշխանութեան օրերուն:
Բողոքի ալիքը ունէր քանի մը գլխաւոր խորագիր. բողոք՝ քաղաքական կաշկանդումներուն, ապրուստի դժուարութիւններուն եւ մամուլին պարտադրուած բանադրանքին դէմ: Շարժումը չունէր, օրինակի համար, ազգայնականութեան վերականգնումը հետապնդող դիմագիծ. միայն կարգ մը խմբակներ հրապարակ բերած էին արաբական ազգայնականութեան ու ազատագրական շարժումներու ներշնչման աղբիւր եղող Կամալ Ապտէլ Նասըրի փոքրադիր պատկերները: Այլ խօսքով, շարժումը ստացաւ ‘’մորթ փրկելու’’, եւ ոչ թէ Եգիպտոսի պարտադրուած քաղաքական վարքագիծը շրջելու իմաստ: Արեւմտեան մամլոյ մեկնաբաններ այս իրականութիւնը տեսան ու լուսարձակի տակ բերին այն մտածումը, թէ (ինչպէս եղած էր Թունուզի մէջ), այս շարժումը չունի հակա-ամերիկեան դիմագիծ, ուղղուած չէ նախկին գաղթատէրերուն դէմ. այլ խօսքով, շարժումին կիզակէտը փորն ու մաշկն են, քան թէ ուղեղն ու սեփական ուղեգիծի գաղափարական գիծը:
ՄՈՒՊԱՐԱՔԷՆ ԵՏՔ՝ Ի՞ՆՉ
Ստեղծուած շարժումը, յամենայնդէպս, ունի այն տարողութիւնը, որուն ի տես, կարելի է հաստատել, թէ Եգիպտոս մտած է յետ-մուպարաքեան փուլ, եւ այսուհետեւ պիտի ըլլայ տարբեր՝ նախորդ 30-40 տարիներէն:
Այժմու իրականութիւններուն լոյսին տակ, տարբերութիւնը կրնայ ըլլալ այն, որ քաղաքական կեանքը կրնայ ուղղուիլ, գոնէ երեւութապէս, դէպի յաւելեալ ժողովրդավարութիւն, տնտեսական վիճակը կրնայ ապրիլ որոշ բարեփոխութիւն (բնականաբար ոչ՝ մէկ օրէն միւսը), գոնէ այնքան, որ կարելի ըլլայ որոշ հեռացում արձանագրել միջազգային տնտեսական տագնապի ճնշումէն: Այսուհանդերձ, ոչ մէկ նախանշան ենթադրել կու տայ, որ Եգիպտոս կը նպատակադրէ վերստին կանգնիլ արաբական ազգայնականութեան ու օտարներու պարտադրած գիծէն ձերբազատողի պատուանդանին վրայ, թէեւ Իսրայէլ ու արեւմտեան զինակիցներ այս իմաստով բաժնեկից են որոշ մտահոգութիւններու, մատնացոյց ընելով ‘’Իսլամ Եղբայրներ’’ու իշխանութեան մասնակցութեան հաւանականութիւնը: (Իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութեան՝ մեղադրանքներ ալ կþըլլան անոնց կողմէ, որոնք ամենայն հանդուրժողականութեամբ կը գործակցին… Թուրքիոյ իսլամականներուն հետ, ու չվարանեցան իսկական ծայրայեղականութեան վառելանիւթ հայթայթել Աֆղանիստանի, Փաքիստանի մէջ ու այլուր):
Նոր շրջանին ուրուագիծը իր նախանշանները կու տայ արդէն: Բացայայտ է, որ ‘’հանդարտ ու արագ իշխանափոխութիւն’’ ըսելով, Ուաշինկթըն ու գործակիցներ Գահիրէի ղեկին վրայ կþուզեն տեսնել այժմու փոխ նախագահն ու գործակիցները: Օմար Սուլէյման շատ լաւ ծանօթ է Արեւմուտքին, ու՝ փոխադարձաբար: Ան կը հանդիսանայ Ուաշինկթընի ամէնէն սերտ գործակիցը, տասնամեակներէ ի վեր կը վայելէր Մուպարաք-Ուաշինկթըն կապերու մենաշնորհը: Ընդդիմադիրներուն աչքին, սա բարենիշ մը չէ, սակայն անոր դէմ մեծ առարկութիւններ չեն հրապարակուած ցարդ: Անոր վստահուած է ընդդիմադիրներուն հետ բանակցելու (եւ զանոնք ձեւի բերելու) պատասխանատուութիւնը, այլ խօսքով՝ յետ-մուպարաքեան Եգիպտոսին դիմագիծին ‘’դերձակ’’ի պաշտօնը: Հետեւաբար, տակաւին անպատասխան կը մնան այն հարցումները, թէ ընդդիմադրութեան ստեղծած շարժումը որքանո՞վ հակակշռուած էր (պէտք չէ մոռնալ, որ ‘’Ազատագրում’’, հրապարակը եղաւ ցոյցերու համար արտօնեալ գօտի եւ անոր իրադարձութիւնները հրամցուեցան իբրեւ եղելոյթի գնահատման չափանիշ):
ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Թունուզէն ծայր տուած ու Եգիպտոսի մէջ գագաթնակէտ նուաճած բարեկարգչական պահանջները նմանօրինակ արձագանգներ գտան արաբական երկիրներու մէջ, Ալճերիայէն մինչեւ Եմէն ու Յորդանան (յայտնապէս այլ երկիրներ այս իմաստով կը կազմեն արգիլեալ գօտիներ): Վերջին երկուքին իշխանութիւնները, հակառակ էական տարբերութեանց (հիմնական նմանութիւնն ալ Ուաշինկթընի Արեւմուտքին հովանաւորեալ գործակիցները ըլլալն է), դիմեցին բողոքի ալիքները հակակշիռի տակ պահելու եւ ընդդիմադիրները ողոքելու միջոցառումներու: Յորդանանի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարական փոփոխութիւն (Յորդանանի ներքին դրուածքը կարելի չէ բաղդատել այլ երկիրներու հետ, տրուած ըլլալով թագաւորական իշխանապետութիւնն ու զինեալ ուժերու եւ ժողովուրդի խմբաւորումներուն անոր հաւատարմութիւնը): Եմէնի նախագահը, իշխանութիւնը յաջորդ ընտրութիւններէն անդին չպահելու իր խոստումին կողքին, ըրաւ այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք կարծես թէ կը բխէին ընդդիմադիր առաջնորդի մը սրտէն (քաղաքական ազատութիւններ, իշխանութիւնը ժառանգականութենէ զերծ պահել եւայլ):
Թէեւ քաղաքական կեանքի մէջ կարելի է ընել ‘’ճիշդ’’ նախատեսութիւններ, որոնք զարգացող դէպքերու ազդեցութեամբ կրնան շուտով ‘’սխալ’’ դուրս գալ, սակայն ցարդ ի յայտ եկած տուեալները ցոյց կու տան, որ այս շարժումը, որոշ դրական արդիւնքներ յառաջացնելու կողքին, ներկայ հանգրուանին հաւանաբար մնայ սահմանափակ՝ յեղաշրջական իր հզօրանքով:
Այլ խօսքով, եթէ Դեկտեմբերին ծայր տուած ալիքը պահ մը ստեղծած էր այն տպաւորութիւնը, որ արաբական աշխարհին մէջ տեղի պիտի ունենայ մէկ տարբերակը այն փոթորիկին, որ աւելի քան 20 տարի առաջ ‘’ողողեց’’ Արեւելեան Եւրոպան եւ յեղաշրջեց խորհրդայիններու մականին ենթակայ համայնավար իշխանութիւնները, ի վերջոյ յանգեցաւ Պերլինի Պատին փլուզման, հիմա, բարեփոխումները ճակատագրուած են մնալու համեմատաբար սահմանափակ, թէեւ ոչ արհամարհելի:
Գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ այսօրուան աշխարհին մէջ, ազգայնականութիւնը եւ սեփական ճակատագիրի ղեկավարման առաջադրանքը կը նկատուին (կը սորվեցուին թէ այդպէս են) հին դարերու արժէքներ, ուրեմն՝ նոր աշխարհն ու ապագան առաւելաբար պէտք է տնօրինուին մորթէն ու ստամոքսէն շատ անդին չգացող տուեալներով, արժէքներով:
Մինչդեռ, սպասելի է եւ յուսալի, որ նման ըմբոստութիւններ շարժման մէջ դնող երիտասարդութիւնը ճգնի ի խնդիր գաղափարական արժէքներու վերականգնումին, ինչ որ ամուր հիմք ու արդար ուղի պիտի ներշնչէ արդարատենչ շարժումներուն:
Եթէ Եգիպտոսի ու նման երկիրներու մէջ այսօր պատահածը երէկ անկարելի ու անյուսալի էր, վաղն ալ իրականութիւն կրնայ դառնալ այն միւսը՝ ինչ որ այսօր տեսանելի չէ տակաւին: Նման յոյսերու սահմանները կը տարածուին դէպի հոն՝ ուր անարդարութիւնն ու չարաշահութիւնը կը կարծեն ըլլալ անմահ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Փետրուար 3, 2011