Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Օրհնեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Համահայկական 12-րդ Մարզախաղերուն Մասնակիցները

Յուլիս 29-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեցին Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Համահայկական 12-րդ Մարզախաղերու շուրջ 850 սկաուտներ՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու ուղեկցութեամբ։
Այս առիթով, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ օրհնութեան արարողութիւն՝ նուիրուած մարզախաղերու մասնակիցներուն։
Արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հայրական պատգամով ու բարեմաղթութիւններով դիմեց հայորդիներուն՝ գոհունակութիւն յայտնելով, որ մարզախաղերու այս աւանդական դարձած առիթով, աշխարհի զանազան ծագերէն հաւաքուած են հայրենի հողին վրայ՝ իրենց հմտութիւններն ու կարողութիւնները դրսեւորելու մրցապայքարի ընթացքին, միաժամանակ միմեանջ հետ ծանօթանալու և բարեկամանալու։
Անդրադառնալով հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին առջեւ կանգնած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն՝ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Արցախեան պատերազմի հետեւանքով հայրենիքը տակաւին կը դիմագրաւէ լրջագոյն անվտանգային սպառնալիքներ. տեղահանուած արցախահայութիւնը կը գտնուի ծանր պայմաններու մէջ, իսկ ներհասարակական կեանքին մէջ կը խորանան անհամերաշխութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, անորոշ ապագայի մթնոլորտը կը դառնայ խորապէս մտահոգիչ։
Ան կոչ ուղղեց երիտասարդ սկաուտներուն, որպէսզի իրենց հոգիին մէջ միշտ վառ պահեն հայրենեաց սէրը, զօրանան հայրենի հողէն եւ բազմադարեայ սրբութիւններէն, ներշնչուին փոխանցուած հաւատքով, մնան հաւատարիմ ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն, սրտերուն մէջ ամրապնդեն որդիական նուիրումը հայրենիքին, Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին հանդէպ։
Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ուխտաւորներուն՝ պահել անխախտ իրենց ազգային ինքնութիւնը, հպարտանալ Հայոց պատմութեամբ, նախնիներու կերտած ժառանգութեամբ եւ աննկուն մնալ մեր ժողովուրդի արդարութեան, ազատութեան եւ ինքնիշխանութեան ի խնդիր մղուած պայքարի ոգիով։


