Քրիստոսի Եկեղեցին Եւ Ամուսնութիւնը 

0 0
Read Time:3 Minute, 8 Second
*

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com   
Այս գլուխը սկսելու առթիւ կը փափաքիմ նախ սահմանել սակաւ ծանօթ շուշտակ բառը:
Մալխասեան  զայն  կը բացատրէ հետեւեալ կերպ.
–լուսնի մահիկի նման կանացի գդակ,
–քահանայ, որ այրիանալուց յետոյ կուսակրօն է դառնում:
Այս վերջին նշանակութեան բերումով կուսակրօնն ալ կը կոչուէր շուշտակ վարդապետ, եպիսկոպոս, ընդհուպ՝ շուշտակ կաթողիկոս:
Թերեւս մտածուի, թէ կանացի գդակին անունը ի՛նչ կապ ունի կուսակրօն դարձած քահանային հետ.  այդպէս է, քանի որ սովորութիւն էր, որ  այրիացած կուսակրօնը, զանազանուելու համար իսկական կուսակրօնէն, գլխարկին, այսինքն՝ վեղարին, կնգուղին կամ թասակին տակէն  կապէր կանացի շուշտակը յիշեցնող գդակ մը, որ կը ծածկէր անոր ճակատին մինչեւ կէսը:
Մեր հոգեւորականներուն մէջ նորագոյն  տիպար շուշտակը կը հանդիսանայ Խրիմեան հայրիկը: Ան նախապէս  ամուսնացեալ քահանայ էր, ունէր կին ու աղջիկ մըն ալ: Ցաւալի պայմաններու մէջ կը մեռնին երկուքն ալ, որով Խրիմեան կ’եզրակացնէ, թէ Աստուած իրեն արգիլած է ամուսնացեալ կեանք ունենալ, հետեւաբար կը մտնէ վանք ու կը դառնայ կուսակրօն քահանայ:
Այստեղ սահմանենք քահանայ եզրը եւս. սեմական այս բառով կը բնորոշուին քրիստոնեայ եկեղեցիի բոլոր հոգեւորականները անխտիր՝ ամուսնացեալն ու կուսակրօնը, աբեղայէն մինչեւ կաթողիկոսը. բոլորը ունին մէկ ու միասնական աստուածային նոյն շնորհը, որ աստիճաններ ու խտրութիւն չի ճանչնար:
Գոյութիւն ունեցող անուանական տարբերութիւններուն բոլորը  վարչական ու ակադեմական  բնոյթի են. օրինակ՝ վարդապետ կը նշանակէ ուսուցիչ. քահանան վարդապետ կը դառնար ինչ-որ ակադեմական գիտելիքի մը ձեռքբերումին շնորհիւ, կամ եպիսկոպոս կը կոչուէր, երբ թեմ մը կամ վիճակ մը հովուելու պարտաւորութիւնը կը ստանձնէր:
                                                                          *   *   *
Մեր առաջին քրիստոնեայ լուսաւորիչը՝ Գրիգորը, նմանապէս շուշտակ էր:
Ան զաւակն էր պարթեւ Անակին, որ Գ. դարու  հաւանաբար 250 թուականին պարսից  Արտաշիր  թագաւորին  կողմէ եւ ամբողջ ընտանիքովը  ղրկուեցաւ Հայաստան՝ իր ազգակից Խոսրով Գ. թագաւորին քով՝ զայն սպաննելու առաքելութեամբ. եւ յաջողեցաւ  սպաննել զայն.  սակայն փախուստի ատեն ինք եւս իր ամբողջ ընտանիքով սպաննուեցաւ Խոսրովի թիկնապահներուն ու նախարարներուն  ձեռքով: Այս սպանդէն ազատեցաւ Սուրէն անունով ծծկեր մանուկ մը, որ կը գտնուէր իր ստնտուին   քով: Այս կինը միջոցը գտաւ մանուկը հասցնելու Կեսարիա, որ այն ատեն յունական մշակոյթի շատ ծաղկուն ոստան մըն էր: Այնտեղ Սուրէն մեծցաւ ու դաստիարակուեցաւ իբրեւ յոյն քրիստոնեայ՝ Գրիգոր անունով: Չափահասութեան հասակին ամուսնացաւ Մարիամ անունով հելլենուհիի մը հետ, կազմեց շատ համերաշխ ընտանիք մը եւ ունեցաւ երկու մանչ՝ Վրթանէսն ու Արիստակէսը:
Բայց ահա օր մըն ալ այր ու կին ստացան աստուածային կոչում մը՝ քրիստոնեայ քարոզիչ դառնալու: Այս կոչումին ընդառաջ՝ անոնք անհամատեղելելի նկատեցին ամուսնական կապը եւ… ամուսնալուծուեցան:  Մարիամ անչափաճաս Արիստակէսը առած կուսանոց քաշուեցաւ, Վրթանէս չափահաս պատանի ըլլալով բանակ մտաւ, եւ ուրեմն Գրիգորի ձեռքերը բոլորովին ազատ մնացին Քրիստոսի Աւետարանն   ու պատուիրանները քարոզելու. ան դարձաւ շրջուն քարոզիչ մը:
287-ին Հոռմէն գալով  եւ հռոմէական բանակի մը գլուխը անցած՝ Կեսարիայէն կ’անցնէր  ապագայ Տրդատ Գ. թագաւորը, որ հօրը սպանութեան  պահուն իր կարգին ծծկեր մանուկ էր եւ ապաստան գտած էր  հօրը դաշնակից՝ Հռոմի կայսեր արքունիքին մէջ:
Ան Հայաստան կ’ուղղուէր՝ տիրանալու Հայոց գահին:
Գրիգոր միացաւ  այս բանակին՝ քարոզութեան պարարտ հող գտնելով անոր մէջ ու անոր հետ ալ եկաւ Հայաստան:
Պատմութեան մնացեալ մասին ծանօթ էք բոլորդ:
Տրդատ յաջողապէս տիրացաւ գահին, եւ իր այս յաջողութիւնը տօնելու համար կազմակերպեց զանազան աշխարհիկ հանդիսութիւններ ու մանաւանդ պարտն ու պատշաճը նուիրելով չաստուածներուն, ի մասնաւորի՝ Անահիտին ու Աստղիկին…
Գրիգոր այս բոլորէն ոչ մէկուն մասնակցեցաւ, ատոր համար ալ արժանացաւ ծանօթ չարչարանքներուն եւ Խոր վիրապին մէջ բանտարկուելու ամբողջ 15 տարիներ, որմէ ետք դարձաւ հայոց լուսաւորիչն ու առաջին կաթողիկոսը 302 թուականին:
Ինչ որ կը նշանակէ, թէ Հայոց առաջին կաթողիկոսը շուշտակ էր:
Եւ… պարթեւ արշակունի: Պարթեւ արշակունի էր Տրդատ արքան եւս:
                                                                            *   *   *
Այնուհետեւ ան իր քով կանչեց երկու զաւակները, որոնց երկուքն ալ  հերթաբար յաջորդեցին իրեն կաթողիկոսական աթոռին վրայ, նախ՝ Արիստակէսը, ապա Վրթանէսը, որոնց երկուքն ալ ամուսնացած էին: Աղբիւրներս ոչինչ կ’ըսէն Մարիամին մասին:
Այնուհետեւ եւ մինչեւ 439 թուականը կաթողիկոսական գահը՝ որդւոց-որդի եւ ժառանգաբար սեփականութիւնը մնաց արշակունի կաթողիկոսներու: Վերջինը եղաւ Սահակ Պարթեւը, որ  հայրն էր Սահականուշին, որմէ ունեցաւ երեք թոռ, որոնցմէ մէկը Հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանն էր:
*  Ստնտու կը նշանակէ ստինք՝ կաթ տուող. ասոնք կիներ էին, որոնք մինչեւ որոշ չափահասութիւն կը կերակրէին ու կը խնամէին ազնուական եւ բարեկեցիկ կիներու  նորածինները:
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles