ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՅԱՆՁՆԵԼՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

0 0
Read Time:5 Minute, 22 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

19 Ապրիլ 2024

«Ո՛չ, բաւակա՛ն է , չպէ՛տք է լռել, երազել քի՛չ է, պէտք է պայքարե՛լ…»

Յ. ՇԻՐԱԶ

 

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանագծումի մասին Ուրբաթ, 19 Ապրիլին հրապարակուած տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ Երեւանի իշխանաւորները ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ճամբայ հանած են Հայաստանը պատառ-պատառ Ատրպէյճանին (եւ Թուրքիոյ) նուիրելու ծրագիրը: Մինչեւ երէկ կը խօսուէր շշուկով, ճշմարտացի նախատեսութիւններով, հիմա արդէն իրականութիւն է:

Ըսինք՝ պաշտօնապէս, որովհետեւ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, ազերիական թափանցումներն ու Սիւնիքէն, Գեղարքունիքէն, Տաւուշէն (շարքը երկար է) որոշ հողամասներու իրողական նուիրումը այս բնութագրումը չունէր. կ’ըսուէր, օրինակ, թէ ազերիները «թափանցած են», «վերադաձած են իրենց պատկանած տարածքներ» եւ այլ: Հիմա, արդէն պաշտօնական հանգամանք կը գտնէ Տաւուշէն քանի մը գիւղերու յանձնումը:

Չենք ուզեր երկար կանգ առնել այն աճպարարութիւններուն, լարախաղացութեանց ու խաբեբայութիւններուն վրայ, որոնք վերջին շաբաթներուն, իբրեւ նորագոյն բեմադրութիւն – եւ ուշադրութիւն շեղելու հնարքներ – հրամցուեցան ուղղակիօրէն՝ Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն, անուղղակիօրէն նաեւ ամբողջ Հայութեան: Չենք ուզեր քննարկման նիւթ դարձնել այն տեղեկութիւնները, որ յանձնուելու պատրաստ են 2,5 գիւղ (ազերիական կողմը յստակօրէն կ’ըսէ 4 գիւղ): Իսկ ի՞նչ ըսել այն լուրերուն մասին, թէ Հայաստանի սահմանագիծին ամէնէն ամուր գօտիէն՝ Տաւուշի սահմանագիծէն բանակը ետ պիտի քաշուի եւ պիտի փոխարինուի սահմանապահներով (որոնք հաւանաբար պիտի օժտուին եւրոպացիներուն խոստացած… «ոչ-մահաբեր զէնքեր»-ով): Ցնծացողներ ալ կան, թէ քանատացիներ կը միանան եւրոպացի պօշկէզէն (թող մեզի ներուի այս օտարաբանութիւնը) դէտերու խմբակին:

Խնդրոյ առարկայ գիւղերուն  յանձնումի «աւետիս»ը փաստօրէն նոր նախերգանք մըն է հայութեան հայրենիքին մաս առ մաս կորուստին: Նախընթացներն էին Արցախը (նմանապէս մաս առ մաս), իսկ անկէ առաջ՝ Գետաշէնն ու Շահումեանը (օ՜, զանոնք պէ՞տք է յիշենք հիմա…): Ատրպէյճան բառերը չի ծամծմեր, յայտարարելու՝ որ «ճաշացուցակ»-ին վրայ ունի «կղզեակները» (անքլաւներ), իսկ անկէ անդին՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ը, սկսելով Սիւնիքէն՝ մինչեւ Սեւան ու Երեւան, Գիւմրին ալ՝ վրադիր:

***

Ինչպէ՞ս չյիշել մեր իսկական յեղափոխականներէն՝ անմահ Պատկանեանի բանաստեղծութիւնները, որոնցմէ մէկը տեղադրած ենք ստորեւ, որոշ տողեր շուքով ներկայացնելով, ցոյց տալու՝ որ շուրջ 150 տարուան կեանք ունեցող այդ բանաստեղծութիւնը (եւ բազմաթիւ նմաններ) կարծէք թէ գրուած են այսօրուան մեր վիճակին լոյսին տակ, ողբ ունի այն վիճակին համար, որ «Գառնազգեստ գայլ» մը նստած է մեր գլխուն…: Իսկ Պատկանեան մէկն է այն մտաւորականներէն, որոնք մասնակից եղան Հայկական Յեղափոխութեան խմորումին ու բորբոքման: Անոնք չտարածեցին «պատմական Հայաստան-ներկայ Հայաստան» հակադրութեան սնանկ մտածողութիւնը, այլ հայը ոգեշնչեցին պայքարի դրօշով: Արդիւնքը ծանօթ է:

Վերջին օրերուն, դարձեալ հզօրացած են ահազանգերը, որոնք ամբողջ ազգը, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, կը հրաւիրեն ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ, կը հարկադրեն ձեռքերու միացում, միտքի ու բազկի ուժերու լարում: Փրկութեան գործը պէտք է սկսիլ՝ խնդրոյ առարկայ գիւղերուն յանձնումը կանխարգիլելով, որպէսզի անկէ ետք շարունակուի փրկութեան ու վերականգնումի դժնդակ երթը:

Մէկ բան յստակ է. այս իշխանութիւնը վճռած է «նստած էշէն վար չիջնել», մինչեւ թուրք-ազերիական ԲՈԼՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ իրականացումը: Քանի՞ փաստ պէտք է դեռ՝ որպէսզի մեր ժողովուրդը տեսնէ, թէ ՔՊ-ականներն ու նոյն խրամատը մտնողներ հլու կամակատարներն եւ թշնամիին ու անոր ետին կանգնողներուն: Քանի՞ փաստ պէտք է, որպէսզի ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՃԱԿԱՏԸ միացնէ բազուկները, իսկ զանգուածն ալ համոզուի, որ ընդդիմադիրներուն առաջադրանքը (իշխանաւորներուն քարոցած) «աթոռակռիւ»էն շատ անդին է, հետեւաբար, բոլորուին անոր շուրջ, ձերբազատի «այսինչը կը սիրեմ, այնինչը չեմ հաւնիր» այլանդակ ու կորստաբեր մտածումներէն: Եթէ այսօր ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ քանի մը գիւղ կը յանձնուի Ատրպէյճանին՝ «սահմանները պիտի յստակացնենք ու խաղաղ ապրինք» (ինքնա)խաբէութեամբ, վաղը մեր ժողովուրդը պիտի տեսնէ, որ փուլ առ փուլ պաշտօնական այլ յանձնումներ պիտի յաջորդեն, ինչպէս որ եղաւ, կրկնենք, անվիճելիօրէն հայապատկան Արցախին: Այն ատեն, սաղմոսին բառերը՝ «Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ…»՝ օգնութեան պիտի չհասնին մեզի:

…Մարդիկ արդեօք վճռական ու համատարած շարժումի համար կը սպասե՞ն, որ թուրք-ազերիին ճշդած «սահմանագիծը» քայլ առ քայլ կլանէ Հայաստանը, հասնի իրենց թաղը, կուլ տայ իրենց տուները: Այո՜, մտածող կայ, որ «Տաւուշը ու Ջերմուկը մեզի ի՜նչ, անոնք մեր տունէն շա՜տ հեռու են», նաեւ՝ «Արցախի բեռը իջաւ մեր ուսէն»: Վաղը պիտի «բեռնաթափուին» նաեւ Սիւնիքէն, Տաւուշէն, Տիգրանաշէնէն եւ այլ «բեռներէ»: Ատրպէյճան քանի՜-քանի անգամ հաստատած է, թէ Հայաստանի ոչի՛նչ պիտի տայ, եւ իբրեւ ապացոյց՝ յառաջ կը քշէ Երեւանի իշխանապետին այն «վարկածները», թէ կը վերստանայ այն բոլորը, որոնք իրն էին, եւ վկայ կը բերէ իր «գործակատարներուն» պաշտօնական յայտարարութիւնները…

Չի բաւեր Պատկանեանի բառերը կրկնել եւ ըսել՝ «Հիմի է՞լ լռենք»: Ուրիշ անմահ մը՝ Յ. Շիրազ, աւելի քան 60 տարի առաջ տուած է բարձրագոչ պատասխանը՝ «Ո՛չ, բաւական է… պէտք է պայքարե՛լ»: Պայքարի մարտակոչը արձակուած էր երէկ, կը կրկնուի նաեւ այսօ՛ր: Բանակէն կը սպասուի առաջնորդողի դեր: Արդեօք անկարելի՞ բան է, որ քանի մը օրուան մէջ հիմնական շրջումի ենթարկենք այն «երթ»ը, որ ուղիղ վեց տարի առաջ, 2018-ի ապրիլեան օրերուն (Ապրիլ 24-ի նախօրեակին), սկիզբ առաւ Փաշինեանի եւ «ուսապարկերուն»՝ Գիւմրիէն Երեւան քայլարշաւի բեմադրութեամբ:

Կը հաւատանք, որ անկարելի բան չկայ, որքան ալ որ անբարենպաստ են Հայաստանի ու շրջանի վիճակը: Բանաստեղծութեան վերջին տունին բառերը՝, որոնք ուղղուած են նա՛եւ այսօրուան մունջերուն եւ իրենք զիրենք անդամալոյծ հռչակողներուն, կամ՝ թշնամիին լուծը նախընտրողներուն, հնչեղութիւնը չեն կորսնցուցած:

 

——————————————-

Հիմի է՞լ լռենք

 

Հիմի է՞լ լռենք, եղբարք, հիմի է՜լ,

Երբ մեր թշնամին իր սուրն է դրել,

Իր օրհասական սուրը՝ մեր կրծքին,

Ականջ չի դնում մեր լացուկոծին:

Ասացէ՛ք, եղբարք հայեր, ի՞նչ անենք,

Հիմի է՞լ լռենք:

 

Հիմի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնամին

Դաւով, հրապուրքով տիրեց մեր երկրին,

Ջնջեց աշխարհից Հայկայ անունը,

Հիմքից կործանեց Թորգոմայ տունը:

Խլեց մեզանից թա՛գ, եւ՛ խօսք, եւ՛ զէնք,

Հիմի է՞լ լռենք:

 

Հիմի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնամին

Խլեց մեր սուրը – պաշտպան մեր անձին,

Մշակի ձեռքիցն էլ խոփը խլեց,

Այդ սուր ու խոփից մեր շղթան կռեց:

Վա՜յ մեզ, շղթայով կապուած գերի ենք,

Հիմի է՞լ լռենք:

 

Հիմի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնամին

Սոսկալի զէնքը բռնած մեր գլխին՝

Կուլ տալ է տալիս արտասուք առատ՝

Աղեխարշ բողոք վարուց ապիրատ:

Մեր գլուխ լալու Եփրատ ո՛ւր փնտռենք,

Հիմի է՞լ լռենք:

 

Հիմի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնամին

Լիրբ գոռոզութեամբ լցրած իր հոգին՝

Արդարութեան ձայնը հանած իր սրտից՝

Արտաքսել է մեզ մեր բնիկ երկրից:

Պանդո՜ւխտ, հալածեալ եղբարք ո՞ւր դիմենք,

Հիմի է՞լ լռենք:

 

Հիմի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնամին

Անգոհ մեր բերած ծանր զոհերին,

Իւր լիրբ նզովեալ ձեռքը կարկառեց,

Ազգութեանս վերջին կապը պատառեց:

Հայի կորուստը մօտ է, ի՞նչ անենք,

Հիմի է՞լ լռենք:

 

Հիմի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնամին

Արհամարհելով մեր փառքն ազգային,

Մեր եկեղեցուն ձեռնամերձ եղաւ,

Գառնազգեստ գայլին մեզ գլուխ դրաւ:

Սուրբ խորան չունենք, արդ ո՞ւր աղօթենք,

Հիմի է՞լ լռենք:

 

Հիմի է՞լ լռենք, մարդիկ ի՞նչ կ’ասեն,

Երբ մեր տեղ քարինք, ապառաժք խօսեն,

Չե՞ն ասիլ, որ Հայք արժանի էին

Այդ ըստրկական անարգ վիճակին:

Մեր սուրբ քաջ նախնեաց գործերը գիտենք,

Մինչև ե՞րբ լռենք:

 

Թո՛ղ լռէ մունջը, անդամալոյծը,

Կամ՝ որոց քաղցր է թշնամու լուծը,

Բայց մենք որ ունինք հոգի ու սիրտ քաջ՝

Ե՛կ, անվախ ելնենք թշնամու առաջ:

Գոնէ մեր փառքը մահով հետ խլենք.

Ու այսպէս լռենք:

 

Ռ. ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles