Գլխաւոր

Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. 35-րդ Ընդհանուր ժողովի

Հ.Յ.Դ. 35-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ հայութեան համար աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային լրջագոյն մարտահրաւէրներու, Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւման, Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան, հայոց պետականութեան դէմ ուղղուած գոյութենական սպառնալիքներու ժամանակահատուածի մը մէջ։

Պատերազմներով ընկերացող համաշխարհային վերադասաւորումները, միջազգային կառոյցներու եւ միջազգային օրէնքի, ինչպէս նաեւ զսպումի արդիւնաւէտ գործիքակազմերու բացակայութիւնը ապահովական մարտահրաւէրներ են հայոց պետականութեան լինելիութեան ու հայկական համայնքներու կենսունակութեան համար։

44-օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ խախտած ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը, Ազրպէյճանի շարունակական ռազմատենչ նկրտումներն ու Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած խաղաղութեան կեղծ օրակարգը ապահովական նոր սպառնալիքներ կը ստեղծեն։

Թէ՛ թուրք-ատրպէյճանական առանցքի, թէ՛ ալ Հայաստանի վարչախումբին համար առաջնահերթ թիրախ են ազգային ինքնութենական արժէքներն ու ազգային գաղափարախօսութիւն դաւանող ուժերը։

Հայաստանի անվտանգային եւ կառավարման ճգնաժամը, ներազգային թշնամանք հրահրելու եւ սփիւռքը պառակտելու իշխանութեան քայլերը կը խորացնեն հանրային յուսալքութիւնը։

Քննելով իրավիճակը՝ Հ.Յ.Դ. 35-րդ Ընդհանուր ժողովը հաստատեց․

Մրցունակ, նոր որակի ազգային պետութեան կառուցումը եւ հայկական ինքնութեան պահպանումը ՀՅԴ–ն կը հռչակէ ռազմավարական նպատակ եւ կը յայտարարէ պայքարի վճռական փուլի մասին։

Ըստ այնմ կը սահմանուին ռազմավարական հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.

Հայոց անկախ պետականութեան հզօրացում, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնում, ժողովրդավարական, իրաւական, ընկերային պետութեան կերտում՝ Անկախութեան հռչակագիրի տառին ու ոգիին համապատասխան,
• Արցախի ազատագրման օրակարգին շուրջ համազգային համախմբում, միջազգային իրաւաքաղաքական երաշխիքներու գործադրութեամբ՝ արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի եւ հիմնարար միւս իրաւունքներու իրացում,
• Հայոց բանակի, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգերու ամրապնդում,
• Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման իրաւունքի հետապնդում,
• Ազգային եւ պետական շահերու վրայ կառուցուած, անվտանգային սպառնալիքները յաղթահարող արտաքին քաղաքականութեան որդեգրում,
• Սփիւռքի կազմակերպական հզօրացում, համահայկական օրակարգերու շուրջ ազգային եւ քաղաքական համախմբում։
Միաժամանակ Հ.Յ.Դ. 35-րդ Ընդհանուր ժողովը հաստատեց.

ՀՀ իշխանութիւններու որդեգրած ապազգային եւ ապապետական ընթացքը կասեցնելու, հայրենիքի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, կենսունակ հայկական պետութիւն ունենալու, ընկերային արդարութիւն հաստատելու, ներազգային համապարփակ ճգնաժամը յաղթահարելու եւ ՀՅԴ ռազմավարական նպատակները իրագործելու անհրաժեշտ պայմանը իշխանափոխութիւնն է:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը լի է վճռակամութեամբ եւ պատրաստակամ է պետականութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման օրակարգի շուրջ գոյացնել համազգային համախմբում։

6 Մարտ 2025, Ծաղկաձոր

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button