Լրահոս
Լաթաքիոյ Հայկական Դպրոցն Ու Եկեղեցին Փակ Պիտի Մնան
ՀԱԼԷՊ («Գանձասար»).- Քանի մը օրէ ի վեր, Լաթաքիոյ արուարձաններուն մէջ զինեալ բախումներ տեղի կ՛ունենան երկրի ապահովական ուժերուն եւ ծովափի շրջանի զինեալներու միջեւ եւ այդ պատճառով ալ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան:
Իրավիճակը կը մնայ լարուած:
Տեղւոյն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցին փակ պիտի պահէ իր դռները: Ազգային Սրբոց Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ դպրոցը փակ պիտի մնայ:
Ժողովուրդին թելադրուեցաւ դուրս չգալ բնակարաններէն` մինչեւ կացութեան հանդարտիլը:
Ծովափի շրջանի կառավարական ապահովական ուժերը Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի մէջ պարետային ժամ յայտարարած են: Լաթաքիա-Թարթուս ճամբան փակուած է: