Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Նորընտիր Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյէն Պատուիրակութիւն Մը
ԷՋՄԻԱԾԻՆ․- Շաբաթ, Մարտ 8-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նորընտիր կազմէն պատուիրակութիւն մը` առաջնորդութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի:
Կուսակցութեան ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հ․Յ․Դ․ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներուն մասին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորեց Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչին եւ անդամներուն` կարեւորելով համազգային ներուժի ներդրումը յանուն հայրենիքի զօրացման, ազգի արժանապատիւ ու լուսաւոր գալիքի կերտման:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ստեղծուած մարտահրաւէրները, սպառնալիքներն ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեանն առնչուող հարցեր։ Հուսկ, ընդգծուեցաւ ազգային միասնութեան ու համախմբման անհրաժեշտութիւնը: