Գլխաւոր

250 ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՆ, ԵՒ ՄԵՆՔ՝ ՀԱՅԵՐՍ

 

Գէորգ Պետիկեան

Այս տարուան Յուլիսի չորսին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի տօնէ իր ծննդեան 250-ամեակը: Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն: Արդէն, այս առթիւ զանազան եւ տեսակաւոր ու պատշաճ յայտագրերով, երկիրը կը պատրաստուի տօնախմբելու յոբելենական իր մեծ թուականը: Ու պետութիւն եւ յիսուն նահանգներ, սկսած են իրենց աշխատանքներուն, լաւագոյն ձեւով աշխարհին ցուցադրելու իրենց հարուստ եւ հզօր երկրի հսկայութիւնը, երկրի հիմնադիրներու հանդէպ իրենց ունեցած եւ ցուցաբերած յարգանքը, հպարտանքն ու երախտագիտութիւնը:

Իմ կարգիս, միլիոնաւոր մարդոց նման, ճակատագրի բերումով ես ալ ընտանիքովս  տասնամեակներէ ի վեր կամայ թէ ակամայ այս երկիրը հաստատուած եմ: Նորութիւն մը չէ: Բոլորը գիտեն: Ու հիմա, այս մեծ յիշատակումին առթիւ, կը փորձեմ ձեւով մը վերատեսութեան ենթարկել ես զիս, ցարդ ապրած կեանքս, նաեւ արժեւորումներ կատարել հո՛ս, այս «նոր աշխարհ» կոչուած երկրի բնակարանէս ներս, նաեւ այս աշխարհի ժողովուրդներու խառնուրդ ունեցող երկիրը, եւ էութեանս մաս կազմող տողերով, սրտէս փրթած անկեղծ բառերովս, ընթերցողներուս դիմաց, հոգիս գրելով քակել, անկեղծօրէն եւ համեստ:

Թէեւ այս առթիւ ալ տակաւին ազգային ու մարդկային գետնի վրայ աշխարհ մը ըսելիքներ կախուած են շրթներս, սակայն այս սիւնակներով ե՛ւ այս անգամ պիտի գոհանամ այսչափով:

Ըսեմ.- Ամերիկա հաստատուած օրէս ի վեր կը կարծէիոր այս երկրի գաղտնի կամ բացայայտ իրականութիւնն ու ժամանակի գիտակցութիւնը ճանչցած էի:

Advertisement Subscribe Today

Չարաչար սխալած էիՈւ տարուէ տարի հաստատած էիթէ այս նոր հողին վրայ հանգիստ ապրելու համար պէտք էր որ ուրանայի հինս՝ անցեալս:

-Ա՛ռ քեզի Ամերիկա,- կ’ըսէր միշտ ողորմած հայրս, որ հազիւ ոտքը դրած այս երկրի հողին, ուզած էր վերադառնալ իր Հալէպը: Ու յաճախ կը նշմարէի, թէ իր կարօտի զգացումը զինք լալու աստիճան կը բռնէր: Սակայն, այս ալ ուրիշ հարց էր:

Միւս կողմէ ալ, «կեանքը ըմբռնելու նոր կերպ մըն էր ամերիկանիզմը»,- ըսած ու թելադրած էին շատեր ու ես այս մէկուն, անձնապէս եւ օրին հաւատք չէի ընծայածՈրովհետեւ խանդավառ էի…որովհետեւ Ամերիկան արդէն գրաւած էր միտքս…

Բայց շուտով, մեծամոլութեան ախտէն վարակուած այս նոր աշխարհըմակերեսներու մեծութիւններու վրայ շինուած այս հարուստ եւ ընդարձակ երկիրը, պատմական աւանդութիւնէ զուրկ ժողովուրդներու հաւաքածոյ ըլլալը, անկեղծօրէն օրին մորթիս վրայ կրեցի: Երկիր մը, որ կամացկամաց եւ անգիտակցաբար քե՛զ իր մէջ կը ձուլէ ու դուն եթէ գիտակից չես այս վտանգին, անզգալաբար կը սկսիս «հալիլ»:

Կը հաւատամոր ինծի նման շատ-շատեր այս յստակ իրականութեան դիմաց,  գրեթէ ամէն օրիրենց հայեացքները, ծնողքիս նման օրին ուղղեցին դէպի հեռուն, դէպի իրենց հինը, այդ «երնեկ»ին, սիրելի նախկինին:

Ու հակառակ անորոր գրեթէ բոլորս ալ Ամերիկա հաստատուած ժամանակ մեզի հետ բերած էինք մեր բորբոսած կանոններըարդուկը գացած հարցերըճմրթկուած խնդիրները, մեր իրարու հանդէպ ունեցած ոխերն ու տարակարծութիւնները, մեր տարիներու ազգային «ճեղքուածութիւնը», մեր «բանգիտութիւնը», սակայն մեր մանկութեան եւ երիտասարդութեան երազներու աշխարհը ամէն առիթներով միշտ կը յիշէինք, անով ջերմացնելու համար մեր հոգիներըորպէսզի մեր մտքերը իրենց խաղաղութիւնը գտնէին: Ապա, կարօտ եւ խանդավառութիւն ներարկելով մեր ամէնօրեայ մթնոլորտէն ներս, մենք զմեզ կը փնտռէինք…որպէսզի չկորսուէինք…: Ահա թէ ինչո՞ւ մեր մազերը ժամանակէն առաջ ճերմկցան ու շատ յաճախ մեր կեանքը իր կշռոյթը կորսնցուց: Որովհետեւ եւ ստիպուած, փամփշտակալին մէջ պարապ փամփուշտներ շարած, կեանքի ամէնօրեայ «կռուին» մասնակցեցանքՄեր մտքերը շատ յաճախ ջղային տրոփումներ ունեցանանհանգիստանհաւասար եւ հակասական: Ագահօրէն փնտռեցինք երազին եւ իրականութեան սահմանները:

Մեր նախկին կեանքի բոցը հաստատապէս վարակած ըլլալով մեր բոլոր երազներըսկսանք ժամանակին մէջ ետ ու առաջ թափառիլ: Նաեւ դարձանք մեր նոր սերունդով մտահոգ լաւատեսներ: Ծրագրեցինք: Ձախողեցանք: Քիչ շատ յաջողեցանք: Ինքնախաբէութիւնն ալ ապրեցանք: Երբեմն մեր ցաւէն առաջ վազեցինք: Յաճախ զգացինք ժամանակի եւ օրերու անփոյթ եւ անտարբեր անցքը մեր հոգիին վրայէն:  Ակնթարթի մէջ ծփացող երազներ կիսել սկսանք: Բայց…

Հայ ենք ու մարդկային բնութեան բոլոր հակասութիւնները կը ցայտէին մեր նկարագրին մէջ: Ի՞նչ կրնայինք ընել…այսպէս ծնած էինք:

-Ամէն ինչ վարժութեան հետ կապուած է,– կ՛ըսէր ողորմած մայրսու կ՛աւելցնէր թէ,- վարժութենէն կը ծնի նաեւ համակերպումըԱհա ահաւոր վտանգը, նաեւ բարենիշըանշուշտ եթէ գիտնանք մեր ակնկալածին չափն ու սահմանը:

Այս է հայուն պատմութիւնը, հոս կամ ամէն տեղ, այս մեծ երկրագունդի արեւին տակ:

Այս է նաեւ հայուն կեանքի հեգնանքըՈրովհետեւ որպէսզի մեր ազգային յոյսի տաճարը չփլէր, միշտ ծանր պայքարեցանք կեանքի այս հեւքին մէջ բան մը պահելու համար: Այո՛,  թէեւ բոլոր ամերիկացիներուն նման խօսքի եւ մտքի ազատութիւնը կը վայելէինք, սակայն… բայց, շուարած եւ նոյնքան ալ վախցած, երբեմն մենք մեզի հարց տուինք…

-Ո՞վ էինք մենք, մարդակային այս հսկայ ձուլարանին մէջ, որ կը կոչուէր Ամերիկա: 350 միլիոն եւ աւելի բնակչութիւն ունեցող այս երկրէն ներս, այս օրերուն քանինե՜ր մեզ կը ճանչնային…: Տակաւին առաւել մանրամասնելով…ես ինծի հարց կու տայի, թէ ե՛ս ո՞վ էի… ե՛ս…անձս…

Դժուարին հարցում մըորովհետեւ լաւ գիտեմոր հայը ըմբռնել կը նշանակէր մարդ իր անձին թափանցել: Ու դարձեալ ես զիս համոզելով կը պատասխանէի…

-Հայ մըն էի, անհատ մը, այս միլիոնաւոր մարդակային խճողումին մէջ: Պարզ թիւ մը, գաղթական մը, եւ յատկապէս հայրենիքէն ակամայ հեռու բնակող մարդ մը, որ նաեւ արտասահման ապրող բոլոր հայերուն նման, արմատ բռնած էր իր ապրած հողին վրայ: «Անոր համար է որ աշխարհի տարածքին հայուն կեանքը եւ ամէն տեղներքնապէս կը հիւծէր իր ազգին մարմինը»,-կ’եզրակացնէի:

Ու անկեղծօրէն նաեւ ըսեմ, որ հո՛ս հաստատուած առաջին իսկ օրէն, կը զգայի որ հայ թէ տեղացի, օտար կամ ծանօթ մարդիկ, զիս չէին հասկցած: Նոյնիսկ չէին փորձած հասկնալ: Օտար մըն էի, զիս շրջապատող բազմութեան մէջ: Իրենց համար  անընդունելի: Այս բոլորը տեսանելի էին ու նոյնքան ալ խղճալի եւ յաճախ՝ թունաւոր:

Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ազգովին ճակատագրական պահեր, դէպքեր եւ պատահարներ կանգնեցան մեր դիմաց ու տակաւին կը յամենան: Բոլորս ալ յաճախ ցնցուեցանք, եւ երբեմն ալ յուզուեցանք, տխրեցանք եւ երբեմն ալ՝ ուրախացանք։ Բնական է: Յաճախ ալ մեր օրերը հառաջանքի աղմուկով լեցուեցաւ: Ու կամաց-կամաց աշխարհի աղմուկին մէջ ծերացանք: Անձնապէս բացառիկ մը չէի… ծերացայ նաեւ ես:

Բայց, անկախ անձնական յուզումներէ, յոյսերէ, մտորումներէ, ակնկալութիւններէ, հոգեկան փոթորիկներէ, ուրախ եւ տխուր պահերէ, շարունակեցի յամառօրէն գոյատեւել:

Համեստօրէն նաեւ կ՚ուզեմ աւելցնել, որ ընդհանրապէս ցարդ տարիքս չեմ զգացած, որովհետեւ կը գիտակցիմ, որ ես տակաւին շատ գործ ունիմ ընելիք, որոնք զիս հանգիստ չեն ձգեր։ Գոհ եմ իմ կատարածներէս։ Առանց մեծամտութեան ըսեմ, որ ցարդ ստեղծած եմ «ուժերուս» ներած չափով, նոյնիսկ յաճախ զարմանալով, թէ ինչպէ՞ս այս բոլորը հոս հասցուցած եմ։

Ու թէեւ ճակատս տարիներէ ի վեր արդուկը անցած տաբատիս ակօսներուն կը նմանէր, իսկ մազերս՝ պատկառելի ճերմակութիւն մը ստացած էին…բայց…հակառակ այս բոլորին,  դարձեալ կ’ուզէի յիշելհինըանուշըսէրն ու թախիծըորոնց պատերուն տակ պատանեկութիւնս ու երիտասարդութիւնս մեծցան, անուշ եւ անմեղ օրերով: Միւս կողմէ սակայն, նաեւ ականատես եղանքոր աշխարհ ըսուած այս գեղեցիկ մոլորակը, արդէն դարերէ ի վեր տակն ու վրայ վիճակ մը կ՚ապրէր: Նաեւ ականատես եղանք, որ հայահոծ կամ ոչ շատ մը նահանգներէ ներս, կարծես ապագայի «նպատակը» հետզհետէ սկսած էր մաշիլ, կամ արդէն իսկ մաշած էր։ Այս ընթացքով պիտի մաշէր նաեւ ժողովուրդիս յոյսն ու ոգին եւ մենք կամաց-կամաց պիտի փոքրանայինք ու եւ ապա՝ սերունդներ պիտի կորսուէին։ Որովհետեւ… որովհետեւ, չար սատանայ, հայ կեանքի բազկերակը երբեմն կամայ թէ ակամայ անկանոն կը գործէր։ Անոր համար, շատ յաճախ մեր լեզուի ծայրէն անէծք կը թռէր:

Շանթահար իրականութիւն:

Ու իբրեւ ցեղին հաւատարիմ մնալու որոշումով ու հաւատքով, ամէն գնով եւ գերագոյն զոհողութիւններով հայկական մեր ինքնութիւնը միշտ փնտռեցինք ամէն տեղ, եւ ամէն առիթով: Մեզի յաջորդող նոր սերունդի մասին միշտ եւ երկար մտածեցինք: Եկեղեցիներ, դպրոցներ, հայ կեդրոններ կառուցեցինք: Գիր ու գրականութեամբ զբաղուեցանք: Մեր դարերու մշակոյթը բարգաւաճ պահել աշխատեցանք: Հայրենքի ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարը բաբախել տուինք անոնց սրտերուն մէջ: Միշտ փորձեցինք անոնց հոգիի աչքերը բաց պահել: Յաճախ ունեցանք արդար կամ ոչ պոռթկումներ, տեսակաւոր կեցուածքներ, սխրանքներ, բայց, Հայաստանն ու Արարատը պահեցինք իրենց հոգիներուն մէջ: Ու թէեւ ներկան եւ ապագան մեր աչքերուն առջեւ անորոշ վիհ մըն էր, սակայն ժամանակի գիտակցութիւնը փորձեցինք փոխանցել: Դիմագիծ եւ ինքնութիւն պահել ներշնչեցինք: Մեր նոր սերունդին, մեր մշակոյթին գուրգուրալ եւ հաղորդակից դարձնել սորվեցուցինք: Օրն ի բուն ու միեւնոյն ատեն ամէն առիթով մեր նայուածքներուն մէջ պահեցինք սէրն ու կարօտը մայրենիին, հայրենիքին, հայու ոգիին եւ  ծննդավայրին: էութիւնն ու ազգային գիտակցութիւն սերմանեցինք անոնց հպարտ, անվիշտ, անխռով սրտի նման ու միշտ լաւատես մտքով եւ յոյսով ապրեցանք:

Տարօրինակ ժողովուրդ մըն ենք: Ուրիշներու չէինք նմանիր, ոչ ալ կը նմանինք:

Բոլորս ալ այս հսկայ երկրին մէջ, ապրած ենք եւ կ՛ապրինք հայ ըլլալու հաճելի եւ դժուար փորձառութիւնը: Ահա թէ ինչո՞ւ երկար կը մտածեմ հոս մեզի հետ ապրող հայրենակիցներուս մասին, եւ յանկարծ միաժամանակ մտահոգութենէ ծնունդ առած վախ մը, երակներուս մէջ կը սկսի լողալ:

Ուստի, կը մտածեմ, կանգ առնելու եւ մտածելու ժամանակ չգտանք: Ապրեցանք շրջուն իրականութիւն՝ որուն հաւատք կարելի չէր ընծայել: Որովհետեւ, բոլորս ալ կապրինք խառն ժամանակներու մէջորոնց դրական եւ բացասական անդրադարձներէն անմասն չենք կրնար մնալ։

Չէ՞ որ մենք հոգիով լեցուն ժողովուրդ ալ էինք եւ ենք: Յաճախ կը հաւաքուինք նոյն յարկին տակ, որպէսզի նոյն կերակուրը ուտէինք, նոյն երաժշտութիւնը լսէինք եւ իրարմով ջերմանայինք:

Այս բոլորի մասին տարիներով ալ խօսած ենք, մանաւանդ՝ հայկական դիմագիծի պահպանման մասին, առանց անդրադառնալու, որ նախ մեր մօտեցումները, մեր ազգային ըմբռնումներն ու մեթոտները պէտք էր վերանայէինք ու անպայման

վերարժեւորման ենթարկէինք: Կը կարծեմ, որ ունինք պէտք եղած կարելիութիւնները հետապնդելու բազկերակն ու միջոցները: Բայց առաջնորդ չունինք: Ազգային ղեկավար չունինք: Այս մէկուն մասին անցնող տարիներուն միշտ ու շատ առատ խօսած եւ անդրադարձած էինք եւ ենք:

Արդ, իբրեւ ազգին գլխաւոր ձգտումներով մտահոգ հայ մարդ, այս երկրի ծննդեան 250-ամեակին առթիւ, կը յուսանք օրինակներ վերցնել մեր քթին տակ ապրող ու շնչող եւ յաջողած օտար սփիւռքներու փորձառութիւններէն: Նաեւ կը յուսանք ունենալ միասնական ղեկավարութիւն, որպէսզի, որոնելով մեր ինքնութիւնը, Ամերիկայի նոր դարաշրջանին բացուող հայ կեանքի առողջ պայքարին բոլորով միատեղ մասնակից դարձնէ:

Տակաւին գրելու բաներ շատ կան:

 

bedig43@aol.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button