Ի ՊԱՏԻՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Կիրակի, 15 Նոյեմբերին Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանի Terrace on the Park համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակին եւ ծննդեան 75-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութիւնը, որուն փութացած էին ներկայ ըլլալ ո՛չ միայն Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի հաւատացեալներ, այլեւ Արեւելեան Թեմի զանազան ծուխերէ ժամանած հայորդիներ։
Տօնախմբութիւնը սկիզբ առաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի գոհաբանութեան Պատարագով Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Այնուհետեւ, համալիրի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթը, ուր ջերմիկ մթնոլորտը կ՚ոգեկոչէր Առաջնորդարանի ընտանիքի մը հաւաքոյթը՝ գոհաբանական տօնախմբութեան ոգիով։
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մեթր Արմէն Մորեան, որ նաեւ կատարեց հանդիսավարութիւնը։ Այնուհետեւ, երգչուհի Անահիտ Զաքարեան մեկնաբանեց ամերիկեան եւ հայկական ազգային քայլերգերը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը կարդաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվանիա) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան։

Հանդիսութեան ներկայ էին հետեւեալ հոգեւորականները. Արժպ. Տ. Աբրահամ Քհն. Մալխասեան՝ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ (Պէյսայտ, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի ներկայացուցիչ, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան եւ երէցկին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան եւ երէցկին, եւ Թրոյի (Նիւ Եորք) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան եւ երէցկին։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի կողմէ՝ տիկ. Սիւզըն Չիթճեան-Էրիքսըն, իրենց խօսքերով դրուատեցին Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նուիրումի, բարեսրտութեան, համեստութեան ու սիրոյ ոգին, զոր ամէնօրեայ ջանքով մատուցած է իր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու ազգին։ Գնդ. Սարաֆեան, ընդարձակօրէն անդրադառնալով անոր գործունէութեան, շեշտեց, թէ «մեր Թեմի ծառայութեան իր ժամանակամիջոցին, Անուշաւան Սրբազան Հայրը հսկայական հետք ձգած է՝ Առաջնորդարանի եւ ծուխերու միջեւ, ինչպէս եւ ծուխերու փոխադարձ յարաբերութիւնը բարելաւելով»։ Ան դիտել տուաւ, թէ «շաբաթավերջերուն մեծաւ մասամբ ինքնաշարժ կը վարէ՝ ծուխերուն հասնելու, ինչպէս ըրած է քսան տարուան ընթացքին, նախ իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ եւ ապա իբրեւ առաջնորդ»։
Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, խօսքը ուղղելով Սրբազան Հօր, յայտնեց, թէ «Ո՛չ մէկ ճառ կրնայ անձի մը կեանքի ամբողջ իմաստը պարզել։ Իրագործումներու արձանագրութիւնը մը կրնայ մեզի ըսել, թէ տուեալ անձ մը ու՞ր ծառայած է եւ ի՞նչ կատարած է, բայց չի կրնար մեզի ամբողջութեամբ յայտնել, թէ ի՞նչ նշանակած է այդ ծառայութիւնը ստացողներուն համար։ Այդ իմաստին մէկ մասը այսօր մեր առջեւն է, ձեր ուրախութիւնը եկած մարդոց դէմքերուն վրայ։ «Միասնաբար,», մեր ներկայութիւնը ձայն կու տայ պարզ եւ խորազգաց գոհաբանութեան. Երախտապարտ ենք, որ ձեր կեանքը հպած է մեր կեանքին։ Թող ձեր շուրջ բոլորուած գորովը մասնիկ մը բերէ այն մխիթարութեան եւ քաջալերութեան, զորս դուք պարգեւած էք ուրիշներու»։
Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, անդրադառնալով Սրբազան Հօր գործունէութեան կարգ մը կէտերուն, ընդգծեց. «Առաջնորդ Սրբազան Հօր ծառայութեան կոչումը, անոր արտադրողականութիւնը եւ անոր աշխատանքի բարոյականը այնքան փոխանցիկ կը դառնան, որ այս կամ այն ձեւով զինք շրջապատողները կը վարակուին անխտիր։ Ան, իբրեւ ճշմարիտ հովիւ, նաեւ իր հօտի առաջնորդը եղած է Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ՝ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար։ Անոր առաջնորդութեամբ, Առաջնորդարանի նաւը այս բարդ ժամանակներուն մարտահրաւէրները դիմագրաւած է։ Անուշաւան Սրբազան Հօր կը ցանկանք վերանորոգ ներշնչում եւ թափ, որպէսզի նաւը շարունակէ այդպէս ընթանալ»։
Ընթրիքէն առաջ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան օրհնութիւնը տուաւ, եւ իրեն յատուկ ոճով այցելեց իւրաքանչիւր սեղան, ներկաներուն հետ խօսելով եւ լուսանկարուելով։

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան երգիչներ Անահիտ Զաքարեան, Քարինա Վարդանեան, Զեփիւռ եւ Արմէն Արծիւեան, եւ ջութակահար Անկելինա Թոզլեան։ Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը, որ ամփոփ կերպով կը ներկայացնէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի կեանքն ու գործունէութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութեան իր խօսքին մէջ, անդրադարձաւ երեք մտածումներու, զորս ընտրած է որպէս նշանաբան. ապրիլ Աստուծոյ հետ, ամէն օր սորվիլ նոր բան եւ սիրով լեցուն ժառանգ թողուլ։
«Ապրիլ Աստուծոյ հետ չի նշանակեր միայն ուղղահայեաց յարաբերութեան մէջ ըլլալ Երկնաւորին հետ, այլ Անոր սիրոյ, ներողամտութեան, համբերութեան եւ այլ շնորհներով զարդարուած, հորիզոնական յարաբերութիւն մշակել մեր նմաններուն եւ բոլոր արարածներուն հետ։ Ամէն օր նոր բան սորվիլ կը նպատակադրէ ո՛չ միայն ծանօթութեանց պաշար ամբարել, այլ ինքնաճանաչումով եւ ինքնանորոգումով դէպի աստուածացում տանող ճանապարհին վրայ ընթանալ։ Իսկ սիրով լեցուն գործերու ժառանգ ձգելը ո՛չ որպէսզի երբ երկրաւոր կեանքէն հեռանանք բարեմասնութիւններով յիշուինք եւ գովաբանուինք, այլ աւելի ընդարձակ պրիսմակի ընդմէջէն դիտելով, զայն նկատենք մնայուն ներդրում ի նպաստ յաւերժական մեր կեանքին», ըսաւ Սրբազան Հայրը,
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ խմբովին երգուած «Կիլիկիա»-ով։


