ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԲՌՆԱՏԻՐԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 26 Second

  Ա.Ա. 

Ատրպէյճանի բռնատէր Իլհամ Ալիեւ՝ անակնկալի մատնելով երկրին տարբաղադրուած, հալածեալ եւ կոտորակուած ընդդիմութիւնը, հրահանգեց յառաջաձգել նախագահական ընտրութիւններուն թուականը, որ 2025-ին էր, զայն Փետրուար 7-ին կայացնելու որոշում հրապարակելով։

Հինգերորդ անգամ իբրեւ թեկնածու առաջադրուելով՝ բռնատէրը իր քարոզչական արշաւին համար շահագործեց Արցախեան երկրորդ պատերազմին արդիւնքը եւ ներկայացաւ իբրեւ «յաղթանակած ժողովուրդին յաղթական առաջնորդը», որ երկու պատճառներու համար յառաջաձգած է նախագահական ընտրութիւններուն թուականը։ Առաջին պատճառը կը վերաբերի նոյնինքն Արցախեան երկրորդ պատերազմին, թէ «յաղթանակ»-էն ետք առաջին առիթով իսկ եւ շուտափոյթ պէտք է, որ կազմակերպուի նախագահական ընտրութիւնները։ Երկրորդ պատճառ տրուած է Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, թէ անկախութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով երկրին ամբողջ տարածքին մարդիկ քուէարկութեան պիտի մասնակցին։ Հոս պէտք է նշել,որ քուէատուփեր պիտի հաստատուին Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի գերիշխանութեան տակ անցած եօթը շրջաններուն եւ նոյնիսկ ամայի Ստեփանակերտի մէջ։

Փտածութեան եւ կաշառակերութեան աննախընթաց իրավիճակով, ինչպէս նաեւ քաղաքական բանտարկեալներու բարձր թիւով՝ Ատրպէյճան կը համարուի բռնատիրական վարչակարգ ունեցող երկիր մը, ուր մարդու իրաւունքները եւ խօսքի ազատութիւնները ոտնակոխուած են, ընդդիմութիւնը ենթակայ է հալածանքի, բռնատէրին ընտանիքը եւ անմիջական շրջապատը ձեռք դրած են երկրին պետական ամբողջ հասոյթին վրայ, ժողովուրդը կքած է պարտքերու տակ,իսկ ժողովրդավարութիւնը բառին ամբողջական իմաստով բացակայ է երկրէն, ուր կը յաջողի ան, որ ամբողջական հաւատարմութիւն կը յայտնէ Ալիեւ ընտանիքին եւ կ՛ենթարկուի իշխանութիւններուն քմահաճ որոշումներուն։

Ինչ կը վերաբերի նախագահական ընտրութիւններուն, ապա պէտք է նշել, որ ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը, որուն անդամները հլու կամակատարներն են Իլհամ Ալիեւի, տասնեօթը դիմորդներուն միայն եօթին դիմումնագրերը համարեցին օրինական եւ հաստատեցին անոնց թեկնածութիւնը։ Առաջինը անշուշտ Իլհամ Ալիեւն է, որ հինգերորդ ընտրաշրջանի մը համար իր թեկնածութիւնը առաջադրած է, սահմանադրութենէն հանելով երկու շրջան ընտրուած թեկնածուի մը երրորդ շրջանի համար ընտրուելու վերաբերեալ արգելքը։ Ծիծաղելին սակայն այն է, թէ ընդդիմութեան կողմէ պոյքոթի ենթարկուած նախագահական ընտրութիւններուն վեց թեկնածուները՝ Ֆազիլ Մուսթաֆա, Ճահիտ Օրուճ, Ղուտրաթ Հասանկիւլիեւ, Ռազի Նուրուլլաեւ, Ֆուատ Ալիեւ եւ էլշատ Մուսաեւ, հանրածանօթ զօրակիցներ են իշխող Ալիեւ ընտանիքին եւ նախագահական ընտրութիւններուն կ՛աճապարեն իբրեւ թեկնածու առաջադրուելու, որպէսզի ընտրութիւններուն ձախողին եւ ձգեն այն տպաւորութիւնը, թէ Ատրպէյճանի մէջ կը կայանան արդար եւ ժողովրդավար ընտրութիւններ։ Նաեւ պէտք է նշել, որ վեց թեկնածուներուն առաջին չորսը խորհրդարանի պատգամաւորներ են, իսկ վերջին երկուքը՝ Ֆուատ Ալիեւ եւ Էլշատ Մուսաեւ կը ներկայացնեն արտախորհրդարանական ուժերը։ Իսկ Էլշատ Մուսաեւ վեթերան թեկնածու մըն է, որ նախագահական հինգ ընտրութիւններու իր թեկնածութիւնը առաջադրած է՝ դառնալով Ալիեւներու նշանաւոր խամաճիկը։

Ատրպէյճանի մէջ պետական բոլոր աշխատանքներուն մէջ Ալիեւ ընտրած է Արցախեան երկրորդ պատերազմին արդիւնքը շահարկելու քաղաքական ուղեգիծը եւ ընտրական հոլովոյթները զերծ չեն այս ուղեգիծէն։ Ալիեւ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ  յաղթական առաջնորդ մը, որ կը չէզոքացնէ ընդդիմութիւնը՝ քաղաքական  եւ  հասարակական գործիչներ բանտարկելով, անկախ լրագրողներ, ակադեմականներ եւ հանրածանօթ դէմքեր մեկուսացնելով, զանոնք համարելով վտանգ մը իր բռնապետական վարչակարգին համար։ Այս ծիրին մէջ եօթը փետրուարի կայանալիք նախագահական ընտրութիւնները խորքին մէջ խիստ եւ կարեւոր քննութիւն մը պիտի ըլլան միջազգային կառոյցներուն եւ ընտանիքին համար։Եթէ քաղաքական, տնտեսական եւ առեւտրական շահերը գերադասուին, բան մը, որ այդպէս կ՛ակնկալուի, Ալիեւի վերընտրութիւնը պիտի ծափահարուի միջազգային ընտանիքին կողմէ, նոյնիսկ եթէ նախագահական ընտրութիւնները համարուին անարդար։ Միջազգային ընտանիքին անաչառութիւնն է, որ նժարի վրայ պիտի գտնուի՝ Ատրպէյճանի նախագահական բռնատիրական ընտրութիւններուն առիթով։Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, որ շահերը աւելի ծանր պիտի կշռեն։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles