Շատ Ժամանակ Չմնաց

0 0
Read Time:4 Minute, 13 Second

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Վերջին շրջանին յաճախ կը խօսուի այն մասին, որ հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնութեան մը ստորագրութիւնը մօտալուտ է. տրամաբանական է մտածել, որ այդպիսի համաձայնութեան մը անխուսափելիօրէն պիտի հետեւի հայ-թրքական համաձայնութեան մը կնքումը` կանխատեսելի պարունակութեամբ: Այդպիսի համաձայնութիւններու յանգման պարագային դժուար չէ նախատեսելը, որ շուրջ երկու դարերու գոյութիւն ունեցող Հայկական հարցի լուծումը ցարդ կ՛ընթանայ դէպի համաթրքական կողմի վերջնական յաղթանակի ուղղութեամբ: Միամտութիւն է հաւատալ, որ թրքական խնամատարութեան տակ հայկական պետականութիւն կարելի է պահել:

Այդ համաձայնութիւններով կը սկսի նախորդ դարու իննսունական թուականներու սկիզբները Թուրքիոյ նախկին նախագահներէն մէկուն նախատեսութիւնը, թէ 21-րդ դարը պիտի ըլլայ թրքութեան դարաշրջանը. վարկածը իրականացնելու ինքնակոչ պաշտօնեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան ներկայ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է, որ չափազանց լուրջի առած է իր ցնորական պաշտօնը: Այդ ուղղութիւնը մատնացոյց կ՛ընէ Թուրքիոյ ներկայ ղեկավարութեան ներկայ քաղաքականութեան ընթացքը բոլոր ուղղութիւններու վրայ` արեւելեան Միջերկրականի, Հարաւային Կովկասի, Սեւ եւ Եգէական ծովերու ճակատներու վրայ ամէն օր արտայայտուող քաղաքական ձգտումները, որոնք, առանց բացառութեան կը գտնուին իրենց իրականացման սկզբնական փուլին մէջ: Հարաւային Կովկասի մէջ երկու մատներու արանքէն կ՛երեւի թրքական կողմին ժամանակի ընթացքին յաջողութեան հասնելու բաւական բարձր հաւանականութիւնը:

Հայկական քաղաքական միտքը շատ լաւ կը հասկնայ, թէ ո՛ւր կրնայ առաջնորդել այս իրավիճակը. հայկական պետականութեան անէացումը եւ պատմական Հայաստանէն հայութեան ի սպառ անհետացումը անխուսափելի կը դառնայ, եթէ հայկական կողմի կրաւորականութենէ անդին չանցնող պաշտօնական կեցուածքները կարճ ժամանակի մէջ չվերածուին ներգործական քաղաքական գործողութիւններու` ամբողջական կերպով շարժման մէջ դնելով հայութեան բոլոր տեսակի կարելիութիւններն ու կարողութիւնները:

Ներկայիս դժբախտաբար հայութեան թշնամիները կրցած են լուրջ կերպով պառակտել հայութիւնը: Հայութեան ազատագրման համար կարելի չէ, ներկայ հանգրուանին, հաւաքագրել հայութեան բոլոր ուժերը, որովհետեւ ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները շատ հաշտ կերպով կ՛ընդունին թրքական տարրին հետ համագործակցութիւնը անտեսելով ո՛չ միայն անցեալի, այլ նաեւ ներկայիս արտայայտուող անոր հայասպան նկրտումները: Հայութեան անխուսափելիօրէն անհրաժեշտ ազատագրական պայքարը տանելու պարտաւորութիւնը կ՛իյնայ միայն հայոց ազգային ուժերու ուսերուն: Ներկայ իշխանութիւնները կը մերժեն ազգի գաղափարը` գոհանալով Հայաստանի մնացորդացին վրայ նորազատական սպառողական գերազանցօրէն ապազգային հասարակութիւն մը ստեղծելու անգոյն նպատակով:

Դեռ երեք տասնամեակ առաջ հայութիւնը տարաւ իր յաղթանակը ազգի անունով` ազատագրելով Արցախը Ազրպէյճանի տիրապետութենէն: Այսօր Արցախն ու արցախցին Հայաստանին բեռ կը նկատուին երկրի իշխանութիւններուն կողմէ. ապազգային մանրէէն վարակուած է նաեւ հայ ժողովուրդին մէկ մասը:

Հետեւաբար ազատագրական պայքարը կ՛ենթադրէ միաժամանակեայ երկու ճակատ. ներքինը` սրբելու եւ արմատական կերպով ջնջելու օտարամուտ, ապազգայինը քաջալերող գաղափարները, որոնց քարոզչութիւնը յատկապէս հայրենիքէն ներս ամլացուցած է ազգաբնակչութեան մէկ զգալի մասի ինքնապահպանման բնազդը: Երկրորդ` արտաքին ճակատին վրայ ուժական ներկայութիւն դառնալու համար կարեւոր է բոլոր ազգային ուժերու միաւորումը, նկատի ունենալով ներքին ճակատին վրայ գոյութիւն ունեցող երկուութիւնը եւ ատկէ յառաջացող արտաքին ուժերը չէզոքացնելու համար տարուող պայքարի յաւելեալ դժուարութիւնը:

Մէկ խօսքով, հարկ է ազգին վերադարձնել իր կորսնցուցած զանգուածին կարելի եղածին չափ մեծ մասը` միաժամանակ կասեցնելով շարունակուող արիւնահոսութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանը ապազգայնացնելու քարոզչութիւնը հիմնուած է առաւելաբար սուտերու տարափի մը վրայ, որուն վնասը չէզոքացնելու համար հարկ է մեծ արագութեամբ չէզոքացնել սուտերու ազդեցութիւնը եւ այդ ազդեցութիւնը երկարաձգող խմբաւորումներն ու մանաւանդ` անոնց միջոցներն ու մատակարարման աղբիւրները: Սայթաքած ժողովուրդի զանգուածը պէտք է անդրադառնայ, որ մեծ խաբէութեան մը թիրախը դարձած է վերջին տասնամեակին:

Ազգային ուժերու դաշինքով պէտք է հետապնդել պետական մեքենան ճիշդ հունի մէջ դնելու աշխատանքը, որուն համար կարեւոր է իշխանութեան գլուխը անցնիլը: Անհրաժեշտ է արագօրէն նորոգել պետական մեքենան, որուն կարողականութիւնը լրջօրէն պակսած է վերջին հնգամեակի ընթացքին. երկրի մը միանձնեայ կառավարումը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ: Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ ՀՅԴ-ն իշխանութիւն բանեցնելու մոլութենէն զերծ է: Ատիկա փաստուած է ՀՀ-ի նորագոյն պատմութեան ընթացքին. ան միակ կուսակցութիւնն է, որ մաս կազմած է կառավարական դահլիճներու եւ յաճախ` հրաժարած անոնցմէ, երբ իր հայեցողութեան հակառակ որոշումներ կայացուած են կառավարութիւններու կողմէ: Մոռցուած չէ անշուշտ, որ Դաշնակցութիւնը մաս կազմած է Քաղաքացիական պայմանագրի առաջին կառավարութեան եւ, կարճ մասնակցութենէ մը ետք, հրաժարած ատկէ անոր նպատակները շատ արագ ըմբռնած ըլլալով. իսկ 2018-ի իշխանափոխութենէն տարին չամբողջացած հրապարակային կերպով զգուշացուցած է կառավարութիւնը, որ երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի անկում: Նոյն շրջանին ՔՊ իշխանութիւնը ապօրինի եւ հակասահմանադրական գործելաձեւով կը փոխէր Սահմանադրական դատարանի բաղադրութիւնը` իր պաշտօնավարութեան աւարտի ծրագիրներու հեզասահ իրականացումը ապահովելու հեռանկարով:

Այսօր երկիրը կանգնած է անդունդի եզրին եւ կարիքը ունի ուժեղ իշխանութեան մը` դիմագրաւելու համար հետզհետէ բազմացող եւ ուռճացող զոյգ մարտահրաւէրները:

Ժամանակը սկսած է ճնշել: Շուտով անդունդի եզրէն ետդարձը անկարելի կը դառնայ: Որեւէ վայրկեանի Հայաստանին կրնայ պատահիլ այն, ինչ որ պատահեցաւ Արցախին` աշխարհի աչքերուն առջեւ, ապշահար հայութեան նայուածքներուն տակ եւ ՀՀ իշխանութեան զայրացնող անտարբերութեան ուղեկցութեամբ:

Փրկութեան յոյսը ազգային ուժերու միասնութեան եւ անոնց մարտունակութեան համադրեալ դրսեւորումին մէջ կը կայանայ: Խօսքերը շատոնց ըսուած են, կրկնութիւններն ալ այլեւս դադրած են մարդոց ականջներուն վրայ ազդեցութիւն գործելէ: Հարկ է սկսիլ ուժեղ եւ հետեւողական պայքար` ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ վերջ տալով ներկայ անհեթեթ վիճակին, ուր մեր հայրենիքի ճակատագիրը կարելի է գուշակել օդերեւութաբանական վիճակագրական պատահականութեան թերի կանխատեսանելիութեամբ եւ բախտախաղային դիւանագիտութեան շարժումներով, գլուխը պատէ պատ զարնելով, մինչեւ որ գանկը պայթելով` բոլորս ականատեսը դառնանք անոր դատարկութեան եւ անոր հետեւող հայրենիքի պարպումին, ինչպէս պատահեցաւ Արցախին:

Կարգը ազգային գիտակցութեան տէր դիմադրութեան է. ներկայ կացութեան շարունակութիւնը փաստացիօրէն նախատեսելի է: Դիմադրութիւնը, հարկաւ, առայժմ միայն յոյս է, որ սակայն հաւանականութիւն մը ունի վերածուելու իրականութեան. երաշխաւորուած է միայն արժանապատուութեան պահպանումը, յաջորդ սերունդներու հպարտութեան պատճառը եւ ճիշդին օրինակը, որպէսզի թէկուզ հեռաւոր ապագային Րաֆֆի մը սերունդ դաստիարակելու ատաղձ ունենայ իր վէպին ու բանաստեղծութեան միջոցով, որպէսզի կարելի ըլլայ ոգեկան հունտերը փոխանցել ապագայ նորերուն, բազմաթիւ սերունդներու «յաջորդ տարի Արարատի փէշերուն» խօսքը տասնամեակներ կամ դարեր սերունդէ սերունդ արտասանելէ ետք վերադարձի առաջին քայլը առնուի:

Բարեբախտաբար տակաւին հոն չենք. դեռ առիթներ կան, եւ ոճիր է այդ առիթները փախցնելը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles