Լրահոս

«Ազատ Սիւնիք» Գրքոյկ – Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի Հրատարակութիւն

 

Դաւիթբէկեան ուխտերու ծնունդի այս բացառիկ օրը կը ներկայացնենք «Ազատ Սիւնիք» գրքոյկի հրատարակութիւնը` Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի դաստիարակչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ:

Օգոստոս 25, 1920-ին Կապանի Կաւարտ գիւղին մէջ Նժդեհի զինուորները կ՛ուխտեն Դաւիթ Բէկի անունով` «Հաւատարիմ մնալ հայրենի երկրի ազատութեան, իրենց հրամանատարին` Նժդեհին, եւ կռուիլ մինչեւ վերջին շունչը»:

Գրքոյկին վերնագիրը ներշնչուած է ինքնավար Սիւնիքի խորհրդարանի կողմէ տպագրուած նոյնավերնագիր հանդէսէն` Գարեգին Նժդեհի խմբագրութեամբ, հրատարակուած` 1921 թուականին, Գորիսի «Սասուն» տպարանին մէջ:

Գրքոյկը Հ․Յ․Դ․ երիտասարդականի «Դէպի Սիւնիք» ռազմավարական ծրագրի ծիրին մէջ գտնուող աշխատանքներէն մէկն է: Այստեղ ամփոփուած են Սիւնիքի պատմական աշխարհագրական բնութագրի, Լեռնահայաստանի հերոսամարտի, Նժդեհի կենսագրութենէն եւ խօսքերէն, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի ռազմավարական նշանակութեան մասին նիւթեր:

Այս գրքոյկը կը հրամցուի հանրութեան` իբրեւ պատգամ, թէ` հայրենիքի անվտանգութիւնը կը սկսի անոր գերադասումէն` ամէն բանէ վեր ըլլալէն, իբրեւ նախապայման` մեր ազգի գոյատեւման եւ արարումին: Արցախի շրջափակման աղէտալի այս օրերուն կը հաստատենք, որ կարելի է դէմ դնել թշնամիին եւ դաւաճաններուն` կառչած մնալով հայրենի հողին եւ ուժի պաշտամունքին:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button