Նաւը Փրկելը Առաջնահերթութիւն է

0 0
Read Time:1 Minute, 59 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Հայորդիին համար իւրայատուկ իմաստ ունեցող՝ Կոստան Զարեանի ծանօթ վէպին մէջ նկարագրուած նաւուն մասին չէ խօսքը։ «Նաւը լերան վրայ»-ի խորիմաստ մտորումներ մի՛շտ ալ կան, բայց այս անգամ հայութեան նաւը լերան վրան չէ․․․։
Ընկղմելու վտանգին տակ է նաւը։ Ամենէն հմուտ եւ մասնագէտ նաւավարն անգամ դժուարութեան դիմաց կը գտնուի, երբ փրփրադէզ ալիքները շարունակ հարուածեն թէ՛ դուրսէն եւ թէ՛ ներսէն։
«Դանակը ոսկորին հասած է» խօսքն անգամ ձեւով մը լաւատեսական է։ Ոսկորը ահաւոր չափով վնասուած է եւ շտապ վիրահատութեան կարիք ունի։
Այս է դժբախտաբար ներկայ իրավիճակը՝ հայորդիին համար, կովկասեան բարձրաւանդակի տարածաշրջանէն ներս, ուր հետեւողական ձեւով աշխատանք կը տարուի մոռնալու Արցախը, լուսանցքի վրայ նետելու արցախցին, կործանելու հողին կառչած եւ պատմութիւն կերտած հայութիւն մը։
«Թաւշեայ յեղափոխութեան» յաջորդած նոյնքան թաւշեայ պարտութիւնը (թէեւ հոն իսկական թաւիշ չկայ) այնպիսի վիճակ մը ստեղծած է, որ ամէն օր նախորդէն աւելի՛ ահաւորն ու սահմռկեցուցիչը կը պատահի։ Հայրենի դիւանագիտութիւնն ալ, յանձին արտաքին գործոց նախարարութեան, կրած է եւ կը շարունակէ կրել թաւշեայ անդնդային պարտութիւններ։
Փրոթոքոլային ամենէն տարրական տրամաբանութենէ, գործուղումէ եւ գործելաձեւէ առհասարակ անտեղեակներու ձեռքով՝ նաւը կ’ընկղմի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ծովերու մէջ:
Այս ահաւոր կացութիւնը երկա՜ր ատենէ ի վեր կը թակէ հայորդիին դուռը, այնքա՛ն ուժգին, որ դուռը խորտակուելու սեմին է, վաղը դուռ ալ պիտի չմնայ…: Արցախը կը մատնեն ընկճուելու եւ ընկրկելու վիճակի, սակայն ան կը մերժէ ենթարկուիլ եւ ընդվզած է։ Ազգային Ժողովի նախագահն ալ ներկայացուցած է հրաժարականը։
Ո՞վ պիտի կարենայ այս դաժան պայմաններուն մէջ, ստանձնել Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահի պաշտօնը։
Առաքելութիւնը դժուար է եւ վտանգալից։ Ոճրային պաշարումի ենթարկուած Արցախի մէջ այլընտրանկային ուղիները գրեթէ չքացած են, անդին, զգայազրկող թմբիրի, մահաքունի վիճակի մէջ է «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» եւ «ազգընտիր վարչապետ»-ով ինքզինք խաբող մասսա մը. այս պայմաններուն մէջ, պարտականութիւն՝ ծանր պարտականութիւն է այդ գործը ստանձնելը։ Պարտականութենէ աւելի՝ կայ վտանգալից պատասխանատութեան մը հարցը:
Ժամանակն է Երեւանէն հնչող անհիմն եւ անհեթեթ ձաբռտուքները մէկդի դրուին եւ գործի լծուի Արցախեան հիմնահարցի հանգրուանային եւ վերջնական լուծման վերաբերեալ հայորդին յուզող ամբողջական մօտեցումը։
Ի վերջոյ, Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահն է, որ պիտի ան առնէ այս ծանր պատասխանատուութիւնը, բարձրագոյն մակարդակի պաշտօնի վրան ըլլալով՝ ան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ արցախահայութեան կողմէ ընտրուած եւ անոր կամքը արտայայտող Ազգային ժողովին անունով, ներքին եւ արտաքին լսարաններուն պաշտօնապէս ներկայացնելու արցախահայության իրական դիրքորոշումները, արդար պահանջները, միաժամանակ առաւելագոյնը ընել՝ մերժելու անընդունելի եւ բռնի ուժով պարտադրուող լուծումները։
Հուսկ, ընկղմող նաւը կամ ծանրօրէն վնասուած ոսկորը փրկելու համար, անյապաղ ճիգ պիտի չխնայուի վերստեղծելու բոլոր հայրենապաշտպան ձեռքերու միացնող յենարանը, վերագտնելու ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏԱՆՈՂ ԴՐԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ՝ Արցախ – Հայաստան – Սփիւռք եռամիասնութիւնը։ Իսկ ատիկա պիտի ըլլայ միայն առաջին գործնական քայլը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles