Յօդուածներ

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով

Գործենք` Կերտելու Աւելի Ապահով Ու Հզօր Հասարակութիւն Մը

 

«Կնոջ դիմանկար» – Ժան Գառզու (1964)

ԼՈՒԻԶԱ ՊԱՊՈՅԵԱՆ-ԱԶԷԶԵԱՆ

Մարտ 8-ը ամբողջ աշխարհին մէջ կը նշուի իբրեւ Կիներու միջազգային օր` յիշատակելու կնոջ իրաւունքներու համար մղուած պայքարը եւ ընդգծելու անոր դերը ընկերութեան յառաջդիմութեան մէջ: Ժամանակի ընթացքին այս տօնը վերածուած է զուտ հանդիսութեան: Կը հնչեն տօնական շնորհաւորանքներ, կիներուն կը տրուին նուէրներ, ծաղիկներ, տեղի կ՛ունենան մրցանակաբաշխութիւններ, խնճոյքներ:

Մէկ դար առաջ բոլորովին այլ իմաստ ունեցած մարտի 8-ի տօնը այսօր տօնական տրամադրութեամբ կը յիշուի` մոռնալով, որ կինը իր իրաւունքները ձեռք բերած է զոհողութիւններու եւ պայքարի շնորհիւ:

Այսօր Կիներու միջազգային օրը, իր սկզբնական, գաղափարական մարտունակութենէն շատ բան կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ, առիթ է անդրադառնալու, թէ որքա՛ն ճամբայ կտրած է մարդկութիւնը` իրաւունքներու հաւասարութեան եւ յառաջդիմութեան իմաստով: Անհրաժեշտ է յիշել նաեւ այդ պայքարի այժմէականութիւնը` նկատի ունենալով, որ կիներու խնդիրները տակաւին լուծուած չեն:

Տակաւին հաւասար կարելիութիւնները կը բացակային, եւ խտրականութիւնը բարձր է:

Սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ կան կին-տղամարդ անհաւասարութիւններ` ընտանիքի մէջ, կնոջ եւ տղամարդու դերերը տակաւին կարծրատիպային են, մեր կազմակերպութիւններուն մէջ քիչ կիներ որոշում կայացնողի դերին մէջ են. անոնք սովորաբար կնոջական միութիւններու մէջ կը գործեն, իսկ ուրիշ ասպարէզներու մէջ նուազ ընդգրկուած են:

Հայ կինը ամբողջ պատմութեան ընթացքին տոկացած է ու պայքարած` ըլլալով ընտանիքի ողնաշարը, կրթութեան ջահակիրն ու ազգային ինքնութեան պահապանը: Անցեալին մեր մեծ հայուհիները զօրավիգ կանգնած են հայ ազգի գոյատեւման` զուգահեռաբար աշխատելով իրենց ինքնազարգացման եւ ընկերային արդարութեան հաստատման համար: Այսօր եւս հայ կնոջ զօրացումը հիմնարար նշանակութիւն պէտք է ունենայ մեր ազգի բարգաւաճման եւ ընկերային արդարութեան ամրապնդման համար:

Զապէլ Եսայեան կ՛ըսէ. «Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար: Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար: Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ` երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը»:

Հայ կնոջ զօրացումը կը սկսի իր ինքնագիտակցութենէն եւ իրաւունքի պահանջէն: Ոչ մէկ կին պէտք է ընկալէ, որ ինք երկրորդական դերակատար մըն է: Ընդհակառակը, ան պէտք է տեսնէ իր ուժն ու ներուժը, որպէսզի կարենայ իր ազգը եւ ընտանիքը տանիլ դէպի յառաջդիմութիւն:

Գարեգին Նժդեհ կը գրէր. «Երկրի ապագան կը կերտուի մօր ծնկի վրայ»:

Այս խօսքը կը շեշտէ կնոջ առանցքային դերը ազգի կրթութեան եւ ինքնութեան պահպանման մէջ: Սակայն, ընտանիքի մէջ ունեցած դերակատարութեան հետ միաժամանակ, այսօրուան հայ կինը պէտք է մասնակցի տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին` դառնալով ոչ միայն ընտանիքի, այլ նաեւ` ազգի եւ հայրենիքի զարգացման շարժիչ ուժ:

Երբ կիները իրարու զօրակցին, համայնքները կը հզօրանան: Հին աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ կինը կնոջ թշնամին է, բայց իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ կնոջական համախմբումը յառաջդիմութեան եւ հաւասարութեան բանալին է: Տնտեսական, կրթական եւ ընկերային ոլորտներու մէջ, երբ կիները աջակցին իրարու, անոնք կը ստեղծեն հզօր ցանցեր, որոնք կ՛օգնեն ոչ միայն անհատական յաջողութիւններու, այլ նաեւ` ամբողջ ընկերութեան բարգաւաճման:

Արդ, կենսական է` աջակցիլ երիտասարդ կիներուն իրենց կրթական եւ մասնագիտական ուղին գտնելու մէջ ու նպաստել կիներու մասնակցութեան` քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ:

«Միայն միասնաբար կրնանք զօրանալ», կը գրէր Զապէլ Եսայեան: Եթէ իւրաքանչիւր հայ կին իր շուրջ գտնուող կիներուն կողքին կանգնի եւ զօրակցի, մեր ազգը մեծապէս կը հզօրանայ:

Հայ կինը դարերու ընթացքին ստանձնած է զանազան դերեր` հայ թագուհիէն մինչեւ ազատամարտիկ, ուսուցչուհիէն մինչեւ քաղաքական գործիչ: Ան միշտ ալ եղած է հայրենիքի, ընտանիքի եւ կրթութեան պաշտպան` շատ անգամ մոռնալով իր իրաւունքները:

Մեր օրերուն տակաւին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ գոյութիւն ունին: Տնտեսական դժուարութիւնները, ընկերային պայմանները եւ աշխատանքի հաւասար հնարաւորութիւններու պակասը կը շարունակեն արգելք հանդիսանալ կնոջ լիարժէք զարգացման: Այս բոլորին լուծումը կարելի է գտնել կիներու տնտեսական անկախութեան մէջ: Կինը, որ կ՛ունենայ ֆինանսական ինքնաբաւութիւն, աւելի ինքնավստահ կ՛ըլլայ իր կեանքի որոշումներուն մէջ եւ կը նպաստէ իր ընտանիքին ու համայնքին բարօրութեան:

Կիներու միջազգային օրուան առթիւ պէտք է ոչ միայն շնորհաւորել կիները, այլ նաեւ` գործնական քայլերու դիմել, որպէսզի անոնք ունենան լաւագոյն ապագայ:

«Ուժը հոգիէն եւ գիտակցութենէն կու գայ», կը գրէր Գ. Նժդեհ:

Եկէ՛ք, բոլորս` կին թէ տղամարդ, համախմբուինք եւ աշխատինք կերտելու ապահով ու հզօր հասարակութիւն մը, ուր իւրաքանչիւր կին պիտի զգայ իր արժէքը եւ իր լիարժէք տեղը:

Արդ, մեր պարտականութիւնն է այս գաղափարները վերածել գործնական սկզբունքներու, որոնց միջոցով կ՛ամրապնդուին հասարակութեան հիմքերն ու կ՛ապահովենք մեր ազգի գոյատեւումը:

Շնորհաւոր կիներու օր` ոչ միայն խօսքերով, այլ` գործերով:

Փա՛ռք ու պատիւ ձեզի, հայ մարտունակ կիներ:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button