Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կոչը՝ Սուրիոյ Մէջ Ապրող Հայերուն Դիմագրաւած Կեանքի Եւ Ժառանգութեան Սպառնալիքներուն
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին դէպքերուն, նաեւ կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան, պետութիւններուն, կրօնական ու մարդասիրական կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն` անյապաղ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու Սուրիոյ բոլոր քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան եւ պահպանութեան վրայ:
Ստորեւ՝ այդ յայտարարութիւնը.-
Երբ ականատես կը դառնանք Սուրիոյ մէջ շարունակուող խժդժութիւններուն եւ աւերիչ հակամարտութիւններուն, մեր սիրտերը կը լեցուին խոր վիշտով եւ մտահագութեամբ՝ բոլոր տառապողներուն համար։ Մասնաւորապէս մեզ կը յուզէ ծանր վիճակը մեր հայ քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք սերունդներով ապրած են այդ հողին վրայ, ուր ապաստանած են 1915ի սարսափելի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։ Սուրիա եղած է վերապրածներու եւ անոնց ժառանգորդներու տունը, որոնց ներկայութիւնը հոն քրիստոնեայ հայու տոկունութեան եւ հաւատքի վկայութիւնն է։
Այսօր, Սուրիոյ մէջ գտնուող բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն անվտանգութիւնը եւ ապահովութիւնը դարձեալ վտանգուած է՝ բռնութեան եւ քաոսին պատճառով. Դժբախտաբար, անոնք կը պատուհասեն տարածաշրջանը։ Մենք մեր բողոքի ձայնը կը բարձրացնենք ոչ միայն բոլոր անմեղ կեանքերու պաշտպանութեան, այլ յատկապէս այն հայերուն համար, որոնք 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը տեսած ժողովուրդի կենդանի վկաներն են։ Անոնք պարզապէս էթնիկ (ցեղային) խումբ մը կամ հաւատացեալներու համայնք մը չեն, անոնք գոյատեւումի, հաստատակամութեան եւ արժանապատուութեան համար շարունակուող պայքարի սուրբ վկաներն են՝ ի դէմս ցեղասպանական հալածանքներու։
Սուրիոյ մէջ գտնուող հայերը, որոնցմէ շատերը կը բնակին Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ, արդէն շատ բաներ տեսած են։ Անոնք վերակառուցած են իրենց կեանքը Ցեղասպանութենէն ետք, ստեղծած են կենսունակ համայնքներ եւ առատօրէն նպաստած են Սուրիոյ ընկերային, մշակութային եւ հոգեւոր կառուցուածքին։ Սակայն, անոնք այժմ կանգնած են իրենց կեանքին եւ ժառանգութեան սպառնացող վտանգին առջեւ։ Անոնց եկեղեցիները, դպրոցները եւ տուները յայտնուած են շարունակուող քաղաքացիական պատերազմի կրակին տակ եւ դարձեալ տեղահանումի վախ կայ։
Կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան, պետութիւններուն, կրօնական կազմակերպութիւններուն, մարդասիրական մարմիններուն եւ անհատներուն՝ անյապաղ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու ՍՈՒՐԻՈՅ ԲՈԼՈՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ պաշտպանութեան եւ պահպանման վրայ։ Այս համայնքները պարզապէս ազգային փոքրամասնութիւններ չեն, այլ՝ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան կենսական մասն են. ներկայութիւն մը, որ գոյատեւած է դարեր։ Սուրիոյ մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն ապահովութիւնը պէտք չէ անտեսուի կամ նկատի առնուի իբրեւ երկրորդական հարց՝ տարածաշրջանի քաղաքական տեղաշարժներու խորապատկերին մէջ։
Թող Աստուած օրհնէ հայ ժողովուրդը եւ Սուրիոյ բոլոր քրիստոնեայ համայնքները, եւ թող Անոր ողորմութիւնը խաղաղութիւն եւ պաշտպանութիւն բերէ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին Սուրիոյ մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս։ Կ՛աղօթենք այն օրուան համար, երբ փոքրամասնութիւն կազմող բոլոր քրիստոնեաները, անկախ իրենց դաւանանքէն, կը կարենան ապրել իրենց համայնքներուն մէջ ներդաշնակ եւ ապահով՝ առանց կրօնական հալածանքներու։