Յօդուածներ

42-Ամեակ.- Լիզպոն 5-ի Յիշատակին

Հայ ազատագրական պայքարի տարեգրութեան մէջ անմոռանալի  է 27 Յուլիս 1983 թուականը: Աշխարհի ուշադրութիւնը հայ դատին վրայ սեւեռելու նպատակով, հայ յեղափոխական բանակի անդամ հինգ տղաք` Վաչէ Տաղլեան, Սեդրակ Աճէմեան, Սիմոն Եահնիեան, Արա Քրճըլեան եւ Սարգիս Աբրահամեան յարձակեցան Լիզպոնի թրքական դեսպանատան վրայ եւ ուժանակով պայթեցուցին ու օդը հանեցին շէնքը եւ այդպիսով իրենց գերագոյնը` դեռատի կեանքը նուիրեցին հայ դատին:

Լիզպոնի Հինգը ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքներու զաւակներ էին: Անոնք ծնած եւ մեծցած էին հայահոծ թաղամասերու մէջ: Ազգին ու հայրենիքին ծառայելու նուիրումով, հայօրէն ապրելու ու արարելու տեսլականով, եւ սեփական ուժերով արդարութեան եւ իրաւունքի չափանիշները վերականգնելու առաջադրանքով, գիտակից մահուամբ անոնք իրենք զիրենք զոհաբերեցին ազատութեան բագինին:

Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ գործողութիւնը սկսաւ Չորեքշաբթի, 27 Յուլիս 1983-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Հինգ տղաքը դեսպանատան մօտ հասան պայթուցիկներով լեցուած երկու ինքնաշարժներով: Անոնք նպատակադրած էին գրաւել դեսպանատունը եւ գերեվարել թուրք դեսպանը` այդ քայլով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան վրայ սեւեռելու համար:

Դեսպանատուն մտնելու փորձի ժամանակ բախում տեղի ունեցաւ պահակներուն հետ: Հրացանաձգութեան ընթացքին` ժամը 10:45-ին, շէնքի դրան առջեւ զոհուեցաւ Սիմոն Եահնիեան: Վաչէ, Սեդրակ, Արա եւ Սարգիս շտապեցին դեսպանատան շէնքին յարակից դեսպանին նստավայրը, ներխուժեցին շէնքէն ներս եւ գերեվարեցին հոն գտնուող դեսպանատան կցորդին` Օսման Օզթիւրքին կինն ու տղան: Դեսպանատան աղբիւրներուն համաձայն, դեսպանը Լիզպոն չէր գտնուեր:

Ժամը 11:30-ին խումբը հեռաձայնով յայտարարեց, որ ոստիկանութեան միջամտութեան պարագային շէնքը պիտի պայթեցուի:

Փորթուգալի կառավարութիւնը` վարչապետ Մարիօ Սուարէշի գլխաւորութեամբ, արտակարգ նիստ գումարեց: Որոշուեցաւ ոստիկանական ուժ եւ հակաահաբեկչական մասնայատուկ ուժեր օգտագործել: Ոստիկանութիւնը ժամը 12:15-ին շրջապատեց թաղը եւ փակեց դեսպանատան երթեւեկի ուղիները: Հայ վրիժառուները կցորդին վիրաւոր կինն ու զաւակը ազատ արձակեցին: Անոնք շէնքէն դուրս ելան:

Հայ յեղափոխական բանակը ժամը 12:30-ին Փարիզի եւ Լիզպոնի քանի մը օրաթերթերու, տպագիր հաղորդագրութիւն մը ուղարկեց, ուր կ՛ըսուէր.

«Ազատասէր հայ երիտասարդները որոշած են անգործ չսպասել: Մենք ամէն ինչ կորսնցուցած ենք եւ այդ պատճառով որոշած ենք օդը բարձրացնել շէնքը ու մնալ փլատակներուն տակ: Ասիկա անձնասպանութիւն ու խելագարութիւն չէ, այլ բարձրագոյն նուիրաբերում` ազատագրական պայքարին: Թող միջազգային հանրութիւնը մեզ արկածախնդիր կամ ահաբեկիչ անուանէ` ոչինչ: Մենք որոշած ենք ուժի դիմել, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնն ու այլ երկիրներ, որոնք կը պաշտպանեն այդ իշխանութիւնը, կ՛ոտնահարեն հայ ժողովուրդին իրաւունքները: Հայ ժողովուրդը երկար սպասած է, որ միջազգային դատարանը գտնէ Հայկական հարցի լուծումը: Հայ ժողովուրդի կողմնորոշման միակ ելքը զինուած պայքար է: Նախնիներու ազատ եւ անկախ հայրենիքին մէջ ապրիլն ու զարգանալը հայ ժողովուրդին իրաւունքն է»:

Դեսպանի բնակարանի շէնքին վերի յարկին մէջ ժամը 13:00-ին հրդեհ բռնկեցաւ: Ոստիկանութիւնը սեղմեց պաշարման օղակը եւ ժամը 13:45-ին յարձակեցաւ շէնքին վրայ: Քանի մը վայրկեան տեւած հրացանաձգութենէ ետք լսուեցան ուժեղ պայթումներ:

Շէնք մտնելով, ժամը 14:00-ին ոստիկանութիւնը փլատակներուն տակ գտաւ հայ վրիժառուներուն ածխացած դիակները: Պետական աղբիւրներ ժամը 14:45-ին պաշտօնապէս յայտարարեցին գործողութեան աւարտը` տեղեկացնելով, որ «խումբի անդամներ ռումբի պայթումով անձնասպան եղան»:

Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 1983-ին, հինգ հերոսներուն մարմինները Լիբանան հասան: Երեքշաբթի, 20 Սեպտեմբերին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Անոնց մարմինները Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ ամփոփուեցան:

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button