ԵՐԵՒԱՆ․- Փետրուար 28-ին, «Անի Փլազա» պանդոկի «Անի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական արարողութիւնը Հ․Յ․Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովին, որուն կը մասնակցէին աշխարհի շուրջ 28 երկիրներէ աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։
Բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ Հ․Յ․Դ․-ի քայլերգներով։ Տէրունական աղօթք կատարեց Նաթան արք. Յովհաննիսեան, որ նաեւ փոխանցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ողջոյններն ու օրհնութիւնը։
Խօսքեր արտասանեցին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Հ․Յ․Դ․ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։ Ընդհանուր ժողովը, որ Հ․Յ․Դ․ համազգային կառոյցի բարձրագոյն ժողովն է, կը գումարուի ընդհանրապէս չորս տարին անգամ մը։ 34-րդ Ընդհանուր ժողովը առաջինն է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ պիտի տեւէ մինչեւ Մարտ 8։