ՃՈՐՃ ԱՂՃԱՅԵԱՆ
Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի ԿեդրոնականԿոմիտէի ներկայացուցիչ
Պոսթըն – Մասաչուսէց
(թարգմանուած՝ անգլերէնէ)
Նախ պէտք է լաւապէս հասկնանք, որ մեր թշնամիները կ՛առնեն արեան հոտը չափազանց վիրաւոր ազգի մը։ Երբեմնի բարգաւաճ սուրիահայ գաղութը բզքտուած է պատերազմին պատճառով։ Լիբանանի նշանակալից գաղութը, որ ժամանակին Սփիւռքի սրտին արիւնատար կենսատու երակն էր, այժմ իր կարողականութիւններուն գծով լրջօրէն վտանգուած է՝ նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամը։ Իսկ նախորդ տարուան Արցախի պատերազմը թէ՛ հաշմանդամ դարձուց Արցախը, եւ թէ պառակտեց Հայաստանը։
Անկախ հայ ազգի կայունութեան, նոյնիսկ անոր լինելիութեան համար պայքար կը մղուի բազմաթիւ ճակատներու վրայ։ Արտաքին ճակատի վրայ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը շարունակեն ձեռնարկել բացայայտ պատերազմի եւ մշակութային սպանդի, որպէսզի ջնջեն հայութեան եւ Հայաստանի վերաբերող ամէն տեսակի յիշատակում։ Գերտէրութիւններ իրենց շահերը կը հետապնդեն այնպիսի ձեւով, որ անոնք կը ստորադասեն ժողովուրդին՝ իր պապենական հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքը, իսկ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը չի կրնար հակազդել այս մօտեցումին կամ նոյնիսկ ցոյց տալ, որ Հայաստանի շահերը ինչպէ՛ս կ՛ամբողջացնեն համաշխարհային շահերը։ Ներքին ճակատի վրայ, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը հայութեան մէջ նուազագոյնի հասցուցած է ազգայնականութեան եւ հայրենասիրութեան ամէն զգացում։
Այս բոլորը ունին երկրորդ զուգընթաց մը՝ Հ․Յ․Դ․-ի վարկին վրայ յարձակումը։ Այս յարձակումները կը ստանան շարք մը յարակից ձեւեր։ Առաջին հերթին աշխատանք կը տարուի Դաշնակցութենէն անջատելու այն բոլոր լաւ բաները, որոնք բացայայտ են եւ մեծամասնութիւն կը կազմեն։ Ասիկա կը դրսեւորուի՝ «Ես կը զօրակցիմ Հայ Երիտասարդական Միութեան, բայց ասիկա Դաշնակցութիւնը չէ», «Ես կը զօրակցիմ Քեմփ Հայաստանի ճամբարին, բայց ոչ Դաշնակցութեան» եւ այլ նման արտայայտութիւններուն ընդմէջէն։ Յստակ եւ ակնյայտ հակասութիւնը կարեւոր չէ այս խռովարարներուն համար։ Կարեւորը այն է միայն, որ մաս առ մաս կը հեռացուի այն, որ մեծ եւ յատկանշական ժողովրդականութիւն կը վայելէ հայութեան կողմէ կամ համայնքէն դուրս յարգանք կը վայելէ՝ Դաշնակցութեան հետ առնչուած ըլլալուն համար։
Հ․Յ․Դ․-ի գաղափարախօսութիւնն ու ծրագիրը եւս յարձակման ենթակայ են։ Նկատի ունենալով, որ անկարելի է թիրախ դարձնել Հ․Յ․Դ․-ի Ծրագիրը, յարձակումները այլ կերպ կը ստանան՝ իբր թէ Դաշնակցութեան ներկայի քաղաքականութիւնը համահունչ չէ կուսակցութեան հիմնադիրներուն սկզբունքներուն։ Երբեմն այս քարոզիչները այնքան հեռու կ՛երթան, որ այսօրուան ենթադրեալ ձախողութիւնները ներդաշնակ կը նկատեն երէկուան ենթադրեալ ձախողութիւններուն՝ հետեւաբար նշելով, որ Դաշնակցութիւնը երբեք նշանակալի զօրակցութիւն չէ վայելած համայնքին կողմէ։ Այս վերաբերումին հետեւութիւնը այն է, որ միայն «իրենք» կը պահպանեն Դաշնակցութեան աւանդութիւնները, իսկ կուսակցութիւնը այսօր կորսնցուցած է իր ուղին, կամ՝ անոր ժամանակը արդէն անցած է։ Ուստի, խորքին մէջ, իրենք զիրենք կը նկատեն իսկական դաշնակցականները։
Գործընթացը յստակ է, նպատակը՝ աներկբայ. վերցնել անհերքելի լաւը, յարձակումի ենթարկել վիճելին, մրոտել ներկայ ղեկավարութիւնը եւ գովաբանել վտարուածները։ Այլ հակասութիւն մըն է նաեւ այն, որ այն վտարուածները, որոնք այսօր կը փառաբանուին, նախապէս, երբ իրենք Հ․Յ․Դ․-ի շարքերուն մէջ էին, կ՛անագրուէին նոյնինքն այս խռովարարներուն կողմէ։ Միեւնոյն տրամաբանութիւնը կը կիրարկուի, երբեմն, փառաբանելու Հ․Յ․Դ․-ի հանգուցեալ առաջնորդներուն պանթէոնը։ Պատգամը յստակ է. լաւ դաշնակցականները կա՛մ մահացած են, եւ կամ այսօր դուրս ելած են կուսակցութեան շարքերէն։ Դաշնակցութեան քայքայումն ու ասոր իբրեւ հետեւանք հայութեան տկարացումը անոնց միակ նպատակն է։
Այս բոլորին լոյսին տակ ուղղուելիք հարցումը պիտի ըլլայ այն, որ այսքան ենթադրեալ ձախողութիւններով եւ կործանարարութեամբ ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն է, որ գոյատեւած է 130 տարի եւ հայկական քաղաքական ու համայնքային կեանքին մէջ այսքան նշանակալի ներկայութիւն եղած է։
Ասոնք անհամատեղելի են։ Նման հակասական կացութեան մէջ մենք պէտք է շօշափելի ապացոյցները ընդունինք իբրեւ ճշմարտութիւն՝ դժկամական տարաձայնութիւններուն դիմաց։ Թէեւ անկարելի է հոս թուել բոլոր նուաճումները կամ Հ․Յ․Դ․-ին վերաբերող բոլոր դրական կողմերը, անհերքելի եւ աներկբայ է այն, որ կուսակցութիւնը կայ՝ այդ ալ այն աստիճան, որ աննման է եւ անյաղթահարելի։
Բնական եւ ընդունուած է ճանչնալ եւ յարգել այն անհատները, որոնք մեր գաղութներուն մէջ ծառայած են իրենց ամբողջ կեանքին։ Այս վկայութիւններուն մէջ ընդունուած է մանրամասնել անոնց բազմաթիւ եւ արժանի ներդրումները համապատասխան կազմակերպութեան եւ գաղութին ընդհանրապէս։ Ինծի այնպէս կը թուի, թէ ասիկա վրիպած է Դաշնակցութեան պարագային։ Արդարեւ, ես հարցը չեմ դիտեր այնպէս, որ անհատ մը ի՛նչ տուաւ Դաշնակցութեան, այլ փոխարէնը Դաշնակցութիւնը ի՛նչ տուաւ բոլորիս։ Անձնապէս, ընդմիշտ երախտապարտ պիտի ըլլամ Դաշնակցութեան, որ ինծի համար բացած է ուղի դէպի այն, որուն հանդէպ ամէնէն աւելի տոգորուած կը զգամ՝ ամէնուրեք հայութեան իրաւունքներու հետապնդում եւ մեզի դէմ կատարուած ոճիրներուն համար արդարութեան ձգտում։
Դաշնակցականի երդումը լուրջ է եւ երբեք թեթեւութեամբ կարելի չէ մօտենալ անոր։ Երդրում տուած վայրկեանիդ միայն մէկ զգացում կարելի է ունենալ… միայն մէկ մտածում… պատրաստակամութիւնը քու ազգիդ համար զոհաբերուելու։ Ակնկալութիւնը այն չէ, որ ամէն մարդ համաձայն ըլլայ Դաշնակցութեան հետ, սակայն հրամայական է հասկնալ եւ նուազագոյն յարգանք ցուցաբերել նկամամբ կուսակցութեան մը, որ տակաւին կը շարունակէ հայ ժողովուրդին մէջ ներարկել նման երդում տալու աւիւնն ու խանդավառութիւնը։
Այսօր հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման է գոյութենական սպառնալիքի։ Մենք այսքան խաբուած եւ շփոթած պէտք չէ ըլլանք։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը պատկերացնեն ոչ հեռու ապագայ մը, ուր ո՛չ հայութիւն, ոչ ալ Հայաստան գոյութիւն ունի։ Անոնք բացայայտօրէն եւ առանց ամչնալու կը պնդեն, որ մեր հողերը իրենցն են եւ աշխոյժ աշխատանք կը տանին այս մէկը իրականութիւն դարձնելու։ Այս թշնամիներուն տիրապետութեան տակ յայտնուած հայկական հողերուն վախճանը յստակ է, ատիկա նաեւ պարզ դարձաւ նախորդ տարուան Արցախի վերջին պատերազմէն ետք։
Այդ հողերը պիտի մաքրուին հայերէ, հայկական մշակութային վայրերէ եւ որեւէ հետքէ, որ կ՛ապացուցէ, թէ հայերը օր մը այդ հողերուն վրայ ապրած են։ Արդեօք Կիլիկայէն, Խարբերդէն, Կարինէն, Տարօնէն, Վասպուրականէն, Նախիջեւանէն, իսկ հիմա Արցախէն աւելի օրինակներու կարիք ունի՞նք։ Արցախին պիտի յաջորդէ Սիւնիքը, Սիւնիքին՝ Երեւանը։
Հայերուն համար ուշիմութիւն պիտի ըլլայ վերյիշել Մարթին Նիմէօլըրը։ Վերապատմենք. նախ անոնք աւերեցին Սասունը, սակայն ես ձայնս չբարձրացուցի, որովհետեւ Սասունէն չէի, յետոյ աւերեցին Վանը, ձայնս չբարձրացուցի, որովհետեւ Վանէն չէի, Արցախը աւերեցին, ձայնս չբարձրացուցի, որովհետեւ Արցախէն չէի։ Անոնք հիմա եկած են Երեւան, սակայն ոչ ոք մնաց, որ ձայնը բարձրացնէ ինծի համար։
Այս սպառնալիքին դիմաց հայութեան վճռակամութիւնը տկարացնելու միտումով գործադրուող յամառ յարձակման ենթակայ ենք արտաքին ճակատէն եւ ներքինէն՝ հայկական ազգայնականութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ այս գաղափարներն ու իտէալները կրողները թիրախ դարձնելով։
Ցանկը երկար է. «Պատմութեան գիրքերը վերաշարադրէ», «Մենք պէտք է ապրինք անզիջող Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ», «Անոնց միջոցով մենք ձեռք պիտի ձգենք տնտեսական բարգաւաճում եւ ֆիզիքական ապահովութիւն» եւ այլն։ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն միամտութիւնը՝ անտեսելու մեր հաւաքական պատմութեան դասերը, ցնցիչ է։ Այսօր աւելի քան երբեք կարեւոր է նման միտքերու դէմ դնել։
Աւելի քան 130 տարի է Դաշնակցութիւնը յաջողութեամբ դիմակայած է նման յարձակումներ, իսկ պատճառը յստակ է։ Արդարեւ, ճգնաժամերու ատեն Հ․Յ․Դաշնակցութիւնն է, որ ամուր ու անսասան կանգնած է՝ բուռն կերպով զօրակցելով հայութեան ու ազգին։ Խաղաղութեան օրերուն Հ․Յ․Դ․-ն է, որ ստեղծած է կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ, որոնք մեր գաղութները պահպանած են։ Անհերքելի է, որ առանց Հ․Յ․Դ․-ին այս շրջանին մէջ տասնեակ հազարաւոր հայեր հալած ըլլային Ամերիկայի հիւսուածքի ձուլարանին մէջ։ Անոնք, որոնք կազմակերպութիւններուն ճամբով եկան յառաջացնելու Հ․Յ․Դ․-ի ընտանիքը, այս ընդարձակ գաղութին մէջ գտանելի են ամէնուրեք։
Դաշնակցութի՛ւնն է, որ ամբողջ 130 տարի այս կիրքը սնուցանեց եւ պիտի շարունակէ սնուցանել, իսկ մենք բոլորս պէտք է շնորհակալ ըլլանք անոր համար։