ԱմերիկահայԳլխաւորԼրահոս
Նիւ Եորք․- Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ Դասախօսեց Սուրբ Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 8 Մարտին, Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, ներկայ եղաւ Սուրբ Պատարագին Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց ու քարոզեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան։ Սրբազան Հայրը նախագահեց յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօնին՝ ի յիշատակ Սումկայթի, Կիրովապատի (1988) եւ Պաքուի (1990) նահատակներուն։

