ՆՇՄԱՐ.- ՄՈՒՐՃԻՆ ԴԷՄ ԱՀԱԶԱՆԳԵՐ…

0 0
Read Time:5 Minute, 6 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

26 Օգոստոս 2021

 

Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան ծրագիրին քննարկման Ազգային ժողովի (կրկէսային) նիստը տակաւին չէր աւարտած, երբ Սիւնիքէն հնչեց ահազանգ մը եւս. ազերիական ուժերը նոր թափանցում մը կատարած են շրջանէն ներս, գրաւած եւ փակած են Կապան-Գորիս մայր ճամբուն մէկ հատուածը՝ Շուռնուխի մօտ (տեսնել քարտէսը), շրջանի կարգ մը գիւղերուն բնակիչները ինկած են պաշարման մէջ: Ինքնարդարացման ազերիներուն բացատրութիւնը, թէ՝ հայեր ազերի բանակային մը դաշունահարած են, ինչպէս միշտ՝ սուտ է: Հիմ չունի նաեւ այն պատճառաբանութիւնը, որ այդ հողերը ազերիներուն պատկանած են: Ռուսական ուժերու միջամտութեամբ, բնակիչները դուրս բերուած են պաշարման օղակէն (Ի՜նչ լաւ… Վաղը ուրիշներ ալ կրնանք անվնաս դուրս բերել եւ… տալը շարունակել):

Ազերիական թափանցումէն մօտաւորապէս 24 ժամ ետք, ճամբան կը մնար փակ, «եռակողմանի բանակցութիւններ» տեղի կ’ունենան (ըսուեցաւ պաշտօնապէս), հարցը խաղաղ լուծման բերելու նպատակով: Ո՛չ ոք կ’ուզէ երեւակայել, որ ազերիները հոն պիտի մնան այնպէս՝ ինչպէս կը մնան… Սեւ լիճին ու սահմանային այլ գօտիներու մէջ:

***

Ինչպէս ակնարկեցինք, նորագոյն այս թափանցումը կը կատարուի Ազգային ժողովի պատերէն ներս շարունակուող բանավէճերուն խորապատկերին դիմաց: Չենք ուզեր երկար կանգ առնել նախընթաց երեք օրերու նստաշրջանի մանրամասնութեանց առջեւ, որովհետեւ ականատես եղանք ամօթալի իրականութիւններու (ընդդիմադիր պատգամաւորի մը ձերբակալում, երկրորդի մը ժողովասրահէն բռնի ուժով հեռացումը, ֆիզիքական բախումներ, բանաւոր վիրաւորանքներ եւ այլն): Ի սկզբանէ յայտնի էր, որ կառավարութիւնը պիտի ապահովէր խորհրդարանին քուէն, իսկ ընդդիմադիր ճակատը (երկու դաշինքները) խորհրդարան եկած էին ցոյց տալու, որ այս ծրագիրն ալ, ինչպէս նոյն իշխանութեան նախընթաց երեք տարիներու ծրագիրները, մակերեսային մօտեցումով պատրաստուած էին, լաւ բաղձանքներէ անդին՝ երկիրը իսկապէս բարեշրջելու տանող շօշափելի երաշխիք չէին բերեր, ո՛չ ալ լուրջ մօտեցում ունէին հրատապ հարցերու նկատմամբ. Արցախի անկախութեան-ինքնորոշման առաջադրանքը դուրս ինկած էր, անվտանգութեան հարցերը առաւելաբար անրջային էին (եւ ազերիական նորագոյն թափանցումը ապակեայ անօթի մը պէս փշրեց յաւակնութիւնները), հեռու՝ իրական աշխարհի դաժան պարտադրանքներէն, ալ ի՜նչ խօսք՝ այլ ոլորտներու մասին:

Ընդդիմադիրներու հիմնաւորեալ ու փաստարկուած տեսակէտները, առաջարկները, ինչպէս սպասելի էր՝ բախեցան խուլ ականջներու: Ընդդիմադիրներու գլխաւոր յաջողութիւնը եղաւ այն, որ խորհրդարանի բեմէն, եւ ո՛չ միայն հանրահաւաքներու ամպիոնէն, ցուցահանուեցան այս իշխանութեան (որ ուղղակի շարունակութիւնն է 2018-ին հրապարակ եկածին) ձախողութիւնները. փաստերով ցոյց տրուեցան, թէ կառավարութիւնը անցեալին ալ լաւ ծրագիրներով եւ բարելաւման խոստումներով ասպարէզ եկած է, սակայն գործնապէս ոչինչ իրականացած է (իսկ կարգ մը անխուսափելի գործեր կարելի չէ դասակարգել իրագործումի ցանկին), ընդհակառակն, երկիրը գացած է կորուստէ կորուստ (հողային, մարդկային, տնտեսական, մշակութային…):

***

Ազգային ժողովի նստաշրջանը, զայն կանխող ու անմիջապէս յաջորդած դէպքերը եթէ մէկ կողմէ բացայայտ դարձուցին, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «պողպատէ մանտադ» ունենալն ու «օրէնքի բռնատիրութիւն»ը (երկուքն ալ սնամէջ հասկացութիւններ, որոնք կը քողարկեն երկիրը դէպի իրողական բռնատիրութեան տանելու քայլերը), «մուրճի վարքագիծը», որ հիմնականին մէջ ուղղուած է ՕՐԻՆԱԿԱՆ ընդդիմադրութեան եւ ո՛չ թէ ԻՍԿԱԿԱՆ ԹԱԼԱՆՉԻ թշնամիներուն (պէտք ունի՞նք յիշեցնելու, թէ իսկական թալանչիները թուրքն ու ազերիներն են), միւս կողմէ, բացայայտեցին այն կրկնակիօրէն տաժանելի առաքելութիւնը, որ ինկած է ընդդիմադիր ուժերուն ուսերուն (եւ խօսքը միայն խորհրդարանական ընդդիմադրութեան չի վերաբերիր):

Իշխանաւորին անտեղի, սխալ տեղ գործածուող «մուրճ»ին դիմաց, ընդդիմադիրները հիմա կը զգան, պէ՛տք է զգան, թէ իրենց առաքելութիւնը շատ աւելի ծանր է ու կը կանգնի դժուար յաղթահարելի (ներքինին չափ արտաքին) թումբերու դիմաց: Անոնք հիմա պարտաւոր են քանի մը զանգ ձեռք առնելու, ահազանգ ահազանգի ետեւէ հնչեցնելու, ցոյց տալու համար, թէ Հայաստանն ու Արցախը, ու իր սրտի զարկերը անոնց միացնող ամբողջ հայութիւնը ինչպիսի՜ վտանգներու դէմ յանդիման են, պէտք է գործնապէս եւ փաստացի կերպով ցոյց տալ, որ այս իշխանութիւնը թէ՛ անատակ է, թէ՛ անկարող, եւ թէ չկամ՝ դիմագրաւելու զանոնք:

Ինչո՞ւ. որովհետեւ «Մենք խաղաղութիւն կը հետապնդենք, շրջափակումերու վերացումը կը ցանկանք» ու նման անիրական բաղձանքներ ամէն օր իրենց դիմաց կը գտնեն Ազրպէյճանի թշնամական քայլերը, որոնք կը յաջորդեն նոյնքան թշնամական խօսքերու, յոխորտանքներու, հայկական հողերու գրաւման ծրագիրներու: Մարդիկը չեն ուզեր բաւականանալ «Զանգեզուրի անցք»ով (որուն նախաքայլը կը թուի ըլլալ հարաւի ճամբուն փակումն ու որոշ բնակիչներու հեռացումը), այլ իրենց «աչքը տնկած են» նաեւ Տաւուշի, Սեւանի, մինչեւ իսկ… Երեւանի վրայ: Ընդդիմադիրներուն պատրականութիւնն է, անտեղի կերպով ճօճող «մուրճ»ին դիմաց, զանգահարել եւ զգուշացնել հանրութիւնը, թէ՝ պէտք չէ սպասել մինչեւ այն օրը, երբ ազերիական բանակները խլեն Սիւնիքը եւ զայն խզեն Հայաստանէն, հայաթափեն շրջանը, ինչպէս ըրին եւ կ’ընեն «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի»ին եւ բռնագրաւեալ միւս շրջաններուն մէջ…:

***

Ընդդիմադիրներուն զանգերը պէտք է հնչեն ո՛չ միայն Ազգային ժողովի բեմէն (իսկ ժողովը մէջ է մինչեւ Սեպտեմբերի կէսերը), պահանջելով, որ անիկա բաց նստաշրջան յայտարարէ, դէմ դնելու համար ազերիական ոտնձգութիւններուն, այլ նաեւ Ազգային ժողովի պատերէն անդին: Այդ զանգերը պէտք է հնչեն մասնաւորաբար պաշտպանութեան եւ արտաքին նախարարներու ականջներուն տակ, առաջինին յիշեցնելու՝ որ «ազերիական նոր թափանցումներու պարագային, հրաման ունիք խստօրէն դիմադարձելու»ն՝ միայն խօսքի ու քարոզչութեան սահմաններուն մէջ պէտք չէ մնայ, այլ ընդունիլ՝ որ սեփական հողի պաշտպանութիւնը եւ ներթափանցող թշնամին վանելը ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ են, մեզ ետ չեն պահեր խաղաղասիրական յոխորտանքներէ, իսկ արտաքին գործոց նախարարին հասկցնելու, որ պարտաւոր է դիւանագիտական ցանցը գործի լծել՝ ո՛չ միայն աշխարհին ցոյց տալու, որ ազերիական այս ոտնձգութինը միայն նորագոյն արարն է Արցախի բռնագրաւման, պատերազմական ոճիրներուն, ահաբեկչական խմբակներու հետ գործակցութեան (եւ մասամբ նորին), այլ նաեւ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՒ, որ նման արարքներ պէտք չէ բաւարարուին մտահոգոթեան արտայայտութեամբ ու դատապարտանքի խօսքերով, այլ նաեւ ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ սանձուին թուրք-ազերիական հակաօրինական ու անմարդկային ծրագիրները:

***

…Երէկ, Սեւ Լիճին համար պատերազմի մէջ չմտնելու կառավարութեան պարտուողականութիւնը դուռը լայն բացաւ նորանոր թափանցումներու առջեւ. Մայիսի կէսերէն ի վեր, չես գիտեր՝ ազերի քանի՞ բանակային մտած է Հայաստան, նոյնինքն Հայաստանէն քանի՞ քառ. քլմ. տարածութիւն իրողապէս կցուած է Ազրպէյճանին, վարագոյրին ետին քանի՞ դաւադիր ծրագիր կը մշակուի «ազերիներուն պատկանած հողեր» յանձնելու համար, իսկ բաց աչքերով կը տեսնենք, որ Ազրպէյճանի ախորժակը «ուտելով աւելի՛ կը բացուի» ի դիմաց մեր իշխանութիւններուն պարտուողականութեան, մի՛շտ նահանջելու, մինչեւ իսկ գերիներու ճակատագիրը անորոշութեան մէջ պահելու (ան)տրամաբանութեան…:

Մէկ խօսքով՝ Հայաստանի մէջ կայ դաժան եւ աննպաստ հորիզոններ ցուցադրող իրականութիւն մը, որուն դիմաց կան անատակ իշխանութիւն մը եւ բարի բաղձանքներով մշակուած ծրագիրներ, որոնք 70 քուէով որդեգրուեցան խորհրդարանին կողմէ: Ընդդիմադիրներուն բացակայութիւնը՝ քուէարկութեան նիստէն, գետնի վրայ իրականութէնէն բան չի փոխեր, իշխանութիւնը նոյն «վճռակամութեամբ» պիտի շարունակէ այն վնասարար գիծը, որ սկիզբ առած էր 44-օրեայ պատերազմէն շատ առաջ, աւելի՛ ակնառու եւ մութ գոյներ ստացաւ անկէ ետք: Այս «իմաստութեան» նորագոյն վկայութիւններն են «պաշարուած բնակիչները անվնաս հեռացուած ենք»ի եւ «փակուած ճամբան կարելի է փոխարինել այլ ճամբաներով»ի պէս չքմեղանքի փորձերը, որոնք համազօր են անկարողութեան խոստովութեան:

Ահա թէ ո՛ւր պիտի հնչեն մուրճին դէմ բարձրացուող զանգերը, ներքին գետնի վրայ՝ բանալու համար մոլորեալներու եւ իրենք զիրենք 2018-ի դրական ալիքին պատանդ պահողներուն աչքերն ու ուղեղները (ըսինք, որ այդ ալիքէն գրեթէ ոչինչ մնացած է, բացի լաւ զգացումէ), իսկ արտաքին գետնի վրայ, ահազանգը տարածելու մեր երկրի սահմաններէն անդին, ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ արդիւնքի հասնելու կամքով եւ նախանձախնդրութեամբ:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles