Հայաստանեան եւ Արցախեան բեմերուն վրայ վերջին իրադարձութիւններն ու զարգացումները հաշուի առնելով՝ իշխանութիւններու մակարդակի վրայ առաւելագոյն կերպով զուսպ եւ զգօն ըլլալու հրամայականը աւելի կը շեշտուի։ Մինչ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներ կը շարունակեն գրաւուած պահել հայկական տարածքներ, իսկ ատրպէյճանական օդուժին անօդաչու սարքերը արդէն իսկ սկսած են անտեսել ռուսական խաղաղապահ ուժերուն Արցախի մէջ ներկայութիւնը, Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ անիմաստ եւ անտեղի բանավէճերու պատճառով լարուածութիւնը կը յուշէ անհանդուրժողականութեան այն ահաւոր մթնոլորտին մասին, որ տիրական է հայաստանեան քաղաքական կեանքին մէջ։
Խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն ետք իշխանութիւններ- ընդդիմութիւն յարաբերութիւնները յստակ է, որ մեղրալուսին մը պիտի չըլլան։Սակայն խնդիրը կը վերաբերի քաղաքական զգօնութեան եւ հեռատեսութեան, որպէսզի կանխարգիլուին թրքական ծաւալապաշտութեան լուրջ վտանգները, որոնց մասին յստակօրէն ակնարկութիւն կատարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարը։
Ազգային Ժողով մը, ուր լարուածութիւնը տիրական պիտի ըլլայ
Ազգային Ժողովին մէջ, որ կազմութենէն ետք գումարեց իր երրորդ նիստը, լարուած իրավիճակ եւ պատգամաւորներու միջեւ իրարու հասցէին նախատինք եւ սուր քննադատութիւններ արձանագրուեցաւ, երբ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան՝ զայրացած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին կատարուած քննադատութիւններէն, որոշեց ընդդիմադիր պատգամաւոր Աննա Մկրտչեանը հեռացնել նիստերու դահլիճէն։Միջադէպը յստակ ցուցանիշ է, որ այս Ազգային Ժողովը բնաւ հանդարտ եւ հանգիստ պայմաններու մէջ պիտի չգործէ։
Ընդդիմադիր Պատիւ Ունեմ խմբակցութեան պատգամաւորը՝ խօսելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասին, յայտարարեց, որ ամենաթողութեան իրավիճակին հեղինակը Հայաստանն ու Արցախը աւերած անձնատուր եղած Նիկոլն է։
Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան զայրացաւ եւ պատգամաւորին խօսափողը անջատեց։Այսքանով չբաւականանալով՝ ան պահանջեց, որ Մկրտչեան հեռանայ դահլիճէն, այլապէս սպառնաց ապահովութեան աշխատակիցները կանչել եւ զայն դահլիճէն բռնի կերպով հեռացնել։ Աննա Մկրտչեան նախընտրեց հարցը չերկարել եւ դուրս եկաւ դահլիճէն։
Աւելի ուշ Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր փոխ նախագահ Իշխան Սաղաթելեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ անձնատուր եղած եւ հողատու արտայայտութիւնները քաղաքական բովանդակութեամբ քննադատութիւններ են եւ ըսաւ,որ հաւանաբար Սիմոնեան իր շէֆին կողմէ շատ յստակ ցուցմունք ունի, որպէսզի Ազգային Ժողովին մէջ որոշ արտայայտութիւններ արգիլուին։Սաղաթելեանի խօսքին ընթացքին իշխանական խմբակցութեան պատգամաւորներ իրենց տեղերէն սկսան բացագանչութիւններ կատարել՝ վիրաւորանքներու եւ զգուշացումներու տարափ մը տեղացնելով։ Ի վերջոյ Ալէն Սիմոնեան ապահովութեան աշխատակիցները դահլիճ հրաւիրեց եւ առանց կանոնակարգի օրէնքին հղում կատարելու եւ որեւէ բացատրութիւն տալու հրահանգեց դադրեցնել Ազգային Ժողովի նիստին ուղիղ հեռարձակումը։
Ապա խօսք առաւ իշխանական Քաղաքացիական Պայմանագիր խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Գոնճորեան, որ քննադատեց Սաղաթելեանը եւ Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը,յայտարարելով,որ Օհանեան փաստօրէն խմբակցութեան ղեկավարը չէ։ Իսկ երբ կը քննարկուէր շրջանային եւ եւրասիական համարկման հարցերու յանձնախումբի նախագահի թեկնածու ընդդիմադիր Արմէն Գէորգեանի ընտրութեան հարցը, Ալէն Սիմոնեան խօսք առաւ եւ ընդդիմութեան առաջարկեց մոռնալ պատահարը։ Պատասխանը վրայ հասաւ Պատիւ Ունեմ խմբակցութեան ղեկավար, Ալէն Սիմոնեանի նախկին խմբակից Արթիւր Վանեցեանէն, որ ըսաւ.«Աւելի տրամաբանական կ՛ըլլար, եթէ յայտարարէիք, որ պիտի ջնջէք Աննա Մկրտչեանի դէմ կարգապահական քայլը։
Ռուսիա կը ջանայ դարպասել Հայաստանը
Ռուսիա պատրաստ է շարունակելու հայոց բանակին արդիականացման եւ վերակազմաւորման ծրագրին աջակցութիւնը, յայտարարեց պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի հետ Մոսկուայի մէջ քննարկումներ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ։Ան նաեւ հաւաստիացուց, որ Հայաստան Անդրկովկասի մէջ առանցքային գործընկեր մըն է՝ շրջանին ապահովութեան ամրապնդման աշխատանքներուն մէջ։
Ռուսիա, որ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան գերակշիռ եւ ղեկավար պետութիւնն է, այժմ կը ջանայ դարպասել Հայաստանը, որուն ղեկավարութիւնը կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին յստակօրէն փոխանցեց իր դժգոհութիւնը՝ ՀԱՊԿի որդեգրած քաղաքականութեան պատճառով։
Շոյկու յայտարարեց, որ Հայաստան Հարաւային Կովկասի ապահովութեան ամրապնդման ծրագրերուն մէջ Ռուսիոյ դաշնակիցն ու առանցքային գործընկերն է։Ան նաեւ յիշեցուց եւ շեշտեց Գիւմրիի մէջ տեղակայուած Ռուսական հարիւր երկուերրորդ ռազմակայանին կարեւորութիւնը՝ իբրեւ ապահովութեան անփոխարինելի երաշխաւոր մը։
Կարապետեանի հետ իր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, ըստ հայկական կողմին հրապարակած հաղորդագրութեան, Շոյկու նշած է, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ իր ճիգերը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւնը ամրապնդուի եւ հայեւատրպէյճանական սահմանային տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծուի։«Ռուսիա նաեւ պիտի շարունակէ աջակցիլ հայոց բանակին վերակազմաւորման եւ արդիականացման ծրագրերուն», հաստատեց Շոյկու, որուն այս յայտարարութիւնը խոր դժգոհութեան ալիք մը բարձրացուց Պաքուի մէջ, ուր նախապէս նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ հայոց բանակին տրուելիք ռուսական զինուորական աջակցութիւնը կը վտանգէ հարաւային կովկասեան ապահովութիւնն ու կայունութիւնը։
Կացութիւնը սակայն այլ պատկեր կը պարզէ։Ատրպէյճանցիները արդէն իսկ սկսած են անտեսել ռուսական խաղաղապահ ուժերուն ներկայութիւնը՝ Արցախի մէջ,ինչպէս նաեւ անդադար կը յայտարարեն,որ Հայաստան կը խախտէ ինը նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները եւ նոր ուժ կը կեդրոնացնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ասիկա պատճառաբանելով՝ ատրպէյճանական զօրամիաւորումները կը շարունակեն կրակոցները հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, իսկ տասներկու մայիսէն ի վեր ատրպէյճանցի զինուորներ բառին ամբողջական իմաստով Հայաստանի սահմանը հատելով եւ աւելի քան երեք քիլոմեթր խորանալով՝ հայկական տարածքներու վրայ դիրքեր հաստատած են եւ Պաքու կը շեշտէ, որ այդ տարածքները Ատրպէյճանի կը պատկանին։
Իսկ Ռուսիա, ըստ Շոյկուի, կը շարունակէ ճիգերը, որպէսզի հայեւատրպէյճանական սահմանային տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծուի։Տեղին է նշել,որ Մոսկուա ոչ իսկ մէկ անգամ հրապարակաւ քննադատեց Ատրպէյճանը՝ հայկական տարածքներու վրայ դիրքեր հաստատելու վերաբերեալ։Բայց ռուսերը երբեք առիթ չեն փախցներ յայտարարելու, թէ Հայաստան կարեւոր եւ առանցքային դաշնակից մըն է։Այդքան։
Արցախեան ճակատին վրայ՝ ատրպէյճանական ոտնձգութիւններ
Պաքուի իշխանութիւնները ի վերջոյ բացայայտեցին իրենց դիրքորոշումը՝ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերուն նկատմամբ, յայտարարելով, որ անոնց Լեռնային Ղարաբաղ ներկայութիւնը ժամանակաւոր է։Այս կեցուածքին յայտարարութենէն առաջ ատրպէյճանական օդուժի անօդաչու թրքական սարքերէն մին հատեց արցախեան օդային տարածքը։Այս խախտումին մասին հաղորդում կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան, իսկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ իր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի դէմ կատարուած այս ոտնձգութիւններուն՝ շեշտելով,որ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն իրաւասութիւններուն գօտիին մէջ նման յարձակումներ լուրջ հարցականի տակ կ՛առնեն ռուսական կողմին ռազմաքաղաքական դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը։
Ատրպէյճանական այս յարձակումներուն ընթացքին Երեւան կը գտնուէր Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասս, իսկ Արշակ Կարապետեան Մոսկուայի մէջ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենար պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։Նման հանգրուանի մը Արցախի դէմ զինուորական քայլերով զինադուլի խախտման ատրպէյճանական ծրագրին նպատակը շատ յստակ է։Թէ՛ Ռուսիոյ, եւ թէ՛ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան յղել յստակ պատգամներ, թէ Ազրպէյճան բնաւ պիտի չընդունի ռուսական խաղաղապահ ուժերուն Արցախի մէջ մնայուն ներկայութիւնը, իսկ ՀԱՊԿի դերատակարութիւնը նսեմացնելով՝ Պաքու կը ջանայ կազմակերպութիւնը հեղինակազրկել, դարձեալ մարտահրաւէրներ ուղղելով Ռուսիոյ։Անշուշտ ատրպէյճանցիները շատ լաւ ըմբռնած ու հասկցած են, որ ներկայ հանգրուանին չեն կրնար լայնածիր պատերազմ մը վերսկսիլ, որովհետեւ նման քայլ ուղղուած պիտի ըլլայ Ռուսիոյ։
Պաքուի իշխանութիւնները սակայն արդէն իսկ սկսած են հարցականի տակ առնելու տասնմէկ նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները եւ կը պնդեն, որ Հայաստան կը խախտէ զանոնք՝ Ղարաբաղի մէջ նոր ուժ կեդրոնացնելով։Ատրպէյճանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն բանբերները շեշտեցին, որ իրավիճակը անընդունելի է եւ ատրպէյճական բանակը համապատասխան քայլեր պիտի առնէ՝ կասեցնելու համար Արցախի մէջ հայկական նոր ուժերու տեղակայումը։
Ստեղծուած բաւական վտանգաւոր իրավիճակին մէջ նաեւ հաշուի պէտք է առնել Հարաւային Կովկասի մէջ թրքական ներկայութիւնը, որ միայն Զանգեզուրի միջանցք կոչուած հատուածով պիտի չբաւարարուի։Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան յստակօրէն նշեց, որ թուրքերուն նպատակը Երեւանն է։