Հ.Ե.Դ.-ի «Ղարիպ» Մրցանքը

0 0
Read Time:1 Minute, 45 Second
Շիքակօ «Արարատ» մասնաճիւղի ընկերները

Տարիներ առաջ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը մտայացած էր կազմակերպելու տարեկան դրութեամբ «Ղարիպ» Մրցանքը, որ կը յանձնուի տարեշրջանի լաւագոյն դաստիարակչական ծրագիր ունեցող մասնաճիւղին:
Այսպէս երկար դադարէ մը ետք, 2020-էն ի վեր վերստին կը գործէ այս ծրագիրը, կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Միութիւն Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Դաստիարակչական Խորհուրդին եւ Կեդրոնական վարչութեան:
Ի յիշատակ գրող, քաղաքագէտ, ազգային գործիչ եւ վաստակաշատ Հ.Յ.Դ.-ի անդամ Աւետիս Ահարոնեանի անուանուած է «Ղարիպ» մրցանքը: 1920-ին Փարիզի մէջ կատարուած Խաղաղութեան Համաժողովին, «Ղարիպ» Ահարոնեանն է, որ ստորագրեց Սեւրի Դաշնագիրը, ուր յստակօրէն կը նշուէին Ուիլսընեան Հայաստանի սահմանները եւ կը հաստատուէր ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի հեռանկարը:
Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Դաստիարակչական Խորհուրդը կը տեղեկացնէ, թէ 2020-ին
իւրաքանչիւր մասնաճիւղէ ներս, հետեւողականօրէն կատարուած են դաստիարկչական եւ կրթական գործունէութիւն:
Ստորեւ՝ կը ներկայացնենք այս գործունէութենէն որոշ բաժին մը:

Շիքակօ «Արարատ» մասնաճիւղը ցոյց տուած է թէ ինչքան կարեւոր կը գտնայ իր անդամներու կրթութիւնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի ղեկավարութեամբ, զանազան նիւթեր սորվեցան՝ Ամերիկահայութեան «Whiteness»-ի, կանանց դէմ բռնութեան, Լիզպոն 5-ի, ընկերվարութեան, եւ այլ նիւթերու մասին: Երկար զրոյցներ տեղի ունեցան ներկայացումներէն ետք, եւ ամէն անդամ մեծ հետաքրքրութեամբ բերաւ իր մասնակցութիւնը:
Յանձնախումբը նաեւ վարեց հայերէն լեզուի խօսակցութեան նիստեր, որ Շիքակոյի անդամները կարենան գործածել եւ զօրացնել իրենց մայրենի լեզուն: Յանձնախումբը նաեւ գործի լծեց անդամներ, որպէսզի իրենց կարգին դասախօսութիւններ ներկայացնեն:
Շնորհիւ յանձնախումբի կատարած աշխատանքին, Շիքակոյի անդամները ներշնչուեցան եւ կրկնակի խանդավառութեամբ կատարեցին իրենց գործերը: Մեծ հպարտութեամբ է, որ 2020-ին Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Դաստիարակչական Խորհուրդը «Ղարիպ» մրցանքի յիշատակի բաժակը կը յանձնէ Շիքակոյի «Արարատ» մասնաճիւղին, որ յանձնուեցաւ եւ շրջանի ներկայացուցիչ պատուիրակներուն, Հ.Ե.Դ. 87-րդ տարեկան պատգամաւորական ժողովին ընթացքին:

Յիշատակելի է, Ուստըրի «Արամ» մասնաճիւղի գործունէութիւնը, որ տպաւորեց Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Դաստիարակչական Խորհուրդը: Հակառակ փոքր գաղութ մը ըլլալուն, անոնք հետեւողական կերպով եւ բծախնդրութեամբ աշխատանք տարած են հետաքրքրական նիւթեր ներկայացնելով, որոնց կարգին իրենց շրջանի ամենահին գաղութը:

Յիշատակելի է նաեւ, Հարաւային Ֆլորիտայի «Արեւ» մասնաճիւղը, որուն անդամները երկու տարուան ընթացքին կրցած են մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրել:
Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Դաստիարակչական Խորհուրդը կը հաւաստիացնէ, թէ ընդհանուր առմամբ, հպարտ է շրջանի գործունէութեամբ եւ նոյն թափով կը շարունակէ իր աշխատանքը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles