Հալէպահայ գրող, հասարակական գործիչ եւ բժիշկ Թորոս Թորանեան 93 տարեկանին մահացաւ ,Երեւանի մէջ։ 1928-ին ծնած, Թորանեան հեղինակն է «Աստղերու Ճամբան» (1960), «Կանաչ Տառեր» (1965), «Անտալուզեան Երգեր» (1979), «Կարօտի Ճամբաներով» (1990), «Մեծ Հօրս Պատմած Հեքիաթները» (1992), «Թող Հայաստանը Խօսի» (1998), «Կեանքի Կեռմաններով» (1999), «Վաւա Եւ Սարգիս Խաչատրեան» (1983), «Ժամանակի Վկան Եւ Ապագայի Դեսպանը» (1990), «Անդրանիկ Ծառուկեան Արձակագիրն Ու Բանաստեղծը» (2000), «Ամբողջական Գրագէտը. Ռոպէր Հատտէճեան» (2002), «Զրոյցներ Կարպիս Սուրէնեանի Հետ» (2003), «Սիմոն Սիմոնեան Երեւոյթը» (2004) եւ այլ գործերու:
2012-ին Թորանեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով: Ան Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ էր եւ վերջին տարիներուն կը բնակէր Հայաստան: