0
0
Read Time:19 Second
ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Հայաստանի Տաւուշի մարզ եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախին եւ սփիւռքին առնչուող շարք մը խնդիրներ:
Տեղւոյն մարզային կեդրոնին մէջ, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Դաշնակցութեան Տաւուշի կառոյցի անդամներուն հետ, քննարկուեցան քաղաքական եւ կազմակերպական բնոյթի հարցեր: