ԱՆԳԱՐԱ․- Ապրիլ 24-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) անդամ Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ներկայացուց խորհրդարանին:
«Կոտորածէն փրկուած որբերէն մէկը իմ հօրենական մեծ հայրս էր: Այդ որբերը 106 տարիէ ի վեր արդարութիւն կ՛որոնեն: Հօրենական մեծ հայրս մահացաւ՝ առանց տեսնելու այդ արդարութիւնը: Երկրորդ սերունդը` հայրս, նոյնպէս մահացաւ` առանց արդարութեան հասնելու: Ես` իբրեւ Թուրքիա ապրող հայ, որ երրորդ սերունդի ներկայացուցիչ է, այդ արդարութիւնը կը փնտռեմ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։ Հայ ազգի ցաւը մենք պէտք է բերենք Թուրքիա․ հոս է, որ այդ ցաւը ծնունդ առած է: Մենք պէտք է առերեսուինք հայ ազգի ցաւին հետ եւ արդարութեամբ փարատենք այդ ցաւը», յայտնեց Փայլան, որ առաջարկեց նաեւ հանրային վայրերէն վերցնել այն գործիչներու անունները, որոնք մասնակցած էին Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման եւ իրագործման համար, ինչպէս նաեւ համապատասխան փոփոխութիւններ կատարել «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ: