Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն Կ’ողջունէ Պայտընի Ուղերձը եւ Կը Պահանջէ Զայն Վերածել Կայուն Քաղաքական Նախաձեռնութիւններու

0 0
Read Time:1 Minute, 9 Second

Մենք կ՛ողջունենք Նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնը` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին: Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դաշնակցային մակարդակի ընդունումը լուրջ պատասխանատւութեան յայտ է, ներառեալ բարոյական և գործնական պայմանագրային խոր պարտաւորութիւններ ստանձնելու առումով: Չափազանց երկար ժամանակ, իրար յաջորդող վարչակազմերը կ’օգտագործէին բառախաղային մտավարժանքներ՝ խուսափելու համար ցեղասպանութիւն եզրոյթէն և թոյլ տուած էին, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անոնց լռութիւնը վերածէ յանցաւոր անցեալը ուրանալու զէնքի մը։

Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը երկար ու քրտնաջան պայքար մղած է՝ հիմնաւորուած փաստարկներով և Հայ Դատի Յանձնախումբի արդիւնաւետ քաղաքական աշխատանքի միջոցով` լոյս սփռելու ճշմարտութեան վրայ և յաղթահարելու մեծապէս ֆինանսաւորուող թրքական քարոզչական մեքենան: Երկու տարիներու կարճ ժամանակամիջոցին Ա.Մ.Ն.-ի Քոնկրէսը հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, Քոնկրէսի գրադարանը փոխեց իր դասակարգումը «Հայկական Ջարդեր»-էն «Հայոց Ցղասպանութիւն» և այժմ Ա.Մ.Ն.-ի նախագահը վերջին գամը դրաւ ժխտման դագաղին: Ա.Մ.Ն.-ը այժմ պէտք է Նախագահի ուղերձը վերածէ կայուն քաղաքական նախաձեռնութիւններու, որոնք ուղղուած են վերջ դնելու արդարութեան հաստատման խոչընդոտող Թուրքիոյ ջանքերուն և թուրքերու ու հայերու հետ շփումներով յառաջանալ դէպի տարածաշրջանային կայուն խաղաղութիւն` հիմնուած Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի ճշմարիտ, արդար և համապարփակ լուծման վրայ:

Այժմ մեկուսացուած մնալով՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէտք է դադրեցնէ իր ժխտողական ​​արշաւը, ընդունի հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ահաւոր յանցագործութիւնը և սկսի մեղքերը քաւել։ Ընդունիլը, մեղանչելը և հատուցումը բոլորն ալ անհրաժեշտ են, որպէսզի վերջապէս կարենանք խաղաղ, արժանապատիւ և արդարութեան հաստատումով առաջ շարժիլ:

Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Հ.Յ.Դ. Հ.Ե.Դ. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Վարչութիւն
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles