ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Շաբաթ, Ապրիլ 1Ճ-ին, Կիրակամտից Ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութեան արարողութիւնը։
Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններուն արժանացան Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան, Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան։ Իսկ Վեհափառ Հայրապետին յատուկ արտօնութեամբ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանն ու Հոգշ. Տ. Պետրոս Մանուէլեանը Ծայրագնութեան աստիճանները պիտի ստանան իրենց ծառայած թեմերէն ներս։
Ապա, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդէն եկող պատգամը։Անդրադառնալով ներկայ կեանքի պայմաններուն՝ սրբազանը ըսաւ, որ այս օրերուն յատկապէս, երբ ամբողջ մարդկութիւնը տագնապներէ կ՚անցնի, մեր ժողովուրդը ու մեր եկեղեցին կարիքը ունին ո՛չ թէ խօսքին ճարտարութիւնը ունեցող անձերու, այլ համոզումը, հաւատքը, յանձնառութիւնը ու մանաւանդ խօսքը գործի վերածելու գիտակցութիւնը։ Իր քարոզի աւարտին, ձեռնադրիչ սրբազանը հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի իր Հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցէ նորընծայ ծայրագոյն վարդապետներուն։ Այս առիթով, Հայրապետը իր հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ եւ թելադրանքները փոխանցեց նոր աստիճանակիր հայր սուրբերուն։
*