Կարօ Արմենեան
Դեկտեմբեր 27, 2020
Կրկնե՛նք անգամ մը եւս։ Որքան ատեն, որ քննարկումը տեղի կ՚ունենայ խորհրդային ներքին սահմաններով ձեւաւորուած կեղծ աշխարհագրութեան տուեալներուն վրայ, հայկական կողմը անպայման տուժող պիտի հանդիսանայ Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմանի Յայտարարութեան կիրառման գործընթացին մէջ։ Հանճար ըլլալու պէտք չկայ այս պարզ ճշմարտութեան վերահասու ըլլալու համար։
Երբեմնի ԼՂԻՄ- ի եւ շրջակայ տարածքներու սահմանները ճշտուած են բոլշեւիկեան Մոսկուայի կողմէ բացէ ի բաց թշնամական դիտաւորութեամբ եւ շատը՝ Ստալինի ձեռքով։ Անոնք կը ծառայեն միայն մէկ բան իրագործելու։ Անոնք գծուած են Հայաստանն ու Արցախը յաւիտենապէս պատանդի կարգավիճակին մէջ պահելու միտումով։ Այդ սահմանագծերը հարազատօրէն կ՚արտայայտեն Կարսի Պայմանագրի թուրքեւբոլշեւիկեան յանցագործ ոգին։ Անոնց նպատակն է Հայաստանը վերջնականապէս զրկե՛լ իր կենսական տարածութիւններէն։ Զայն ընել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, յետոյ նաեւ Վրաստանի եւ անշուշտ գերադրաբար Մոսկուայի քաղաքական ստրուկը։
Երբ Փաշինեանի իշխանութիւնը մեքենական հետեւողականութեամբ — եւ շիլ տրամաբանութեա՛մբ — կ՚ընդունի խորհրդային ներքին սահմանագծերով առաջնորդուիլ Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմանի Յայտարարութեան կիրառման գործընթացին մէջ, ան ինքնաբերաբար կը նուիրագործէ հայ ժողովուրդին եւ հայ անկախ պետականութեան դէմ գործուած բռնի հայրենազրկումի թուրքեւբոլշեւիկեան քաղաքականութիւնը։ Իրենց հարիւր տարուան հեռաւորութենէն, Քեմալն ու Ստալինն են, որ նորէն լուծարքի կը նստին Հարաւային Կովկասի ռազմաբեմին վրայ ՝ հայ անկախ պետականութիւնը իր էութենէն պարպելու եւ զայն հալեցնելու եւ ի վերջոյ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու յստակ կանխամտածութեամբ։
Պատճառ մը կար, թէ ինչո՞ւ հայկական ուժերը ծով արեան գնով պէտք էր ազատագրէին բոլոր այն հայրենական տարածքները, զորս Փաշինեան նոյեմբերի 9-ին գաղտագողի յօժարեցաւ յանձնել թշնամիին։ 1994-ին, այդ տարածքները ազատագրելով նորանկախ հայ պետականութիւնը կը ձգտէր սրբագրել թուրքեւստալինեան անարդարութիւնը եւ վերահաստատել մեր երկրի աշխարհաքաղաքական լինելիութիւնը։ Հայոց հայրենիքը վերստի՛ն դնել աշխարհի քարտէզին վրայ, որպէս ինքնիշխան ուժ։ Զայն վերստի՛ն զինել ուժային խաղաքարտերով եւ զայն օժտե՛լ քաղաքացիական հպարտ եւ ամուր յենարանով։
ԱՅՆ ՎԱՅՐԿԵԱՆԻՆ, ՈՐ ԱՅԴ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԸ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԵՑԱՆ ԵՒ ՄԱՍ ԴԱՐՁԱն ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻՆ (SECURITY ARCHITECTURE), ԱՅԴ ՎԱՅՐԿԵԱՆԻՆ ԻՍԿ ԻՆՔՆԱԲԵՐԱԲԱՐ ԵՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆՕՐԷՆ ՋՆՋՈՒԵՑԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ԽՈՀ.Հ.ՐԴԱՅԻՆ ՆԵՐՔԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ։ ԱՅԴ ՓԱՍՏԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ ՍՏԱՑԱՒ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 5, 1994 ԹՈՒԱԿԻՐ ՊԻՇՔԵՔԻ (ԿԻՐԳԻԶԻԱ) ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐՈՎ, ՈՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԻՐԵՆՑ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴՐԻՆ ԵՐԵՔ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՂ ԿՈՂՄԵՐ ` ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ։ ՊԻՇՔԵՔԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՎԿԱՆԵՐՆ ԷԻՆ ՊԱՐՈՆԱՅՔ ԿՐԱՉՈՎ (ՌԴ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ), ՔՈԶԻՐԵՒ (ՌԴ ԱՐՏԳՈՐԾՆԱԽԱՐԱՐ) ԵՒ ՔԱԶԻՄԻՐՈՎ (ՅԱՆՈՒՆ ԵԱՀԿ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ)։ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵՑԱՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՄԵՏՈՎԻ ԿՈՂՄԷ ՄԱՅԻՍ 4, 1994-ԻՆ ԲԱՔՈՒԻ ՄԷՋ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԱՅԻՍ 10, 1994-ԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԶԻՆՈՒԺԻ ԸՆԴՀ. Հ.Հ.ԱՄԱՆԱՏԱՐ ՍԱՄՈՒԷԼ ԲԱԲԱՅԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԱՅԻՍ 11, 1994-ԻՆ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ։
Այդ օրն իսկ, Հայաստան եւ Արցախ ինքնաբերաբար հաստատեցին իրենց անվտանգութեան սահմանագիծը (նախայարձակ Ատրպէյճանի դէմ), որ այնուհետեւ ճանաչում ստացաւ որպէս «շփման գիծ» ենթարկուելով Ատրպէյճանի շարունակական ոտնձգութիւններուն եւ համաձայնագրի պայմաններու տեւական խախտումներուն։ Այդ օրինախախտումներն իսկ կու գան հաստատելու, որ նախկին խորհրդային սահմանները այլեւս գոյութիւն չունէին։ Իրականը անվտանգութեան սահմանագիծն էր, որ կը կարօտէր շուրջօրեայ վերահսկողութեան եւ միջազգային ուշադիր մշտադիտարկման։ Այս բոլորը լայնօրէն վաւերագրուած են եւ մաս կը կազմեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան թղթածրարներուն։
Այսօր, Պր. Փաշինեան – մոռնալով այս փաստերը — կը յամառի իր նահանջական քայլերուն համար արդարացում փնտռել նախկին խորհրդային սահմանագծերուն մէջ։ Իր այսօրուան հարցազրոյցի բովանդակութիւնը բարացուցական էր։ Իր թէզը կարելի է ամփոփել հետեւեալ չորս կէտերով։ (ա) Նախկին իշխանութիւններու օրով, Հայաստան արդէն իսկ ընդունած է Ատրպէյճանի յանձնել «գրաւեալ» եօթը շրջանները (սխա՛լ), (բ) Այդ կը նշանակէ, որ Հայաստան նաեւ ընդունած է այդ շրջանները յանձնել Ատրպէյճանի իրենց նախկին խորհրդային սահմաններով (սխա՛լ), (գ) Որեւէ այլ տարբերակ դուռ կը բանայ նոր պատերազմի…որուն պատրաստ չենք, եւ վերջապէս (դ) Երկիրը պէտք ունի կայունանալու…որմէ կը բխի այն միտքը, որ Հայաստան պէտք ունի նոր յարաբերութիւններ սկսելու Թուրքիոյ եւ նոյնիսկ Ատրպէյճանի հետ, որպէսզի կարենայ կայունութեան հասնիլ…Եւ վերջապէս՝ նկատի ունենալով այս իրականութիւնը, ըստ Փաշինեանի, ընդդիմութեան բոլոր հակաթէզերը կը ծառայեն հանրութիւնը ապակողմնորոշելու եւ ընտրական գործարքի։
Յայտնեմ անմիջապէս, որ Պր. Փաշինեանի թէզը բոլորովին անհիմն է եւ շատ հեռու՝ իրականութեան նորմերուն համապատասխանելէ։ Անկախ անոր առարակայական անճշտութիւններէն (որոնց մասին խօսած եմ իմ վերջին յօդուածներով), Փաշինեան իր թէզը կը հիմնէ մէկ մեծ ենթադրութեան մը վրայ։ Ան կը թուի առաջնորդուիլ այն թիւր համոզումով, որ մենք գործ ունինք բարեհաճ թշնամիի մը հետ…Այսինքն՝ «Կշտացո՛ւր Ալիեւը, կշտացո՛ւր Էրտողանը, (կշտացո՛ւր Նեթանեահուն) եւ կ՚ըստանաս քու երջանկութեանդ օրրանը…»։ Քաջ գիտնալով, որ մենք գործ ունինք անկուշտ թշնամիի մը հետ։
Փաշինեան բացարձակապէս կ՚անտեսէ թուրքեւԱտրպէյճանական համաթրքական մեծ ծրագիրը, որուն առաջին հանգրուանն է միայն 45-օրեայ պատերազմը, որուն նշաւակ դարձաւ մեր երկիրը։ Ալիեւ եւ Էրտողան փուճ հաճոյախօսութեամբ չէ, ո ր կ՚ըզբաղուէին, երբ վերջերս ի լուր աշխարհի կը յայտարարէին իրենց ծաւալապաշտ նպատակներուն մասին։ Ինչո՞ւ Հ.Հ. գործադիր իշխանութեան պետը կ՚որոշէ աչք գոցել այս բոլորին վրայ եւ հանրութեան աչքին ճօճել իր օդային թէզերը։ Շատ տագնապեցուցիչ հարցում մըն է ասիկա, որ իր համոզիչ պատասխանը կը փնտռէ…
Այդ ինչպէ՞ս է, որ Վարչապետը հնարաւոր կը գտնէ առանց առարկութեան թշնամիին յանձնել Սոթքի հանքավայրին կարեւոր մէկ մասը, Կապանի եւ Գորիսի եւ Արծուանիկի ռազմավարական մատոյցները, Շուռնուխ եւ Որոտան գիւղերը, Կովսականի եւ Սանասարի հայկական առաջնագծերը, Բերձորի եւ Մեղրիի անցքերը եւ այլ թանկագին մարտկոցներ միշտ համոզուած՝ որ մեր երկիրը — եւ յատկապէս Սիւնիքի պատուա՛րը — տակաւին կրնայ պահպանել իր էական պաշտպանունակութիւնը։ Ինչպէ՞ս կրնայ թոյլ տալ, որ Քեմալի եւ Ստալինի սահմանագծերը վերստին պարտադրուին մեր հայրենիքին՝ մեր ժողովուրդը հրելով անյատակ վհատութեան մը խորը։
Բարեբախտաբար գոյութիւն ունի տակաւին ընդդիմութեան կորովի ճակատը, որ քաղաքացիական անհնազանդութեան զանգուածային գործողութիւններով կը մերժէ ընթացք տալ իշխանութեան կողմէ նիւթուող այս գահավէժ անկումին։ Իշխանութիւնը, որ կը փորձէ ինքզինք մշտնջենաւորել, անկումային է իր բնոյթով եւ կը խորհրդանշէ մեր պարտութիւնը։ Մեր ժողովուրդը իրաւունք չունի պարտութեան այս քաղաքական լուծը ընդունելու։ Այն սահմանագծերը, որոնք կը պարտադրուին իրեն այս իշխանութեան կողմէ, մեր գերութիւնն են եւ մեր ամօթը։ Կարեւոր չէ, թէ քանի մեծամեծներ ստորագրած են Նոյեմբեր 9-ի պարտութեան փաստաթուղթը։ Այդ թերի եւ անարժանապատիւ փաստաթուղթը տեղ չի կրնար ունենալ մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ եւ չունի։ Հայ անկախ պետականութեան ազգային անվտանգութեան նորմերը մենք՝ ինքնե՛րս ենք, որ պիտի հաստատենք եւ անոնք ամրագրուած պէտք է ըլլան զինադադարի որեւէ համաձայնութեան մէջ։ Մեր երկրի անվտանգութեան սահմանագիծը չէ ճշտուած նոյեմբերի տխեղծ յայտարարութեան մէջ եւ հետեւաբար անկէ բխող որեւէ կարգադրութիւն ի սկզբանէ դատապարտուած է ձախողութեան։ Ան պիտի ձախողի, քանի որ անոր պայմանները բացայայտօրէն անողջամիտ են եւ անհեռատես։ Անոնք կը հարուածեն մեր ազգային գերագոյն շահերը եւ մեր արժանապատւութիւնը։ Իր լռոութեամբ, մեր ժողովուրդը այդ փաստաթուղթը արդէն իսկ շպրտած է երեք մեծամեծներու երեսին։ Եւ մի փորձէք մեր ժողովուրդին կամքը կոտրել նոր պատերազմի մը սպառնալիքը ճօճելով իր աչքերուն առջեւ։