0
0
Read Time:17 Second
ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Յ․Դ․ Հանրային Կապերու գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ուժերու հետ խորհրդակցութիւններու ծիրէն ներս, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հոկտեմբերի 17-ին հանդիպած է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ:
Այս տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի եւ Արցախի դէմ սանձազերծուած թուրք-ազրպէյճանական յարձակումի հետեւանքով յառաջացած իրավիճակը: