Հարցադրում` Հայաստանի Ազգային Արխիւներու Տնօրէն Դոկտ. Ամատունի Վիրապեանի Պաշտօնազրկման Առիթով

0 0
Read Time:1 Minute, 17 Second

Վերջերս Հայաստանի ազգային արխիւներու (Հ.Ա.Ա.) տնօրէն Ամատունի Վիրապեան հեռացուած է` Արդարադատութեան նախարարի հրամանով: Հակառակ անոր որ հարցին վերաբերող ամբողջական տեղեկութիւնները չունինք, սակայն կը զարմանանք տրուած պատճառին ի լուր: Կը նկատենք, որ Ամատունի Վիրապեանին չի վերագրուիր անձնական չարաշահում, եւ եթէ սխալ մը կատարուած է` դատարանին կողմէ հաստատուած չէ: Կը նկատենք նաեւ, որ քանի մը տարի առաջ որոշ անձերու կողմէ ճիգ ի գործ դրուեցաւ զայն պաշտօնէն հեռացնելու, եւ երկար քննութիւններէ ետք ամբաստանութիւնները անհիմն նկատուեցան: Ամատունի Վիրապեանը գող-աւազակի նման արագօրէն գործէն դուրս դրուիլը` նախարարութեան որոշումով, զարմանալի կը գտնենք, մանաւանդ որ անոր` թոշակի անցնելուն մնացած էր քանի մը ամիս:

Մենք` Հայաստանի Հայոց ցեղասպանութեան նախագահական մրցանակի յանձնաժողովի անդամներս, տասը տարիէ ի վեր կ՛աշխատինք Ամատունի Վիրապեանին հետ. առիթ ունեցած ենք չափելու եւ վայելելու մարդկային իր յատկութիւնները` ազնուութիւնը եւ պարկեշտութիւնը: Իբրեւ պատմաբան կամ արեւելագէտ առիթ ունեցած ենք նկատելու նաեւ, թէ ինչպէ՛ս Ամատունի Վիրապեան սրտանց եւ անձա՛մբ սատարած է իր հաստատութեան զարգացման, հակառակ բազմապիսի եւ բաւական դժուար պայմաններու. անդրադարձած ենք, թէ որքա՛ն դիւրացուցած է հետազօտողներուն գործը, օգնած է ուսանողներու` ըլլան անոնք Հայաստանէն թէ արտասահմանէն: Մէկ անգամուան համար իսկ նոյնիսկ դժգոհութեան շշուկ չենք լսած անոր մասին:

Մեզի համար անընդունելի է տեսնել այսպիսի կոշտ եւ անյարգալից վերաբերում տասնեակ տարիներ ծառայած անձի մը նկատմամբ: Կ՛ուզենք հաւատալ, որ անցեալի շրջանակներու աշխատելակերպի փոփոխութեան ձգտող նոր իշխանութիւնները ի վիճակի են զանազանելու ցորենը որոմէն եւ ատակ են պէտք եղած յարգանքը մատուցանելու Ամատունի Վիրապեանի նման արժանաւոր մարդոց:

ԴՈԿՏ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
(Քալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանի հայկական ծրագիրի տնօրէն )

ԴՈԿՏ. ՌԷՅՄՈՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
(Հետազօտութեան պատուաւոր տնօրէն` աշխարհաքաղաքականութեան
ֆրանսական կաճառին մէջ)

ՏՈՔԹ. ՓԻԵԹՐՕ ՔԻՒՉԻՒՔԵԱՆ
(Գրող եւ հրապարակախօս, Միլանօ – Իտալիա)

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles