Read Time:42 Second
Ընդհանրապէս պսակաձեւ ժահրին ստեղծած կացութենէն, յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակէն եւ մանաւանդ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջութեան նկատմամբ ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով, այս տարի Ս. Աստուածածնայ վերափոխման եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան զոյգ տօները դժբախտաբար տեղի չունեցան աւանդութիւն դարձած իրենց հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ, ինչպէս՝ ուխտի շաբթուան նուիրուած քարոզախօսութիւններ եւ աղօթասացութիւններ, ուխտերթ, մատաղի պատրաստութիւն եւ Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ Ս. Խորանին վրայ մատուցուող Ս. եւ Անմահ Պատարագը։
Կիրակի, Օգոստոս 16 -ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն էր Մայր Տաճարի լուսարարպետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան։
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ձեռամբ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որ կը բովանդակէ արտին երախայրիքը Աստուծոյ ընծայման խորհուրդը։
Վեհափառ Հայրապետին փափաքով, այս տարի փոխան մատաղի պատրաստութեան, Ս. Աստուածածնի ուխտի օրուան առիթով կատարուած նուիրատուութիւնները ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուին բարեսիրական հաստատութիւններու։