ՓԱՐԻԶ («Նուվէլ Տ՛Արմենի», «Նոր Յառաջ»).- Մայիս 3-ին, Գրիգոր Զօհրապի նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Իսի-լէ-Մուլինոյի շրջանէն ներս գտնուող փաստաբանական հիմնարկին մէջ:
Ընտրուած օրը կը զուգադիպէր Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան Բ. շրջանի թեկնածուներու հեռատեսիլէն վիճարկումի երեկոյթին: Հակառակ այս պայմաններուն, շուրջ հարիւր հոգի ներկայ էին արարողութեան, մեծամասնութեամբ փաստաբաններ, իրենց փաստաբանական տպաւորիչ սեւ համազգեստը հագած, որոնց առաջին կարգին Պալատին նախագահը՝ Ֆրետերիք Սիքար եւ փոխնախագահը Տոմինիք Աթթիաս։
Ֆրանսահայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու ընկերակցութիւնը իր անդամ-փաստաբաններով ներկայ էր, յաւելեալ՝ բազմաթիւ իրաւաբաններ, քաղաքական կարգ մը դէմքեր, որոնց կարգին Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինի, փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, Հօ-տը-Սէնի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեան՝ որ նախքան քաղաքական ասպարէզ մուտք գործելը եղած է փաստաբան, Հօ-տը-Սէնի ծերակուտական Ֆիլիփ Քալթընպախ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Փաստաբանական պալատի ֆրանսախօս փաստաբաններու միութեան նախագահ՝ Մարտուն Փանոսեան:
Փաստաբանապետ Սիքարի համար Զօհրապի տիպարի ընտրութիւնը ձեւով մը ինքզինք կը պարտադրէր:
Գրիգոր Զօհրապի յուշատախտակի քօղազերծման արարողութեան առթիւ՝ փաստաբանապետ Սիքար իր արտասանած ճառին մէջ ըսաւ.-
«Հայ ազգի բնաջնջումով՝ առաջին հերթին թիրախ ընտրուածներն էին այն կիներն ու այրերը, որոնք ո՛չ միայն խօսքի պաշտպաններ էին, այլ նաեւ՝ մշակոյթ, գաղափարներ եւ արժէքներ փոխանցողներ, բաներ որոնց շնորհիւ մարդը՝ մարդ կը դառնայ։ Փաստաբան եւ գրող Գրիգոր Զօհրապ կը հետապնդուէր, որովհետեւ կը պաշտպանէր քաղաքական բանտարկեալները։ Տասներեքամեայ աքսորէ մը ետք, 1908-ին ան վերադարձաւ Թուրքիա, Կոստանդնուպոլսոյ համալսարանին մէջ իրաւաբանութիւն դասաւանդելու համար։ Ընտրուեցաւ երեսփոխան եւ դարձաւ հայ քաղաքական ամենէն ծանօթ դէմքերէն մէկը։ Արդեօք այդ օրերուն անոր մտքէն կ՚անցնէ՞ր, թէ իր սեփական գերեզմանն իսկ կը փորէր։ Մինչ երեւելի բոլոր Հայերը ձերբակալուած էին, Զօհրապ որոշ չափով խնայուեցաւ. ան գնաց Թալէաթ փաշային քով, որու հետ որպէս հասարակաց եզր ունէր ազատ-որմնադրութիւնը։ Սակայն, այդ եղբայրութիւնը զուտ պատրանք էր։ 1915 Յունիսին Զօհրապ ձերբակալուեցաւ՝ տարագրուելու համար դէպի Հալէպ։ Բայց նախապէս դատուեցաւ Պատերազմական ատեանի մը կողմէ։ Ճամբուն վրայ, կառքը որուն մէջ կը գտնուէր ան՝ չերքէզ բանտարկեալներու կողմէ լարուած ծուղակը ինկաւ։ Այս յանցագործները վարչակարգին կողմէ ազատ արձակուած էին, որպէսզի զազրելի արարքներուն իրենց «նպաստ»-ը բերեն։ Գլխաւոր դահիճը այնուհետեւ վկայեց. Զօհրապը բռնեցի, գետին շպրտեցի եւ մեծ քարով մը գլուխը ջախջախեցի, մինչեւ որ մեռնի։ Յապաղած խոստովանութիւն մը, մինչ Թալէաթ փաշա Զօհրապի այրիին յայտարարած էր, թէ ամուսինը մահացած է յետ սրտի տագնապի մը. Թալէաթ նոյնիսկ բժշկական կեղծ փաստաթուղթ մըն ալ պատրաստել տուած էր։
Մեր կողմէ Գրիգոր Զօհրապի ընտրութեան պատճառը այն է, որ ան հանդիսացաւ առաջին նահատակներէն, որպէս՝ հասարակական ազատութիւններու պաշտպան։ Գիտէք, հասարակական ազատութիւններուն՝ նոյնիսկ Ֆրանսայի մէջ, նոյնիսկ հարիւր տարի ետք բացարձակապէս կարելի չէ եղած ամբողջութեամբ տիրանալ. կրնամ նոյնիսկ ըսել, որ անոնք խորապէս փխրուն դարձած են։ Երկու թեկնածուները, որոնք ներկայ պահուս կ՚առճակատին գերագոյն ատենակալութեան համար՝ հասարակական այս ազատութիւններու պահպանման մասին ոչ մէկ երաշխիք կու տան։ Այնպէս կը թուի, թէ իրաւունքի ընկերութեան գլխաւոր դերակատարը՝ փաստաբան ունենալու իրաւունքը անոնց աչքին դադրած է էութիւն ըլլալէ։ Աւելի քան տարի մըն է, Եւրոպայի խորհուրդի զօրակցութեամբ՝ կը պահանջենք որ այդ իրաւունքը արձանագրուի մեր Սահմանադրութեան մէջ։ Շա՞տ կ՚ըլլայ, եթէ պահանջենք, որ լրագրողներու ազատութիւնը, խորհրդարանականներու անձեռնմխելիութիւնը, դատաւորներու պաշտպանութիւնը, փաստաբաններու անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ արհեստավարժական գաղտնապահութիւնը եւս արձանագրուին։ Երկրին բարձրաստիճան ղեկավարները մշտապէս կը խուսափին այս հարցէն։ Թող լաւ գիտնան, որ պիտի շարունակենք իրենց դիմելու այս հարցով, որովհետեւ մենք ոչինչ կը մոռնանք։ Որովհետեւ անցեալի անփութութիւններու հետեւանքներէն ոչ մէկը պէտք է մոռնանք։ Որովհետեւ միջամտելու եւ անասելին խոստովանելու համար մեր ունեցած տատամսումներէն ոչ մէկը պէտք է մոռնանք։ Որովհետեւ ոչ մէկը պէտք է մոռնանք հետեւանքներէն մեր անձնասիրութեան՝ երբ կը կարծենք, թէ աշխարհ միայն մեզմով կը հետաքրքրուի։ Որովհետեւ ոչ մէկը պէտք է մոռնանք հետեւանքներէն մեր կուրութեան՝ երբ կը կարծենք, որ մեր ազատութիւնները յաւիտենապէս երաշխաւորուած են։ Այս բոլոր պատճառներով՝ այսուհետեւ յուշատախտակ մը պիտի վկայէ։ Եւ փափաքեցանք, որ վկայէ այն պահուն, երբ փաստաբանութեան ուսանողները կ՚երթան իրենց դասերուն։ Ոչ մէկ փաստաբան պիտի կարենայ իր դասին երթալ՝ առանց այս յուշատախտակը տեսնելու։ Այս տողերը պիտի վերյուշեն բոլոր անոնց, որոնք ունին ազատութեան, իրաւունքի ընկերութեան մը կառուցման տենչը եւ Ֆրանսայի նոր սերունդի բոլո՛ր փաստաբաններուն՝ պարզապէս չմոռնալ եւ հարց տալ. ո՞վ էր Գրիգոր Զօհրապ։ Ինչո՞ւ մահացած է։ Եւ ինչո՞ւ կ՚ուզեմ դառնալ փաստաբան։…Այս յուշատախտակին զետեղումով՝ իրականութեան մէջ կ՚արտայայտենք համաշխարհային բան մը. ան կը վերաբերի ամբողջ մարդկութեան փաստաբան ունենալու իրաւունքին։ Մեր երկրին մէջ եւ հարցը արծարծելը թող չհամարուի բանավէճ ստեղծել, վկայ կ՚ըլլանք անհատական ազատութիւններու յետադիմութեան, Աջին, թէ՝ Ձախին հետ։ Այս ուղղութեամբ վերջին միջոցը եղաւ նուազ քան 12 ժամ տեւող ձերբակալութիւններու վճիռին յանձնումը Պետական խորհուրդին։ Նշեալ պայմանաժամու պարագային, Պետական խորհուրդը կը դառնայ վերահսկող մարմինը։ Այդ պայմանաժամէն անդին՝ կը կիրարկուի սահմանադրական կարգը՝ դատական դատաւորը կը վճռէ։ Ինչպէս միշտ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պատրուակ կը ծառայէ ազատութիւններու սահմանափակման։ Մարդիկ կ՚ըսեն. Ես ահաբեկիչ չեմ։ Հետեւաբար այս միջոցներէն վախնալու պատճառ չունիմ։ Բայց պէտք է հասկնան, որ այդ միջոցները կը կիրարկուին բոլորի՛ն առանց բացառութեան եւ ոչ միայն՝ ահաբեկիչներուն։ Ոեւէ անհատ կրնայ կասկածեալ նկատուիլ քիչ թէ շատ ողջմիտ կամ ստուգուած պատճառներով։ Առանց փաստաբաններու պաշտպանութեան՝ քաղաքականութեան աշխարհը կրնայ դառնալ ազատութիւններու կալուածին նկատմամբ անզգայ։
Կարեւոր կը նկատեմ նաեւ ընդգծել, թէ այս յուշատախտակը խորապէս այժմէական է։ Քանի որ այսօր Թուրքիոյ մէջ կան ուրիշ Գրիգոր Զօհրապներ, ուրիշ փաստաբաններ, որոնք կը հալածուին, պարզապէս որովհետեւ կը կիրարկեն պաշտպանութեան իրաւունքները։ Այս յուշատախտակը զետեղելով՝ դուք կը հաստատէք ձեր զօրակցութիւնը այն մարդոց ու այն կիներուն, որոնք կը հալածուին՝ որովհետեւ անոնք այսօր կը պայքարին յանուն ազատութեան»։
Այս երեւոյթը շեշտուեցաւ բոլոր ատենախօսներու կողմէ, յատկապէս՝ Փաթրիք Տէվէճեանի եւ աւագ փաստաբան Հանրի Լըքլէրի։
Փաստաբանապետին խորհրդականը՝ Քրիսթիան Պրիւժըրոլ ընդգծելով Փաստաբանական պալատի այս նախաձեռնութեան խորհրդանշական տարողութիւնը, սոյն նախագիծին իրականացման գործընթացը ամփոփեց հետեւեալ տողերով. « Իսի-լէ-Մուլինոյի երեսփոխան-քաղաքապետ պարոն Անտրէ Սանթինիի հետ աշխատանքի ժողովէ մը ետք՝ պարոն փաստաբանապետը փափաքեցաւ կեանքի կոչել այս ծրագիրը, որ ծլած էր երկար ժամանակէ ի վեր, նոյնիսկ տիկին Քրիսթիան Ֆերալ-Շուլի փաստաբանապետութենէն առաջ։ Փաստաբան եւ պատժական իրաւագիտութեան դասախօս Գրիգոր Զօհրապ Ապրիլեան առաջին նահատակներէն եղաւ. իր ողբերգական ճակատագիրը ներշնչեց Փաստաբանական պալատը, որ որոշեց յուշատախտակ մը զետեղել որպէս անոր եղբայրակցական մեծարանք։ Այդ յուշատախտակին զետեղումը Փաստաբաններու պատրաստութեան դպրոցի ընդունարանին մէջ՝ կը ստանայ խորհրդանշական խոր իմաստ, այն առումով՝ որ ապագայ շրջանաւարտ բոլոր փաստաբանները զայն պիտի տեսնեն եւ անոր անունը պիտի պահեն իրենց յիշողութեան մէջ»։
Այս առթիւ Գրիգոր Զօհրապի ընտրութիւնը իբրեւ խորհրդանիշ, Փարիզի փաստաբաններու դպրոցի մուտքին որպէս մնայուն ներկայութիւն, ապագայ բոլոր փաստաբաններուն կը յուշէ հասարակական ազատութիւններու կարեւորութիւնը եւ առիթ կը դառնայ՝ հայ-ֆրանսական եղբայրական յարաբերութիւններու զարգացման նոր նուաճումի արտայայտութեան։
Այս երեւոյթը այլ կերպ ընդգծեց Վիրժինի Տիւշէն՝ Հայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու ընկերակցութեան նախագահը, նշելով՝ որ Մայիս 3-ը պատմական օր մըն է հայ-ֆչանսական կապերու սերտացման առումով. «Պարոն նախագահ, պատմական օր մըն է, որովհետեւ, ըստ իս՝ առաջին անգամ ըլլալով այսպիսի եղբայրական մեծարանք կը կատարուի մեր հայ գործընկերներուն, որոնք դաւադրաբար սպաննուեցան 1915-ին եւ որոնք հակառակ իրենց համոզումներուն ուրացումի ենթարկուեցան, ինչպէս Գրիգոր Զօհրապը»։
Յուշատախտակը կը կրէ «Եղբայրակցական մեծարանք՝ Գրիգոր Զօհրապին -փաստաբան, երեսփոխան, գրող եւ պատժական իրաւագիտութեան դասախօս եւ 1915-ի Ցեղասպանութեան սպաննուած բոլոր հայ փաստաբաններուն», արձանագրութիւնը։ Գրիգոր Զօհրապ նաեւ գլխաւոր տիպարն էր՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ժողովուրդներու եղբայրութեան, անոնց համակեցութեան պաշտպանութեան։ Անոր սպանութիւնը կը խորհրդանշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ժողովուրդներու համակեցութեան, խաղաղ գոյակցութեան վեհ գաղափարի սպանդը։