ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ ՆԻՍԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

Կիրակի,Ապրիլ 23-ին եկեղեցական պատարագին եւ նոյն պահուն Նիսի հայկական պարտէզին Ժարտէն տ՛Արﬔնիի հրապարակին նահատակ բժիշկ բանաստեղծ սրբացեալ Ռուբէն Սեւակի յուշարձանին շուրջ, Հայ Մշակութային Օճախի երիտասարդները կազմակերպեցին յիշատակի եւ բողոքի հաւաք։
Կէսօրէ ետք ալ Հայ Մշակութային օճախը կազմակերպեց ոգեկոչում
գեղարուեստական ասմունքի եւ երաժշտութեան տպաւորիչ յայտագիր, երեք երիտասարդ ասմունքող եւ երգող հայուհիներու եւ տուտուկահար Պերճ Մելքիսեթեանի բեմադրութեամբ կատարեցին Պարոյր Սեւակի անլռելի զանգակատուն Կոﬕտասի երաժշտութեան երգ – նուագով, մանուկներու երկսեռ երգչախումբին ելոյթով, բեմավարութեամբ Հայ Մշակութային օճախի նախագահուհի Մակի Պօշնակեան-Ճորճեանի։ Նիսի քաղաքապետին ներկայացուցիչը Օլիվիէ Րոպոն յայտագրէն ներշնչուած յարգանքի զգացումը յայտնեց հայութեան նպաստին համար։
Ապա, Ռուբէն Սեւակի յուշարձանին շուրջը հայ սկաուտ արենուշները առաջնորդութեամբ Սեւակ Ճորճեանի եւ Սօսի Շեխոյեանի մոﬔրով խաչ կազﬔցին, եւ աղօթք՝ Հոգեւոր Հովիւ Խաչատուր Ա. Քահանայ Պօղոսեանի առաջնորդութեամբ։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, Փրովանս Ալփ Քոթ Տ՛Ազիւր Շրջանին եւ Նիսի քաղաքապետութեան կազմակերպութեամբ, ներկայութեամբ Նիսի քաղաքապետ Ֆիլիփ Փրատալի եւ ընտրեալ պաշտօնական անձնաւորութեանց, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քայլերգներէն
ետք ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Նիսի զոհերուն յուշարձանին՝ ՛՛Մոնիւման Օ Մոր՛՛ին, ներկայ էին կրօնական պետերու ներկայացուցիչներ։ Նիս Քոթ Տ՛Ազիւրի հեռատեսիլի եւ մամուլի լրագողներ հարցազրոյց ունեցան քաղաքապետ Ֆիլիփ Փրատալի, Նիսի հոգեւոր հովիւ Տ. Խաչատուր Ա. Քահանայ
Պօղոսեանի եւ եկեղեցւոյ վարչութեան Ատենապետ Արթին Օքսայեանի հետ, որոնք սփռուեցան լուրերէն եւ լոյս տեսան յաջորդ օրուան օրաթերթերուն մէջ։
Երեկոյեան՝ Հարաւային Ֆրանսայի Նիսի Հայկական Կազմակերպութեանց Համակարգիչ Մարﬓին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն։ Քաղաքապետին ներկայացուցիչը Օլիվիէ Րոպոն եւ Հայկական Կազմակերպութեանց Համակարգիչ Մարﬓի Հարաւային Ֆրանսայի փոխ նախագահը Փաթրիք Մալաքեան՝ զաւակը շարժանկարի համաշխարհային ճանաչման տիրացած Հանրի Վերնէոյի, ծաղկեպսակ զետեղեցին Ռուբէն Սեւակի
յուշարձանին եւ ճառեր արտասանեցին։ Փաթրիք Մալաքեան ցաւ յայտնեց որ աւելի ﬔծ թիւով հայեր չեն մասնակցիր ոգեկոչմանց արարողութեանց, եւ դատապարտեց Սահմանադրական Խորհուրդի ժխտողականութիւնը պատժող օրէնքին չեղեալ նկատելու որոշումը։
Հուսկ, Տէր Խաչատուր Պօղոսեանի աղօթքի պահով՝ ներկաները երգեցին Հայր Մերը եւ ոգեկոչման ձեռնարկները աւարտեցան Տէր Հօր պահպանիչով։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles