Թրքական Ոստիկանութիւնը Գրաւեց «Պելկէ» Հրատարակչատունը

0 0
Read Time:42 Second

ՊՈԼԻՍ.- Շաբաթասկիզբին, Թուրքիոյ ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերը ներխուժեցին հանրածանօթ «Պելկէ» հրատարակչութեան գրասենեակը եւ գրաւեցին աւելի քան երկու հազար գիրքեր:
Հրատարակչատան հիմնադիր եւ տնօրէն, թուրք պատմաբան, եւ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըփ Զարաքոլու հաստատեց այս տեղեկութիւնը, տեղեկացնելով թէ, գիրքերուն գրաւման մասին դատական որոշում գոյութիւն չէ ունեցած, եւ ոստիկաններու գործողութիւնը անօրինական է:
«Պելկէ» հրատարակչատունը Թուրքիոյ մէջ առաջիններէն էր, որ 1990-ական թուականներու սկիզբը անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան: «Պելկէ» հրատարակչատան կը պատկանին «Յուշամատեան Ապրիլ 24-ի», «Հայոց ցեղասպանութիւն» եւ հայկական հարցին նուիրուած տասնեակ մը այլ գիրքեր:
«Պելկէ» հրատարակչատունը պարբերաբար ենթարկուած է յարձակումներու եւ մերթ ընդ մերթ ստիպուած եղած է դադրեցնել աշխատանքը:
Զարաքոլուի այս հրատարակչատունը, շուրջ քառասուն տարի չհրաժարելով իր ընդդիմադիր հայեացքներէն, գործած է Թուրքիոյ մէջ եւ զբաղած բազմաթիւ օտարալեզու պատմագիտական գիրքերու թրքերէն թարգմանութեամբ, ինչպէս նաեւ հրատարակելով թրքերէն հեղինակային գիրքեր, որոնք լոյս սփռած են Թուրքիոյ այլընտրանքային, պաշտօնական պատմագրութենէն դուրս մնացած անցեալի վրայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles