ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

0 0
Read Time:37 Second

Մեծն Ուաշինկթընի հայութիւնը, իր կարգին նշեց հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը: Երեք հարիւրի շուրջ հայորդիներ մասնակցեցան խաղաղ ցոյցի մը՝ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց: Լոզունքներով եւ պաստառներով, ցուցարարները պահանջեցին ճանաչում եւ հատուցում: Այս ցոյցին յաջորդեց նաեւ քայլարշաւ մը դէպի Հայաստանի դեսպանատուն, ուր ներկայ էր դեսպան Գրիգոր Յովհաննէսեան: Երկու երկիրներու քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, կատարուեցաւ պատարագ:
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ՝՝Համաստեղ՝՝ վարժարանի աշակերտները ներկայուցին փունջ մը բանաստեղծութիւններ եւ երգեր: Խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Աւագեան, որ շեշտեց այս աշակերտներն ու երիտասարդ սերունդն է որոնք պիտի շարունակեն Հայ Դատի սուրբ գործը:
Օրուան հանդիսավարն էր Քալին Թանաշեան որ բեմ հրաւիրեց Հայ Դատի Ուաշինթընի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեանը, ներկայացնելու օրուան պատգամը: Համբարեան շեշտեց թէ որքան աշխատանք կայ կատարելիք եւ այս գծով կոչ ուղղեց երիտասարդներուն, շարունակելու սուրբ գործը:
Աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles