ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՐԱԶԱՏ ՁԱՅՆՈՎ

0 0
Read Time:57 Second

dd

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հոլանտա

Շշմած, թմրած, նստած էի գետին եզերքը, ձախ ափս խոտին փակցուցած: Աջ ձեռքս՝ խնձոր:

Գետը անծանօթ էր, հեգնանքով կը վազէր, նաւակը՝ հին ու ծուռ երես, բադերը՝ օտար, շփացած. երկինքը՝ տարբեր կապոյտ էր կարծես…

Խած մը խածի խնձորէս. հը՜՜մմ, համով է, քիմքիս հարազատ. խնձորիս միացաւ արեւուն քաղցր ժպիտը:

Աչքիս ծայրովը նշմարեցի անծանօթի մը մօտենալը. չտեսնելու եկայ:

– Հ՜՜ոյյ, Hoi! -ըսաւ տիկինը բարձրաձայն (այս իրենց բարեւն է):

– Հ՜՜ոյյ,- ըսի:

Բարձրահասակ, նիհար, երկար դէմքով, կապոյտ աչքերով, ճերմակամորթ տեղացի մըն էր: Ձեռքը թուղթ մը կար, որ երկարեց ինծի, ըսելով.

– Այս երեկոյ հաւաքոյթ կայ մեր թաղը, կ’ուզէ՞ք միանալ մեզի:

Լեզուին լաւ չտիրապետելուս պատճառաւ կարճ-կտրուկ պատասխանեցի, շնորհակալութիւն յայտնեցի ու ըսի թէ, եթէ յարմար է՝ ինչո՞ւ չէ:

Ժպիտներու փոխանակումէն ետք հեռացաւ տիկինը, ու ես շարունակեցի մենիկ պահս, բայց հիմա կարծես փոխուած էր ամէն ինչ: Գետը բարեւելով կը ցատկռտէր, նաւակը հին էր, բայց գեղեցիկ ու իմաստուն, բադերը սկսան հետս խօսիլ, մտերմացանք, երկինքն ալ իմ գիտցած կապոյտիս դարձած էր:

Մէկ «Հ՜՜ոյյ» մը, անծանօթի տաքուկ ժպիտ մը փոխած էր աշխարհը գետէն մինչեւ երկինք:

Խնձորս ու արեւս նոյնն են, նոյն համը ու նոյն փայլքը ունին, այժմ եւ միշտ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles