Վերջերս, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, Ամերիկայի հայկական համագումարի՝ «Արմինիըն Ասեմպլի» հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Հրայր Յովնանեանին ուղղած է նամակ մը, որուն մէջ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը «պատմական» որակած է: Ան ընդգծած է, որ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը պէտք է ընթանայ առանց նախապայմաններու եւ խելամիտ ժամկԷտներու մէջ: Յառաջիկայ ամիսներուն մենք պիտի շարունակենք եռանդուն կերպով աջակցիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման», ըսած է Օպամա, որուն Նոյեմբեր 20-ի թուակիր նամակը յղուած էր, ի պատասխան «Արմինիըն Ասեմպլի»ի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ էջմիածնական թեմերու Սեպտեմբեր 9-ին Օպամային յղուած դիմումին:
Այս գրութեամբ, նամակագիրները իրենց աջակցութիւնը յայտնած էին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն՝ միաժամանակ յայտարարելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է Անգարան ստիպէ հրաժարիլ, այդ բանակցութիւնները Արցախի խնդիրով պայմանաւորելու փորձերէն:
«Ես կը հաւաստիացնեմ, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդները պէտք է ճանչնան անցեալի իրողութիւնները, որպէսզի յառաջ շարժելու անոնց ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին», շեշտած է նախագահ Օպամա: