ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

0 0
Read Time:1 Minute, 24 Second

p2-3 cՈւր­բաթ Նո­յեմ­բեր 20, 2009-ին, Ար­ցա­խի վար­չա­պետ Արա Յա­րու­թիւն­եան, իր հետ ըն­կե­րակ­ցող պատ­ուի­րա­կու­թեան հետ, պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կա­տա­րեց «Հայ­րե­նիք» (Ուա­թըր­թաուն, Մա­սա­չու­սէց):

Պատ­ուի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէ­ին Ար­ցա­խի թե­մի Բա­րեխ­նամ Առաջ­նորդ Պար­գեւ Սրբա­զան Մար­տի­րոս­եան, Նա­խա­գա­հի տե­ղե­կա­տուու­թեան վար­չու­թեան պետ Դա­ւիթ Պա­պայ­եան եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մօտ, Ար­ցա­խի լի­ա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեան: Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շրջա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի կող­մէ ներ­կայ էին ըն­կեր­ներ՝ Ժան Աւե­տիս­եան եւ Ճորճ Աղ­ճայ­եան:

Նշենք թէ, Նիւ Եոր­քի մէջ ալ Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շրջա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէ­էն պատ­ուի­րա­կու­թիւն մը, կազմ­ուած ըն­կեր­ներ Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եա­նէ եւ Հրայր Պա­րոն­եա­նէ, տե­սակ­ցած էր Ար­ցա­խի պատ­ուի­րա­կու­թեան հետ:

Եր­կու հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին ալ, քննարկ­ուե­ցան Ար­ցա­խի ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան իրա­վի­ճակը, Ար­ցախ-Սփիւռք կա­պե­րու զար­գաց­ման բնա­գա­ւառ­նե­րը եւ յատկապէս Հայ-թրքական արձանագրութիւններու գծով Արցախի ղեկավարութեան դիրքը: Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles