ՊՈԼԻՍ («Մարմարա»).- Ժողովրդային Կուսակցութեան երեսփոխան՝ Սելինա Տողան, փոքրամասնութիւններու վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւնները հարթելու նպատակով, Թուրքիոյ խորհրդարանին առաջարկ ներկայացուցած է՝ յայտնելով թէ Թուրքիոյ մէջ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու վարժարանները վերջին տարիներուն լուրջ հարցեր կը դիմագրաւեն։
Տողան շեշտած է, որ ցայսօր, ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու վարժարաններէն ո՛չ մէկը դիտուած էր որպէս առեւտրական շահերու վրայ հիմնուած վարժարան։ 1936ին կիրարկուած օրէնքով, այս վարժարանները եկամուտի եւ հաստատութիւններու տուրքերէ զերծ կացուցուած են։ Ան մատնանշած է, որ թէեւ կիրարկուած է այս օրէնքը, սակայն վերջին տարիներուն փոքրամասնութիններու վարժարանները մեծ դժուարութիւններ կ՛ապրին։
Հակառակ անոր, որ փոքրամասնութիւններու վարժարաններուն մէջ կրթական իրաւունքները՝ Լօզանի համաձայնագրի 40-41րդ յօդուածին հիման վրայ ապահովուած են, այս վարժարանները կը դիտուին որպէս առեւտրական հաստատութիւններ եւ անոնց դիմաց բազմաթիւ դժուարութիւններ կը յարուցուին։
Տողան իր ներկայացուցած գրութեան մէջ, ակնարկած է նաեւ ասորի ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ նիւթը եզրափակած՝ ըսելով, որ այս եւ նմանօրինակ դժուարութիւններու պատճառով, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները կրթական կեանքէն ներս, մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին։ Ան պահանջած է, որ խորհրդարանը այս նիւթը մանրամասնօրէն քննէ:
Read Time:47 Second