Հ.Օ.Մ.-ի Մասնակցութիւնը Ընկերային Յառաջդիմութեան Յանձնաժողովի 54-րդ նիստին

0 0
Read Time:45 Second

HOM
Ընկերային Յառաջդիմութեան Յանձնաժողովի (CSocD) 54րդ նիստը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 3-12, 2016-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնատեղւոյն մէջ։ Այս նիստին առաջնահերթ նիւթը պիտի ըլլայ` «Վերանայիլ ու զօրացնել ընկերային յառաջդիմութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ», որ կը միտի ստուգել տեւական յառաջդիմութեան միտող նորանոր կարելիութիւնները, եւ ձեւակերպել շօշափելի, յառաջամէտ քաղաքականութեան մղող յանձնարարութիւններ։ Ան կը միտի բացայայտել տեւական յառաջդիմութեան առընչուող ընկերային, տնտեսական եւ շրջապատային ազդակներու միջեւ ընթացիկ միջ-յարաբերութիւնները։
Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու յանձնախումբի ներկայացուցիչները նոյն ատեն, Փետրուար 1-2-ին, ներկայ պիտի ըլլան Քաղաքակիրթ Հասարակութեան ատեանի «Անհաւասարութիւններ եւ 2030 Օրակարգ՝ տեւական յառաջդիմութեան համար. վերանայիլ ու զօրացնել ընկերային յառաջդիմութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ» օրակարգի նիստերուն։
Իրենց գործունեայ մասնակցութեամբ, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու յանձնախումբի ներկայացուցիչները, իրենց գործնական մասնակցութեամբ, հիմնական առաջարկութիւններ պիտի ներկայացնեն Յանձնաժողովին՝ պարզաբանելու Ընկերային Յառաջդիմութեան Յանձնաժողովի եւ 2030 Օրակարգը, ինչպէս նաեւ ամրացնելու կապերը՝ կառավարութիւններու եւ հասարակութիւններու միջեւ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles