ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Դեկտեմբերի 30-ին, Արցախի Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանը, Հ.Յ.Դ. Արցախի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, «Հայրենիք» խմբակցութեան անդամներ այցելեցին սահմանագիծ, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ:
Պատգամաւորները այցելեցին կեդրոններ եւ ծանօթացան զինուորներու ծառայութեան եւ կենցաղային պայմաններուն:
«Իմ մեծագոյն երազանքը կապուած է որդուս հետ, որ պէտք է երկու ամսից լոյս աշխարհ գայ: Ես նրա ու բոլոր հայ փոքրիկների համար եմ այստեղ, որպէսզի նրանք խաղաղ երկնքի տակ ծնուեն ու մեծանան», նշեց պատասխանատու բանակային Վարդան Բաբուրեանը:
«Արցախի անվտանգութեան եւ անկախութեան գլխաւոր երաշխաւորը Պաշտպանութեան Բանակն է: Շնորհաւոր բոլոր ծառայողների Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը, թող գալիք տարին իր հետ բերի մեծագոյնը` խաղաղութիւն…», յայտնեց այլ զինուորական մը՝ Էտկար Առաքելեան: