ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՈԳԵ­ԿՈ­ՉՈՒ­ՄԸ… ԹՈՒՐՔ­ԻՈՅ ՄԷՋ

0 0
Read Time:11 Minute, 50 Second

p16 ist  ՊՈ­ԼԻՍ.- Հետզ­հե­տէ աւե­լի աղ­մուկ կը ստեղ­ծէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցը Թուրք­իոյ մէջ: Այս­պէս բազ­մա­թիւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ կը մաս­նակ­ցին այս հա­ւաք­նե­րուն:

Չո­րեք­շաբ­թի, Ապ­րիլ 24-ին ոգե­կո­չում­ներ կա­տար­ուե­ցան Պոլ­սոյ, Տիգ­րա­նա­կեր­տի, Տեր­սի­մի, Ան­գա­րա­յի, Ատա­նա­յի եւ Իզ­մի­րի մէջ:

Պոլ­սոյ մէջ կազ­մա­կերպ­ուած հան­րա­հա­ւաք­նե­րուն կա­րե­ւո­րա­գոյնն էր Սուլ­թա­նհա­մի­տի մէջ կա­յա­ցած հա­ւա­քոյ­թը, որուն ըն­թաց­քին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կող­քին յի­շա­տակ­ուե­ցաւ նա­եւ ասո­րի­նե­րու նկատ­մամբ գոր­ծադր­ուած ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Թուրք­իոյ Իս­լա­մա­կան գոր­ծե­րու թան­գա­րա­նի շէն­քին առ­ջեւ պարզ­ուած էին վեր­տա­ռու­թիւն­ներ, ուր կ՛ըս­ուէր, թէ 1915-ի իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն են եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն է: Հոն տե­ղադր­ուած էին նա­եւ Ապ­րիլ 24, 1915-ին ձեր­բա­կալ­ուած հա­յե­րու լու­սան­կար­նե­րը եւ անուն­նե­րը այն հա­յաբ­նակ գիւ­ղե­րուն, որոնք գո­յու­թիւն ու­նէ­ին 1915-էն առաջ եւ որոնց անուն­նե­րը փոխ­ուե­ցան հե­տա­գա­յին: Հա­ւա­քոյ­թը կազ­մա­կերպ­ուած էր Մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու միու­թեան, “Տուր-Տէ“ կազ­մա­կեր­պու­թեան, Շուէ­տի ասո­րի երի­տա­սար­դա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան, “Նոր Զար­թօնք“ հայ երի­տա­սար­դա­կան խմբա­ւո­րու­մին, Ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ: Մաս­նա­կից­նե­րը դի­տել կու տա­յին, որ Ապ­րիլ 24-ի գի­շե­րը ձեր­բա­կալ­ուած­նե­րը այս շէն­քին մէջ բան­տարկ­ուե­ցան եւ հոն­կէ ճամ­բայ հան­ուե­ցան դէ­պի մահ:

Քրտա­մէտ Խա­ղա­ղու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան Պոլ­սոյ նա­հան­գա­յին նա­խա­գահ Ալի Ռը­զա Պիլ­կի­լի ելոյթ ու­նե­ցաւ եւ ըսաւ, որ Թուրք­իոյ պատ­մու­թիւնը դժբախ­տա­բար սպանդ­նե­րով լե­ցուն է, եւ ցաւ յայտ­նեց, որ այդ սպանդ­նե­րուն մաս­նակ­ցած են նա­եւ քիւր­տեր. “Հի­մա պար­տա­ւոր ենք երես առ երես գա­լու այս սպանդ­նե­րուն հետ: Մենք, ներ­կա­յաց­նե­լով քիւրտ ժո­ղո­վուր­դը` կ՛ա­նի­ծենք այդ սպանդ­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ նե­րում կը հայ­ցենք հայ եւ ասո­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն“:

Տպա­ւո­րիչ ելոյթ մը ու­նե­ցաւ Մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու միու­թեան Պոլ­սոյ մաս­նա­ճիւ­ղի առաջ­նորդ­նե­րէն Էրեն Քես­քին, որ պա­հան­ջեց վերջ տալ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման, որ­պէս­զի ար­դա­րու­թիւն հաս­տատ­ուի: Ան ըսաւ, որ այս Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը վերջ տուաւ Անա­տոլ­ուի մէջ բո­լոր քրիս­տոն­եայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեան­քին: Ան ըսաւ, որ հա­յե­րու եւ ոչ իս­լամ­նե­րու նկատ­մամբ ատե­լու­թիւնն ու թշնա­մու­թիւնը այ­սօր ալ կը շա­րու­նակ­ուի. “Հա­յե­րը կեան­քի ապա­հո­վու­թիւն չու­նին, զի­նուոր Սե­ւակ Պա­լըք­ճըն այս մա­սին փաստ մըն է. հա­կա­ռակ անոր որ ան վայ­րա­գօ­րէն սպանն­ուե­ցաւ, դա­տա­րա­նը այդ սպա­նու­թիւնը ար­կած նկա­տեց“:

Քես­քին հրա­պա­րա­կաւ պա­հան­ջեց, որ ոչ միայն Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչց­ուի, այլ նա­եւ բռնագ­րաւ­ուած կալ­ուած­նե­րը վե­րա­դարձ­ուին, նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան վնաս­նե­րը հա­տուց­ուին եւ հա­յե­րուն վե­րա­դար­ձը ար­տօն­ուի դէ­պի իրենց մայր հայ­րե­նի­քը: “Այն­քա՛ն ատեն  որ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը չի ճանչց­ուիր եւ մենք դէմ յան­դի­ման չենք գար յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հետ, այս հո­ղե­րուն վրայ խա­ղա­ղու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նայ“, ըսաւ ան: Մինչ Է. Քես­քին կը խօ­սէր, ներ­կայ մը պո­ռաց. “Սուտ կը խօ­սիք: Թուրք ժո­ղո­վուր­դը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չի գոր­ծեր“: Այս մի­ջամ­տու­թեան վրայ կար­ճա­տեւ խառ­նա­կու­թիւն մը ստեղծ­ուե­ցաւ, ապա հան­րա­հա­ւա­քը շա­րու­նակ­ուե­ցաւ:

“Փե­րի“ հրա­տա­րակ­չա­տան տէր Ահ­մետ Էօ­նալ իր կար­գին եւս ըսաւ, որ Մի­ջին Արե­ւել­քի շարք մը ժո­ղո­վուրդ­ներ ոչն­չաց­ուե­ցան, որ­պէս­զի ձե­ւա­ւոր­ուի թուրք ազ­գա­յին պե­տու­թիւնը: “Ասի­կա ծրագր­ուած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն էր: Ժո­ղո­վուրդ­նե­րը իրա­րու դէմ գոր­ծած­ուե­ցան: Ես կը պա­խա­րա­կեմ նա­եւ այն քիւր­տե­րը, որոնք մաս­նակ­ցե­ցան հայ­կա­կան սպանդ­նե­րուն“, ըսաւ ան:

Ելոյթ մը ու­նե­ցաւ նա­եւ “Նոր Զար­թօնք“ խմբա­կին անու­նով Առ­նօ Գա­լայ­ճը, որ ըսաւ, թէ հա­յե­րու դէմ կա­տար­ուած զանգ­ուա­ծա­յին սպանդ­նե­րը սկսած էին ար­դէն 1894 թուա­կան­նե­րուն: Ան նշեց, թէ ու­րաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը շա­րու­նակ­ուե­ցաւ հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին եւս եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ինչ­քե­րուն մա­սին այ­լեւս ժա­մա­նա­կավ­րէպ դար­ձած օրէնք մը գոր­ծադր­ուե­ցաւ: Այս քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով, Անա­տոլ­ուի աշ­խար­հագ­րու­թիւնը մշա­կու­թա­յին ոչն­չա­ցու­մի են­թարկ­ուե­ցաւ, բազ­մա­թիւ լե­զու­ներ եւ մշա­կոյթ­ներ մահ­ուան դա­տա­պարտ­ուե­ցան: “Այ­սօր, եթէ հա­յե­րու, քիւր­տե­րու եւ թուր­քե­րու մի­ջեւ հաշ­տու­թիւն մը պի­տի կա­յա­նայ, ատի­կա պի­տի չի­րա­կա­նա­նայ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մով, այլ` ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­սա­րա­կաց պայ­քա­րով“, ըսաւ ան եւ պա­հան­ջեց, որ Թուրք­իա-Հա­յաս­տան սահ­մա­նը բաց­ուի, սփիւռ­քի հա­յե­րուն հայ­րե­նակ­ցա­կան իրա­ւունք տրուի, ըն­դուն­ուի, որ պա­տա­հա­ծը Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր եւ նե­րում հայց­ուի, ինչ­պէս նա­եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րուն անուն­նե­րը հրա­պա­րակ­ուին դա­սա­գիր­քե­րու մէջ եւ Թուրք­իոյ քաղ­քե­նիու­թիւնը հա­շիւ տայ 1915-ին յա­ջոր­դող բռնագ­րա­ւում­նե­րուն հա­մար:p16 taksimde-24-nisan-anmasi

Պոլ­սոյ մէջ ոգե­կո­չում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­եւ Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կին վրայ: “Պիա“ լրա­տու կեդ­րո­նէն տրուած տե­ղե­կու­թեան հա­մա­ձայն, հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ Թաք­սի­մի վրայ սգա­ցին ան­հե­տա­ցած հա­յե­րը: Ցու­ցա­րար­նե­րը կրե­ցին նա­եւ Հրանդ Տին­քի եւ Սե­ւակ Պա­լըք­ճըի լու­սան­կար­նե­րը:

Փրոֆ. Կեն­չայ Կիւր­սոյ իր ելոյ­թին մէջ ըսաւ, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը առա­ջին ան­գամ սկսաւ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­թեամբ: Այս կեր­պով, լռու­թեան մատն­ուե­ցան հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, որ­պէս­զի անոնք ոչն­չաց­ման պա­տա­հար­նե­րը չի­մաց­նեն արեւմտ­եան աշ­խար­հին: Քա­նի մը օր­ուան մէջ 2945 հայ ձեր­բա­կալ­ուե­ցաւ: Անոնց մի­ջեւ կա­յին երես­փո­խան­ներ, բա­նաս­տեղծ­ներ. այլ խօս­քով` ձեր­բա­կալ­ուե­ցաւ հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան “ու­ղեղ“-ը: Անոնք աք­սոր­ուե­ցան դէ­պի Այաշ եւ Չան­քը­րը, ուր առանց դա­տա­վա­րու­թեան` ձեր­բա­կալ­ուած­նե­րէն 761 հո­գի սպանն­ուե­ցաւ: Հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յեր, իրենց տունն ու գոր­ծը ձգե­լով` աք­սոր­ուե­ցան դէ­պի անա­պատ: Ճամ­բուն վրայ ոճ­րա­գործ­նե­րը սպանդ­ներ իրա­կա­նա­ցու­ցին աք­սոր­եալ­նե­րուն նկատ­մամբ: Ըն­տա­նիք­ներ բա­ժան-բա­ժան եղան, զա­ւակ­ներ որբ մնա­ցին ու չկրցան գտնել իրենց ըն­տա­նիք­նե­րը: Տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր­ներ հիւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով մե­ռան, շա­տեր ալ իրենց աք­սո­րա­վայ­րե­րուն մէջ սու­րէ անց­ուե­ցան: 20-րդ դա­րու առա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը իրա­կա­նա­ցաւ այս հո­ղե­րուն վրայ: 98 տա­րի ան­ցաւ, բայց ու­րա­ցու­մը կը շա­րու­նակ­ուի: Կը շա­րու­նակ­ուի նա­եւ հա­յե­րու դէմ թշնա­ման­քը: “Իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու հետ­քէն քա­լող­նե­րը 2007-ին Հրան­դը սպան­նե­ցին, 2011-ին ալ` երի­տա­սարդ Սե­ւա­կը: Այս սպանդ­նե­րը ծրագ­րող­նե­րը ազատ են եւ ասի­կա Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մին բնա­կան մէկ հե­տե­ւանքն է“, ըսաւ Կիւր­սոյ եւ յի­շե­ցուց, որ կա­յին նա­եւ թուր­քեր, որոնք իրենց կեան­քը վտան­գե­լով` հա­յեր պաշտ­պա­նե­ցին, թէ­եւ` անոնց թիւը քիչ էր:

Հա­ւա­քին դարձ­եալ ներ­կայ էին Ժո­ղո­վուր­դի փրկու­թեան կու­սակ­ցու­թե­նէն մօ­տա­ւո­րա­պէս 20 ան­դամ­ներ, որոնք լօզունգ­ներ ար­ձա­կե­ցին` “Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան “սուտ“-ը դա­տա­պար­տե­լու եւ անի­ծե­լու հա­մար Ամե­րի­կա­յի կայ­սե­րա­պաշ­տու­թիւնը“:

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցի ոգե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­ներ տե­ղի ու­նե­ցան նա­եւ Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ, ուր կա­յա­ցաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուիր­ուած հա­մա­ժո­ղով մը, որ­մէ ետք մաս­նա­կից­նե­րը գա­ցին դէ­պի Տիգ­րիս գետ եւ տա­սը կա­մար ու­նե­ցող կա­մուր­ջէն վար­դեր նե­տե­ցին դէ­պի Տիգ­րիս, որ արիւ­նով ողող­ուած էր 1915-ի կո­տո­րա­ծի օրե­րուն: “Պի­յա­նեթ“-ի կայ­քէ­ջը կը գրէ, թէ Տիգ­րա­նա­կեր­տի հա­մա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կերպ­ուած էր քա­ղա­քի փաս­տա­բան­նե­րու միու­թեան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին աջակ­ցու­թեամբ: Հա­մա­ժո­ղո­վի գլխա­ւոր նիւթն էր` “Տիգ­րա­նա­կերտ­ցի հա­յեր` տե­ղա­հա­նու­թեան տա­րե­լի­ցին“: Մաս­նա­կից­նե­րու կար­գին էր Լոն­տո­նի “Կո­մի­տաս“ հիմ­նար­կի տնօ­րէն Արա Սա­րաֆ­եան, որ ելոյթ մը ու­նե­նա­լով` ներ­կա­յա­ցուց, թէ ինչ­պէ՛ս պա­տա­հած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Սա­րաֆ­եան նշեց, որ միայն Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ 80 հա­զար հա­յեր կ՛ապ­րէ­ին 1915-էն առաջ եւ շեշ­տեց, թէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան նպա­տակն էր կայս­րու­թեան իս­լա­մա­ցումն ու թրքա­ցու­մը:

Նա­եւ, քիւրտ լրագ­րող Էր­թուշ Պոզ­քուրթ, որ Քրտա­կան աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ի նպաստ գոր­ծե­լու “յան­ցանք“-ով մե­ղադր­եալ­նե­րէն մէկն է, Ապ­րիլ 24-ին կա­յա­ցած դա­տա­կան նիս­տի մը ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց, որ այդ օրը հա­յե­րու կո­տո­րած­նե­րու տա­րե­լիցն է, եւ ինք ու իր ըն­կեր­նե­րը կը բաժ­նեն հա­յե­րու վիշ­տը:

Իզ­մի­րի ցոյ­ցը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ հա­կա­ռակ տե­սա­կէտ պաշտ­պա­նող խմբակ մը հա­կա­ցոյց կա­տա­րէ եւ ստեղ­ծէ կար­ճա­տեւ իրա­րան­ցում եւ բա­խու­մի մթնո­լորտ: Ոգե­կո­չու­մին հա­մար բազ­մու­թիւն մը հա­ւաք­ուած էր Իզ­մի­րի տօ­նա­վա­ճա­ռի դաշ­տի դրան առ­ջեւ: Ցու­ցա­րար­նե­րը կը կրէ­ին վեր­տա­ռու­թիւն­ներ, ուր գրուած էր. “Մի՛ մոռ­նար Ապ­րիլ 24, 1915-ը“, եւ ցու­ցա­րար­նե­րը հա­յե­րու ի նպաստ լօ­զունգ­ներ կ՛ար­ձա­կէ­ին: Այդ մի­ջո­ցին տօ­նա­վա­ճա­ռի դաշ­տին ու­րիշ մէկ դրան առ­ջեւ հա­ւաք­ուե­ցան Ժո­ղո­վուր­դի փրկու­թեան կու­սակ­ցու­թիւն կոչ­ուած կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­ներ, որոնք “Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան սու­տը“ գրու­թեամբ վեր­տա­ռու­թիւն­ներ պար­զե­ցին: Խմբակ­նե­րը դէմ դի­մաց եկան ու բա­նա­վէճ սկսաւ: Ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րը ան­մի­ջա­պէս մի­ջամ­տե­ցին ու իրար­մէ ան­ջա­տե­ցին եր­կու խմբակ­նե­րը եւ ո՛չ մէ­կը հսկո­ղու­թեան տակ առն­ուե­ցաւ: Ցու­ցա­րար­նե­րը դաշ­տէն հե­ռա­ցան առանց այլ մի­ջա­դէ­պի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles