ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Կիրակի, Ապրիլ 14-ին, Պոսթընի Հ.Յ.Դ. Սարդարապատ Կոմիտէի կազմակերպութեամբ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ի յիշատակ , Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղի գիւղապետ, Հ.Յ.Դ.-ի անդամ ընկ. Հրաչ Մուրատեանի, որ դաւադրաբար, սպաննուեցաւ Ապրիլ 2-ին:
Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Անդրանիկ Աւ. Քահանայ Պալճեան, ներկայութեամբ բազմաթիւ ընկերներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հայորդիներու: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ներկաները համախմբուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, ուր Պոսթընի Հ.Յ.Դ. Սարդարապատ Կոմիտէի կողմէ խօսք առաւ ընկ. Ասպետ Քոչիկեան: “Արմինիըն Ռիվիու“ի խմբագիր` ընկ. Քոչիկեան, ներկայացնելէ ետք, ընկ. Հրաչ Մուրատեանի կենսագրական գիծերը, ներկաներուն փոխանցեց հայրենասիրութեան եւ նուիրումի այն ուղին զոր կատարած էր նահատակ ընկեր Հրաչ Մուրատեանը: “Մեր ընկերոջ վրայ կրակած տմարդ ոճրագործը չմտածեց արդեօ՞ք թէ մեր հերոսի նուիրումին ու մարտունակութեան շնորհիւ` քանի հայորդիի կեանք փրկուած է Արցախի տարբեր բնակավայրերու մէջ“, ըսաւ Քոչիկեան: Ապա, ան անդրադարձաւ նահատակ ընկերոջ կատարած գործերուն մասին, որոնց շնորհիւ ան արժանացաւ իր համագիւղացիներու յարգանքին ու սիրոյ:
“Հրաչ Մուրատեանի արդար ու անշահախնդիր ծառայութեան շնորհիւ Պռոշեան գիւղը յաջողեցաւ լուծել բազմաթիւ ընկերային, կրթական ու այլ բնոյթի հարցեր, ինչպէս նաեւ այն տուն եղաւ հայրենիք վերադարձած բազմաթիւ հայորդիներու, որոնք այս գիւղին մէջ տեսան իրենց երազած հայրենիքի մէկ կտորը“,- եզրափակեց Քոչիկեան, յոյս յայտնելով որ հայրենի իրաւապահ համակարգը ամէն ճիգ կը թափէ այս յանցագործութեան հեղինակները բացայայտելու ուղղութեամբ: