ՀԱ­ՄԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ -ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ԳՐԱ­ԿԱՆ ԳՈ­ՀԱՐ­ՆԵՐ ԵՒ ԳԻ­ՆԻ

0 0
Read Time:16 Minute, 36 Second
Նիկըլս Առաքելեան, Նայիրի Զարեանի`  ``Հայոց Լեզուն`` Արի՛, եղբայր, փառաբանենք, մեր քաղցրաբառ  հայոց լեզուն, Արաքսի պէս միշտ կենդանի, Միշտ անսպառ հայոց լեզուն:
Նիկըլս Առաքելեան, Նայիրի Զարեանի` “Հայոց Լեզուն“
Արի՛, եղբայր, փառաբանենք, մեր քաղցրաբառ
հայոց լեզուն,
Արաքսի պէս միշտ կենդանի, Միշտ անսպառ հայոց լեզուն:

Ապ­րիլ 5, 2013: Անն­կա­րագ­րե­լի զգա­ցում­ներ առ­թող երե­կոյ մը Ուտ­սայ­տի Հայ Կեդ­րո­նին մէջ: Ու­րա­խա­ցա՞նք…ան­շուշտ, Յուզ­ուե­ցա՞նք…ի հար­կէ:  ՀՊԱՐ­ՏԱ­ՑԱ՞ՆՔ …եւ ի՜նչ­պէս: Մա­նա­ւանդ եւ ամե­նէն աւե­լի մեր Ամե­րի­կա­ծին Սե­րուն­դը լսե­լով:

Մա¬րի Բի¬ճէ¬մէն¬եան, Սի¬ա¬ման¬թո¬յի` ``Գիւ¬տին Փառ¬քը`` Մեսրո՜պ. հայ դարերու դիմաց կեցող`  Դուն ադամանդեայ ապառաժ.
Մարի Բիճէմէնեան, Սիամանթոյի` “Գիւտին Փառքը“
Մեսրո՜պ. հայ դարերու դիմաց կեցող`
Դուն ադամանդեայ ապառաժ.

Ար­դէն 34րդ տա­րին է, որ Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նի Գրա­կան Յանձ­նա­խում­բը կը կազ­մա­կեր­պէ այս ար­տա­սո­վոր ու դի­պուկ երե­կոն` “ԳՐԱ­ԿԱՆ ԳՈ­ՀԱՐ­ՆԵՐ ԵՒ ԳԻ­ՆԻ“: Հա­ճե­լի է բա­ժակ մը գինի­ով թուլ­ցած  հա­յե­րէն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ ունկնդ­րել, ներ­կա­յաց­ուած մեր նո­րա­հաս սե­րուն­դին կող­մէ: Անոնք հայ­կա­կան դպրոց­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ պա­տա­նի­ներ ու պար­մա­նու­հի­ներ են,  որոնք հի­մա կամ միջ­նա­կարգ դպրոց կամ հա­մալ­սա­րան կը յա­ճա­խեն եւ ծան­րա­բեռն­ուած են իրենց դա­սե­րով, եւ հա­մալ­սա­րա­նի բա­զում պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րով: Երբ “Այո“ կը պա­տաս­խա­նեն հա­մա­կար­գի­չով մեր ու­ղար­կած խնդրանք-“նա­մակ“ին, կը հրճուինք: Երբ պա­տաս­խան­նե­րը կ՛ու­շա­նան, կը հե­տապն­դենք երկ­րորդ “նա­մակ“ով ապա հե­ռա­խօ­սե­լով: Չենք ու­զեր խրտչեց­նել զի­րենք, կը հա­ւաստ­ի­աց­նենք որ մրցոյթ չէ, եւ գոց սոր­վե­լու պար­տադ­րանք չկայ: Միայն կը խնդրենք սա­հուն կար­դան: Ապա հե­ռա­խօ­սա­կա­պով կ՛օգ­նենք իրենց, բա­ցատ­րե­լով բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու բա­ռե­րու իմաստն ու շեշ­տե­րը: Ան­հուն հրճուանք էր երբ ինը ամե­րի­կա­ծին պար­ման-պար­մա­նու­հի­ներ  եւ երեք Հա­յաս­տան­ցի երի­տա­սարդ- երի­տա­սար­դու­հի­ներ հա­մա­ձայ­նե­ցան մաս­նակ­ցիլ:

Նիկոլ Մարք, Վահան Թէքէեանի`  ``Տաղ Հայերէն Լեզուի`` Զարմանալով թէ ինչպէ՜ս դուն  մնացիր, երբ սաստիկ Քամին  քու շուրջդ փչեց եւ տապալեց ամէն բան:
Նիկոլ Մարք, Վահան Թէքէեանի`
“Տաղ Հայերէն Լեզուի“
Զարմանալով թէ ինչպէ՜ս դուն մնացիր, երբ սաստիկ
Քամին քու շուրջդ փչեց եւ տապալեց ամէն բան:

Տա­րի­նե­րէ ի վեր զա­նա­զան թե­մա­ներ ընտ­րած ենք այս իւ­րա­յա­տուկ երե­կո­յին հա­մար: Հայ­րե­նի­քի սէր, մօր սէր, անձ­նա­կան սէր, եղեռն, հայ լե­զու…եւայլն: Այս տա­րի երե­կոն նուիր­ուած էր Հայ գրատ­պու­թեան  500-ամ­եա­կին:

Բա­ցու­մը կա­տա­րեց Հա­մազ­գա­յի­նի ատե­նա­պետ` Դոկտ. Արա Գաբրի­էլ­եան, բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լով ներ­կա­նե­րուն: Ան նշեց որ 34 տա­րի է, Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նը  այս ձեռ­նար­կը կը կազ­մա­կեր­պէ` քա­ջա­լե­րե­լու մեր պա­տա­նի եւ երի­տա­սարդ սե­րուն­դը որ հա­յե­րէն ըն­թեր­ցու­մով,  ծա­նօ­թա­նայ հայ­կա­կան  բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն` եւ  սի­րէ հա­յե­րէ­նը: Ապա հրա­ւի­րեց ընկհ. Ար­մի­նէ Մի­նաս­եա­նը` Գրա­կան Յանձ­նա­խում­բի խօս­քը փո­խան­ցե­լու:

 Արթուր  Իբէք, Մուշեղ Իշխանի`  ``Հայ Լեզուն`` Հայ լեզուն  տունն է Հայուն աշխարհի չորս ծագերուն… Հո՛ն է միայն որ կրնայ գտնել ամէն Հայ կրկին,   Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին..

Արթուր Իբէք, Մուշեղ Իշխանի` “Հայ Լեզուն“
Հայ լեզուն տունն է Հայուն աշխարհի չորս ծագերուն…
Հո՛ն է միայն որ կրնայ գտնել ամէն Հայ կրկին,
Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին..

Ընկհ. Ար­մի­նէ, նշեց որ “այս հո­գե­պա­րար ձեռ­նար­կի նպա­տակն է բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մի­ջո­ցաւ ծա­նօ­թաց­նել պա­տա­նի­նե­րին եւ հան­րու­թեան հայ գրա­կա­նու­թեան եւ մօ­տեց­նել մեր ար­մատ­նե­րին, հո­ղին ու ջրին: Հա­յը առանց Հա­յաս­տա­նի, առանց պատ­մու­թեան, առանց գրա­կա­նու­թեան ու հայ լեզ­ուի` կը կորց­նի իր ինք­նու­թիւնը: Այս տա­րի երե­կոն նուիր­ուած է Հայ տպագ­րու­թեան  500-ամ­եա­կին: Առա­ջին հայ գիր­քը տպագր­ուեց Վե­նե­տիկ 1512-ին, Յա­կոբ Մե­ղա­պար­տի ձե­ռամբ: (Որու նկա­րը մի­ա­ժա­մա­նակ ցու­ցադր­ուե­ցաւ լու­սա­պատ­կե­րով):  2012-ին Երե­ւա­նը Իւ­նէս­կօ-ի կող­մից ընտր­ուեց որ­պէս “Գրքի Մայ­րա­քա­ղաք“ Հայ տպագ­րու­թեան 500-ամ­եա­կին առ­թիւ“: Եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քը ընկհ. Ար­մի­նէ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն որ եկած են, քա­ջա­լե­րե­լու հայ գիրն ու հայ լե­զուն  եւ մա­նա­ւանդ մաս­նակ­ցող­նե­րը: Ապա ըն­թացք տուաւ յայ­տագ­րին:

Իւ­րա­քան­չիւր  բա­նաս­տեղ­ծի հա­մա­ռօտ կեն­սագ­րու­թիւնը ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ Հրանդ Մար­գար­եա­նի եւ Ար­մի­նէ Մի­նաս­եա­նի կող­մէ: Մի­ա­ժա­մա­նակ, պաս­տա­ռի վրայ լու­սա­պատ­կեր­նե­րով  (Power point)ով ցու­ցադր­ուե­ցաւ իւ­րա­քան­չիւր բա­նաս­տեղ­ծի նկա­րը, որը կը շա­րու­նակ­ուէր ցու­ցադր­ուիլ երբ մաս­նակ­ցո­ղը կ՛ըն­թեր­ցէր նոյն հե­ղի­նա­կէն ընտր­ուած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը:

Ստո­րեւ բա­նաս­տեղծ­նե­րու հա­կիրճ կեն­սագ­րու­թիւն­նե­րը:

Դալար Յովսէփեան, Ժագ Յակոբեանի` ``Մենք`` Մենք… Մենք…բուռ մը հող աշխարհի վրան` …. Մենք` Մեսրոպի՜ գիւտ… Մենք…քնա՜ր լեզու….   Մենք…սրախողխող Ապրիլ Քսանըչորս
Դալար Յովսէփեան, Ժագ Յակոբեանի` “Մենք“
Մենք… Մենք…բուռ մը հող աշխարհի վրան` ….
Մենք` Մեսրոպի՜ գիւտ… Մենք…քնա՜ր լեզու….
Մենք…սրախողխող Ապրիլ Քսանըչորս

 

ՆԱ­ՅԻ­ՐԻ ԶԱՐ­ԵԱՆ (1900-1969)- Ծնած է Վա­նի շրջա­նի` Խա­ռա­կո­նիս գիւ­ղը: Տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղծ, ար­ձա­կա­գիր, թա­տե­րա­գիր եւ հան­րա­յին գոր­ծիչ: 1915ին որ­բա­ցած կ՛ա­պաս­տա­նի Երե­ւան: Եղած է Գրող­նե­րու Միու­թեան նա­խա­գահ: Իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը Ֆա­շիզ­մի դէմ պայ­քար է` մար­տա­շունչ տո­ղե­րով: Զար­եան իր ամ­բողջ էու­թեամբ կապ­ուած է հայ ժո­ղո­վուր­դի  առօր­եա­յին, ստեղ­ծա­գործ ճի­գե­րուն, ու­րա­խու­թիւն­նե­րուն ու ցա­ւե­րուն, պայ­քա­րին ու յա­ռա­ջըն­թա­ցին:

 

 Թամար Սամուէլեան, Համաստեղի`  ``Հայու Ոգին`` …Մեր պապերու հնադարեան դպրութիւնն է ու  հին լեզուն… Մեսրոպի գերեզմանին ու երազին Այբ-բեն-գիմն է  Հայու ոգին

Թամար Սամուէլեան, Համաստեղի` “Հայու Ոգին“
…Մեր պապերու հնադարեան դպրութիւնն է ու
հին լեզուն…
Մեսրոպի գերեզմանին ու երազին Այբ-բեն-գիմն է
Հայու ոգին

 ՍԻ­Ա­ՄԱՆ­ԹՕ (1878-1915)- Բուն անու­նով Ատոմ Եար­ճան­եան: Ծնած է Ակն, Դիւ­ցազ­նա­շունչ բա­նաս­տեղծ է: Իր գրա­կա­նու­թեան յատ­կա­նիշ­ներն են` կո­տո­րած, բռնու­թիւն, ընդվ­զում ու վրէժ, յոյս եւ յու­սա­խա­բու­թիւն, հա­ւատք եւ հի­աս­թա­փու­թիւն: Ան կու­ տայ մեր ար­եան պատ­մու­թիւնը բուռն կեր­պով, ստեղ­ծե­լով ար­եան փո­թո­րիկ եւ մեզ­մէ ամէն մէ­կուն մէջ  ար­թուն պա­հե­լով մեր վրէժխնդ­րու­թիւնը եւ ընդվ­զու­մը թուր­քին բար­բա­րո­սու­թեան դէմ: Սի­ա­ման­թօ կը մնայ մեր յե­ղա­փո­խա­շունչ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­պայ­ծառ դէմ­քը: Նա­հա­տակ­ուած է 37 տա­րե­կա­նին 1915 թուա­կա­նին:

ՎԱ­ՀԱՆ ԹԷ­ՔԷ­ԵԱՆ(1878-1945)- Ծնած է Պո­լիս: Ու­նե­ցած է ու­շագ­րաւ ու­սուց­չա­կան եւ դաստ­ի­ա­րակչա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւն: Թէ­քէ­եան բա­նաս­տեղ­ծը, եղած է ամէ­նէն զուսպ, ամէ­նէն գա­ղա­փա­րա­կան սի­րոյ ար­տա­յայ­տիչ­նե­րէն մէ­կը: Խոր ապ­րու­մով գրուած իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը իր առանձնա­ցած հոգի­ին պատ­կերն է:  Իր ազ­գա­յին քերթ­ուած­նե­րը ամ­բո­խա­վա­րա­կան, հռե­տո­րա­կան եւ պո­ռո­տա­բան  քա­րոզ­չու­թիւն­ներ չեն: Ան չ՛ող­բար ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար մեր ազ­գի հա­մայ­նա­կան կսկիծն ու սու­գը, ու մեր ող­բեր­գու­թիւնը: Վա­հան  Թէ­քէ­եան, արեւմ­տա­հայ քեր­թո­ղու­թեան եւ Գե­ղա­պաշտ սե­րուն­դի ամե­նէն տի­րա­կան անուն­նե­րէն մէ­կը պի­տի մնայ:

Արթուր  Մարտիրոսեան, Համօ Սահեանի`  ``Հայոց Լեզու`` Կարող էինք ապրել անգամ առանց հողի, Բայց առանց քեզ ապրել չէինք կարող:
Արթուր Մարտիրոսեան, Համօ Սահեանի`
“Հայոց Լեզու“
Կարող էինք ապրել անգամ առանց հողի,
Բայց առանց քեզ ապրել չէինք կարող:

ՄՈՒ­ՇԵՂ  ԻՇ­ԽԱՆ (1913-1990)- Ծնած է Սիվ­րի­հի­սար` 1913-ին: Ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր որա­կով վերյայտ­նու­թեան սե­րուն­դի, ամե­նէն օժտ­ուած քեր­թող­նե­րէն եւ ար­ձա­կա­գիր­նե­րէն մէկն է, գրա­կա­նու­թեան մէջ: Հրա­պա­րա­կա­խօս, դա­սա­խօս, Խմբա­գիր: Հայ լեզ­ուի եւ Հա­յոց Պատ­մու­թեան ու­սու­ցիչ Հա­մազ­գա­յի­նի Պէյ­րու­թի Ճե­մա­րա­նին մէջ: Գրա­կան իր վաս­տա­կը կ՛ընդգր­կէ քեր­թո­ղու­թեան, ար­ձա­կի, թա­տե­րագ­րու­թեան  եւ գրա­պատ­մա­կան մար­զե­րը: Իր վաս­տա­կին  մէջ կը գտնենք կա­րօտ, երազ­ներ , ազ­նիւ տե­սիլք­ներ, հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն եւ նուի­րա­կան զգա­ցում­նե­րով ապ­րող բա­նա­տեղ­ծը:

ԺԱԳ ՅԱ­ԿՈԲ­ԵԱՆԾնած է 1917-ին, Երու­սա­ղեմ, ապա փո­խադր­ուած է Գա­հի­րէ: Այժմ կը բնա­կի Գա­լիֆորն­իա: Մի­ակ ողջ բա­նաս­տեղ­ծը այ­սօր­ուայ ցան­կէն: Բազ­մաշ­նորհ տա­ղանդ մըն է Ժագ Յա­կոբեան: Իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը  կը վկա­յեն որ հայ քեր­թո­ղու­թեան հա­ւա­տա­րիմ` սա­կայն զօ­րեղ ինք­նատ­պու­թեամբ եւ թար­մու­թեամբ յատ­կան­շուող բա­նաս­տեղծ մըն է ան: Ժագ Յա­կոբ­եան եր­գիչն է կեան­քի, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան եւ  ազ­գա­յին հպար­տու­թեան: Ան կը մնայ վե­րապ­րող Սե­րուն­դի ամե­նէն ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն  մին:

ՀԱ­ՄԱՍ­ՏԵՂ (1895-1966)- Բուն անու­նով Համ­բար­ձում Կե­լեն­եան, ծնած է Խար­բեր­դի Փեր­չենճ գիւ­ղը: Հա­մաս­տե­ղի գրա­կա­նու­թեան մէջ Գիւ­ղը շա՛տ հա­րա­զատ է շուն­չով ու կեան­քով, շա՛տ իս­կա­կան է ապ­րում­նե­րով ու իրա­կա­նու­թեամբ:1913-ին կը հաս­տատ­ուի Ա.Մ.Ն.: “Հայ­րե­նիք“ օրա­թեր­թին եւ “Հայ­րե­նիք“ ամ­սագ­րին մէջ կը հրա­տա­րա­կէ  պատմ­ուածք­ներ, որոնց են­թա­հո­ղը Հայ­րե­նի Հողն է: Իր գրա­կա­նու­թիւնը ամ­բող­ջու­թեամբ հող կը բու­րէ, եւ գիւ­ղագ­րա­կան է: Կը ճանչց­ուի, որ­պէս  Մեծ Գիւ­ղա­գի­րը: Հա­մաս­տեղ` պատմ­ուած­քի ամե­նէն տի­րա­կան դէմքն է 1920-1970 եր­կա­րող մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ:

Թալին Նիկտէլեան, Զահրատի` ``Մեսրոպաբոյր`` Ուր  որ ըլլան հողմացրիւ ուր որ գաղթեն -Վարդապե՛տ- Քու տառերդ ազատութիւն կը բուրեն:
Թալին Նիկտէլեան, Զահրատի` “Մեսրոպաբոյր“
Ուր որ ըլլան հողմացրիւ ուր որ գաղթեն -Վարդապե՛տ-
Քու տառերդ ազատութիւն կը բուրեն:

  ՀԱ­ՄՕ ՍԱՀ­ԵԱՆ (1914-1993)- Ծնած է Սիս­եա­նի` Լոր գա­ւա­ռը: Վա­րած է “Գրա­կան Թերթ“ի խմբագ­րի պաշ­տօ­նը: Հայ քնա­րեր­գու­թեան տա­ճա­րի ազն­ուա­գոյն քուր­մե­րէն` Սահ­եան իր տո­ղե­րուն մէջ, կը վե­րած­ուի իր ազ­գա­յին ու մարդ­կա­յին ինք­նու­թիւնը դրսե­ւո­րող ազ­դա­կի: Եւ յա­ճախ ՔԱՐՆ է, որ կը յայտ­նա­բե­րէ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ եւ զինք կը տա­նի մին­չեւ իր նա­խա­հայ­րերն ու ման­կու­թիւնը, ըն­թեր­ցո­ղին մաս­նա­կից դարձ­նե­լով հայ աշ­խար­հի քա­րէ պա­տա­րա­գու­մին: Սահ­եա­նի ԲԱ­Նի արա­րու­մին կի­զա­կէ­տը ՔԱՐՆ է:

ԶԱՀ­ՐԱՏԶԱ­ՐԵՀ ԵԱԼ­ՏԸԶՃ­ԵԱՆ (1924- 2007)- Ծնած է Պո­լիս, 1924-ին: Հա­զիւ քսան տա­րու, ինք­նատպու­թեան ցայ­տուն դրոշ­մով, սփիւռ­քի բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ ան­կիւ­նա­դարձ կը ստեղ­ծէ, ար­տա­սահ­ման­եան հայ քեր­թո­ղու­թեան բե­րե­լով նորու­թեան շար­ժու­մի, տո­կուն ու տի­րա­կան խա­րիս­խը: Ան հա­մա­մարդ­կա­յին բո­լոր խռովք­նե­րուն հետ է, գրկե­լով ար­դի մար­դուն տրտմու­թիւնը, զրկանքն ու տա­ռա­պան­քը: Իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­ներ հրա­տա­րակ­ուած են օտար գրա­կան պար­բե­րա­կան­նե­րու մէջ: Թուրք­իոյմէջ ապ­րող մի­ակ բա­նաս­տեղծն է որ կը յի­շատակ­ուի Լոն­տո­նի Բա­նաս­տեղծ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին Ալ­պո­մին մէջ:

Զահ­րատ` մեծ մըն է մեր նո­րա­գոյն­նե­րուն մէջ:

ՊԱ­ՐՈՅՐ ՍԵ­ՒԱԿ (1924-1971)- Ծնած է Արա­րա­տի շրջան, Հա­յաս­տան: Բա­նաս­տեղծ, մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ, գրա­կա­նա­գէտ, թարգ­մա­նիչ: Պա­րոյր Սե­ւա­կը յայտ­նի է իր հայ­րե­նա­շունչ-հայ­րե­նա­սի­րա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով: Անոր “Անլ­ռե­լի Զան­գա­կա­տուն“ը կը պատ­կե­րաց­նէ Կո­մի­տա­սի ճա­կա­տա­գի­րը եւ եղեռ­նի հե­տե­ւան­քով անոր հո­գե­կան ցնցու­մը` ապա` մա­հը: Վեր­ջա­բա­նը կը խորհր­դան­շէ հա­յու­թիւն-Հայ երգ-Կո­մի­տաս երր­եա­կի յա­րա­տե­ւու­թեան գա­ղա­փա­րը: Մա­հա­ցաւ 1971 ին ինք­նա­շար­ժի ան­յայտ ար­կա­ծով:

Աննա Բենեթ/Աւետիսեան Յ. Շիրազի` ``Հայոց  Լեզու`` Իրաւ քանի լեզու գիտես` այնքան մարդ ես` իրաւն ասին, Բայց որ քո հայ լեզուն չունես, էլ ի՞նչ յոյս ես քո Մասիսին: Եւ Պարոյր Սեւակի` ``Մայրենի Լեզու`` Դու մեր մեծ երթի գաւազանակիր,  Մեր ազնւութեան  գովասանակիր, Դու մեր սրբութիւն կնքուած Մեսրոպով,  Նարեկացիով օծուած ու իւղուած:
Աննա Բենեթ/Աւետիսեան Յ. Շիրազի` “Հայոց Լեզու“
Իրաւ քանի լեզու գիտես` այնքան մարդ ես` իրաւն ասին,
Բայց որ քո հայ լեզուն չունես, էլ ի՞նչ յոյս ես քո Մասիսին:
Եւ Պարոյր Սեւակի` “Մայրենի Լեզու“
Դու մեր մեծ երթի գաւազանակիր,
Մեր ազնւութեան գովասանակիր,
Դու մեր սրբութիւն կնքուած Մեսրոպով,
Նարեկացիով օծուած ու իւղուած:

ԳԷ­ՈՐԳ  ԷՄԻՆ (1919-1998)- Գէ­որգ Էմի­նը ծնած է Աշ­տա­րակ, Հա­յաս­տան: Եղած է գրա­կան հան­դէս­նե­րու թղթա­կից եւ խմբա­գիր: Ան, գիւ­տե­րու բա­նաս­տեղծ է: Գի­տէ տո­ղը, քերթ­ուա­ծը անս­պա­սե­լի խօ­սուն եւ զօ­րա­ւոր ձե­ւով եզ­րա­փա­կել: Գի­տէ անն­շան պատ­կե­րի մը մէջ, մու­ծել վիթ­խա­րի ոյժ ու­նե­ցող, յոյզ ու գա­ղա­փար: Էմի­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը կը կրեն կեան­քի եւ սի­րոյ վե­րա­բեր­եալ քնա­րա­կան խո­հեր, եւ թարգ­ման­ուած են զա­նա­զան լե­զու­նե­րու: Իր հայ­րե­նա­սի­րական փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան  պատ­մու­թիւն ներ­կա­յաց­նող ուր­ուա­գի­ծը, (սէ­նարի­օն) ար­ժա­նա­ցած է անդր­կով­կաս­եան, Երե­ւա­նի Ֆիլ­մե­րու մրցա­նա­կին:

 Վահագն Բուդաղեան, Գէորգ Էմինի` ``Սասունցիների Պարը`` Պարե՜ց Սասունն, ու ողջ աշխարհը հիացաւ ևՀալա՜լ է քեզ, Սասո՜ւն պարի՜…   պարի՜, մինչեւ ողջ Հայերին դու ամբարես, Եւ այս պարը  Մասիս լերան լանջի՜ն պարես… Եւ Յ. Շիրազի` ``Մենք Խաղաղ էինք`` Մենք խաղաղ էինք, մեր լեռների պէս,  Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ….  Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,   Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ

Վահագն Բուդաղեան, Գէորգ Էմինի` “Սասունցիների Պարը“
Պարե՜ց Սասունն, ու ողջ աշխարհը հիացաւ
ևՀալա՜լ է քեզ, Սասո՜ւն պարի՜…
պարի՜, մինչեւ ողջ Հայերին դու ամբարես,
Եւ այս պարը Մասիս լերան լանջի՜ն պարես…
Եւ Յ. Շիրազի` “Մենք Խաղաղ էինք“
Մենք խաղաղ էինք, մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ….
Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ

  ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ՇԻ­ՐԱԶ (1915- 1984)- Ծնած է Ալեք­սանդ­րա­պոլ հո­ղա­գոր­ծի ըն­տա­նի­քի մէջ: Հայ­րը կը սպանն­ուի 1920-ին, Հայ-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին: Որ­բա­նո­ցի մէջ մեծ­ցած է: Աւար­տած է Երե­ւա­նի Բա­նա­սի­րա­կան Հա­յոց լեզ­ուի գրա­կա­նու­թեան բա­ժի­նը: 1935ին, իր առա­ջին ծո­ղո­ված­ուին մէջ, կը դրսե­ւո­րէ հայ­րե­նի­քի, բնու­թեան եւ սի­րոյ զգա­ցում­նե­րը: Բնու­թիւնը իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մե­ծու­թիւն­նե­րէն է, իսկ սի­րա­յին տա­ղե­րուն մէջ դի­մած է սի­րոյ բա­զում նրբե­րանգ­նե­րուն` կա­րօտ, տրտմու­թիւն, երա­զանք, մեր­ժում, նե­րում, հաշ­տու­թիւն, եւլն: Մայ­րը`  աշ­խար­հի  յա­ւեր­ժա­կան ար­ժէք­նե­րու մէջ է, ինչ­պէս հայ­րե­նիքն ու բնու­թիւնը: Շի­րազ իր տե­ղը կը գրա­ւէ հայ­րե­նի­քի ան­մա­հու­թեան ու փառ­քի եր­գիչ­նե­րուն մէջ:

Ձեռ­նար­կի աւար­տին, ընկհ. Ար­մի­նէ ծա­նօ­թա­ցուց իւ­րա­քան­չիւր մաս­նակ­ցող` ըն­թեր­ցե­լով անոր շատ հա­մա­ռօտ կեն­սագ­րա­կա­նը (ո՞ւր ծնած է, ո՞ր հայ­կա­կան դպրո­ցը յա­ճա­խած է եւ ի՞ն­չով կ՛ըզ­բա­ղի ներ­կա­յիս): Ներ­կա­նե­րը լսե­լէ ետք անոնց յա­ճա­խած հա­մալ­սա­րան­նե­րը եւ կա­տա­րած ազ­գա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը, խան­դա­վառ­ուած  բուռն ծա­փե­րով գնա­հա­տե­ցին ու քա­ջա­լե­րե­ցին բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն Տիկ. Զար­մի­նէ Պօ­ղոս­եա­նին, որը նպաս­տեց այս երե­կո­յին` մեզ կա­պի մէջ դնե­լով  իր շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հետ: Եւ տե­ղին է յի­շել որ  մա­նակ­ցող­նե­րէն վե­ցը Սրբոց Նա­հա­տա­կաց Ամե­նօր­եայ Վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­ներ էին: Ու­նէ­ինք մէկ շրջա­նա­ւարտ Նիւ Ճըրզիի Նա­րեկ Շա­բա­թօր­եայ Վար­ժա­րա­նէն: (Բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րու վարձ­քը կա­տար):

Աստղիկ  Բուդաղեան, Յ. Շիրազի` ``Թագադրում`` Ելնեմ, բարձրանամ գահը լեռների`  գարնան թագաւոր ինձ թագադըրեմ Որ գարունները գան ու չգնան,  եւ գարունները ողջ թագաւորեմ… Եւ Յ. Շիրազի` ``Իմ Սուրբ Հայրենիք`` Իմ սուրբ հայրենիք, դու սրտիս մէջ ես, Դու սրտիս մէջ ես, ոչ լեզուիս վրայ, Իմ սրտի միջից թէ սիրտս ճեղքէն,  դրօշիդ բոցը պիտի հուրհրայ:
Աստղիկ Բուդաղեան, Յ. Շիրազի` “Թագադրում“
Ելնեմ, բարձրանամ գահը լեռների`
գարնան թագաւոր ինձ թագադըրեմ
Որ գարունները գան ու չգնան,
եւ գարունները ողջ թագաւորեմ…
Եւ Յ. Շիրազի` “Իմ Սուրբ Հայրենիք“
Իմ սուրբ հայրենիք, դու սրտիս մէջ ես,
Դու սրտիս մէջ ես, ոչ լեզուիս վրայ,
Իմ սրտի միջից թէ սիրտս ճեղքէն,
դրօշիդ բոցը պիտի հուրհրայ:

Ներ­կա­նե­րը շատ գոհ` “ին­չո՞ւ աւե­լի յա­ճախ այս­պի­սի երե­կո­ներ չէք կազ­մա­կեր­պէր“ կը հարց­նէ­ին: Իսկ ծնող­նե­րու ու­րա­խու­թեամբ կը յոր­դէ­ին սահ­ման երբ շնոր­հա­կա­լու­թիւն եւ գո­հու­նա­կու­թիւն կը յայտ­նէ­ին որ իրենց զա­ւակ­նե­րուն առիթ տրուե­ցաւ, հայ դպրո­ցէն սոր­ված հա­յե­րէ­նը այ­սօր գոր­ծա­ծե­լու:

Յանձ­նա­խում­բի ամիս­նե­րու փնտռտու­քը աւար­տած, յա­ջող ար­դիւն­քի հա­սած էր:  Ծնող­նե­րու յու­զու­մէն վա­րակ­ուած, կը ժպտինք յուզ­ուած ու մեր մտքին մէջ ար­դէն յա­ջորդ տար­ուայ ծրա­գի­րը կը պատ­րաս­տենք լռել­եայն:

Ան­դա­մու­հի

Նկար­նե­րը` ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles