Հայ Օգնութեան Միութեան “Մայր“ մասնաճիւղը բոլորեց իր աւանդական Անդամարշաւի 23րդ հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 17ին, ընկհ. Ռէյչըլ Նաճարեանի բնակարանէն ներս:
Անդամարշաւը կը հետապնդէ ստեղծել մտերմիկ ընկերային հաւաքոյթ մը , հանդիպելով հին ընկերուհիներուն եւ ծանօթանալով նորերու, նաեւ կազմակերպչական աշխատանքներուն առաւել թափ տալ եւ յաւելեալ լուսաբանութիւն ստանալ Հ.Օ.Մ.ի կառոյցին եւ աշխատանքներուն մասին:
“Մայր“ մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Անայիս Չոլաքեան բարի գալուստի խօսքով եւ տէրունական աղօթքով բացումը կատարեց անդամարշաւին: Ապա հրաւիրեց ներկաները ճաշի: Զանազան տեսակի համեղ ճաշերը պատրաստուած էին մասնաճիւղի ընկերուհիներուն կողմէ:
Ապա հիւընկալ ընկհ. Ռ.Նաճարեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց, ցուցաբերելով իր սէրն ու յարգանքը Հ.Օ.Մին: Ճաշէն ետք լուսապատկերներով եւ արդի լսատեսողական (power point) ոճով ներկայացուեցան Հ.Օ.Մ.ի մասին տեղեկութիւններ. որ ամենայն բծախնդրութեամբ պատրաստած էր ընկհ. Ժանէթ Մարգարեան: Ներկաները ծանօթացան Հ.Օ.Մ.ի կառոյցին եւ աշխարհասփիւռ գործունէութեան: Ընկհ. Մարգարեան շեշտեց որ, Հ.Օ.Մ.ը իր հիմնադրութենէն ի վեր, հայ որբերն ու կարիքաւոր երեխաները յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է: “Փրկել, պատսպարել, կերակրել եւ հայեցի դաստիարակութիւն տալ անոնց` Սերունդ փրկելով ԱՊԱԳԱՆ փրկելու միտումով: Փաստ` ի սփիւռս աշխարհի Հ.Օ.Մ.ին պատկանող ամենօրեայ դպրոցները, մանկամսուրները, մանկապարտէզները, երկրորդական վարժարանները: Աւելին, բոլոր գաղութէն ներս, Հ.Օ.Մ.ը կը հովանաւորէ եւ նիւթապէս կ՛օգնէ տեղական հայ դպրոցներուն: Պատանիներուն համար` Հ.Օ.Մ.ի փոխանակման ծրագիրը զանազան վայրերու ճամբարներուն միջեւ կը միտի ամրապնդել հայ պատանիներու կապը իրար հետ“, ըսաւ ան եւ նշեց նաեւ համալսարանականներուն ուսման յատկացուած կրթաթոշակներու կարեւորութիւնը: Ան յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հ.Օ.Մ.ի ընկերաբժշկական հիմնարկներուն, ծերանոցներուն, պատսպարաններուն եւ կազդուրման կայաններուն մասին:
Ան նաեւ տեղեկացուց 1990էն իվեր երկրաշարժի եւ Արցախեան պատերազմի հետեւանքով որբերու հովանաւորման ծրագրի եւ “Սօսէ“ մանկապարտէզներու ցանցին մասին: Ապա ընկերուհին ծանրացաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան գործունէութեան վրայ, նշելով “Youth Connect“ միօրեայ Սէմինարը, Ախուրեանի “Նիկոլ Աղբալեան“ դպրոցի վերակառուցումը եւ “Մօր ու Մանկան“ Ծննդատան հիմնադրութիւնը:
Այս տարի շատ յիշատակելի էր ներկայ հիւրերուն երեւոյթը, ունենալով տասը նոր երիտասարդուհիներ որոնցմէ ոմանք իրենց ծանօթացման պահուն ցուցաբերեցին հետաքրքրութիւն եւ պատրաստակամութիւն մաս կազմելու Հ.Օ.Մ.ին:
Այս հաճելի մթնոլոտէն խանդավառուած տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ մասնաճիւղիս ընկերուհիներուն կողմէ: Անդամարշաւի աւարտին ընկհ. Անայիս Չոլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ մասնաւորապէս հիւրընկալ ընկերուհիին, որը սիրով եւ ուրախութեամբ հիւրընկալեց ընկերուհիները իր տան մէջ: Ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին իրագործելով իր ծրագիրը` որն էր ծանօթանալ Հ.Օ.Մ.ի բազմաթիւ գործունէութեան:
ՄԱՐԻԱ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԵՓՐԵՄԵԱՆ
Read Time:2 Minute, 4 Second